Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Սննդականոնը Կրնայ Բարելաւել Իմացական/Ճանաչողական Գործունէութիւնները

MIND սննդականոնը կրնայ յատկապէս օգտակար ըլլալ տարեցներու համար եւ բարելաւել անոնց իմացական/ճանաչողական գործունէութիւնները: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Ռաշի համալսարանի բժշկական կեդրոնի հետազօտողները: MIND-ը կը միացնէ միջերկրածովեան սննդականոնի հիմքերը «հայփըրթէնշըն»ի դէմ սննդականոնի հետ (DASH):

Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած էին, որ MIND սննդականոնը կրնայ նուազեցնել «Ալզհայմըր»ի վտանգը: Նոր հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Journal of Alzheimer’s Disease-ին մէջ, գիտնականները յայտնած են, որ MIND սննդականոնին հետեւիլը հետագային բարելաւած է իմացական/ճանաչողական գործունէութիւնները։ Հետազօտողները հետեւած են 569 մասնակիցներու, որոնք ամէն տարի ճանաչողական քննութիւններ կատարած են։ 2004 թուականէն սկսած, մասնակիցները ամբողջացուցած են սնունդի վերաբերեալ հարցաթերթիկներ՝ նշելով, թէ ո՛րքան յաճախ անոնք ուտել կը փափաքին առկայ սնունդը:

«Մենք պարզեցինք, որ MIND-ի բարձր գնահատականը կապուած է յիշողութեան եւ մտածողութեան բարելաւուած ունակութիւններու հետ՝ անկախ «Ալզհայմըր»ի հիւանդութենէն եւ տարիքային ուղեղի այլ ընդհանուր «փաթոլոճի»ներէն: Կարծես թէ սննդականոնը պաշտպանիչ յատկութիւններ ունի եւ կրնայ նպաստել տարեցներու մօտ իմացական/ճանաչողական գործունէութիւններու բարելաւման»,-ըսած է հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակ տոքթոր Տանան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ