Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Իտէալական Հացը Սպիտակուցային Ամբողջահատիկ Հացն Է

Լաւ հացը B խումբի վիթամիններու, ինչպէս նաեւ բջիջանիւթի աղբիւր է, որ անհրաժեշտ է աղիքներու լաւ աշխատանքին համար։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է սննդաբան Օլկա Տեքեր։

Անոր խօսքով՝ լաւ հացի մէջ կան նաեւ բարդ ածխաջուրեր, որ կ՛օգնեն անօթութեան զգացողութիւն չունենալու եւ կը նուազեցնեն քաղցրի հանդէպ հակումը։

Մասնագէտը նշած է, որ հաց ընտրելու ժամանակ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել անոր բաղադրութեան։ Կը յանձնարարուի նախապատւութիւնը տալ այն հացին, որ թխուած է երկրորդ «սորթ»ի կամ թեփահան ալիւրէն։

«Երկրորդ «սորթ»ի ալիւրի մէջ ութ առ հարիւրը թեփ է, հետեւաբար անիկա անհամեմատ աւելի մթագոյն է եւ օգտակար՝ առաջին «սորթ»ի ալիւրէն»,- ըսած է մասնագէտը։

Որքան հացին մէջ աւելի մեծ է սպիտակուցներու քանակը, այնքան աւելի լաւ է, իսկ ածխաջուրերը պէտք է աւելի քիչ ըլլան՝ 100 կրամին մէջ ոչ աւելի քան 40-50 կրամ։

Սննդաբանը նաեւ կը կարծէ, որ պէտք է խուսափիլ աւելի քան երկու շաբաթ պիտանիութեան ժամկէտ ունեցող հացէն, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ պահածոյացնող եւ խտացնող նիւթեր։ Ան կը յանձնարարէ գնել առանց թթխմորի հաց՝ պատրաստուած շիճուկով, ածիկով կամ մերանով։

«Ճիշդ հացի իտէալական տարբերակը տունը պատրաստուած սպիտակուցային ամբողջահատիկ հացն է»,- ըսած է Տեքեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ