Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցուցադրութիւն. Կոմիտասի Գրադարանը

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպական ժառանգութեան օրերուն տեղի ունեցած ձեռնարկներուն կարգին ուշագրաւ էր սեպտեմբեր 25-ին «Կոմիտասի գրադարանը. եւրոպական լեզուներով գրականութիւն» խորագրով ցուցադրութեան բացումը՝ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկէն ներս, մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրը, որ այս տարի համընկաւ Եւրոպական ժառանգութեան օրերէն մէկուն:

Ցուցադրութիւնը անգամ մը եւս մէջտեղ բերաւ Կոմիտաս-եւրոպացին, հաստատեց այն իրողութիւնը, որ անմահ Կոմիտաս որքան որ կապուած էր հայկական ու արեւելեան մշակոյթին, երաժշտութեան, նոյնքան ալ ձուլուած էր եւրոպական արուեստին:

Հանրութեան առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Կոմիտասի՝ զանազան արխիւներէ ներս պահուող ամբողջական գրադարանը: Կոմիտաս իր կեանքին ընթացքին հարուստ գրադարան հաւաքած է, գիրքերուն մեծ մասը անոր արխիւին հետ պահպանուած է, սակայն գրադարանին մէկ մասը, այնուամենայնիւ, հանգամանքներու բերումով, կորսուած է:

Այս ցուցահանդէսը ժամանակակիցներու յուշերուն եւ վաւերագրերուն հիման վրայ նպատակ ունի վերականգնել նաեւ Վարդապետի գրադարանին այդ կորսուած մասը:

Նկատի առնելով Կոմիտասի ապրած կեանքը՝ քանի մը քաղաքներու մէջ, անոր հետաքրքրութիւններուն լայն շրջանակը եւ գիրքերուն հանդէպ ունեցած մեծ սէրը, կարելի է ենթադրել, թէ ինչ բազմազան գիրքեր հաւաքած է ան:

Մեծ երաժիշտին գրադարանը բաղկացած է հայերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, յունարէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, փորթուգալերէն գիրքերէ: Կը ներառէ նաեւ երաժշտական ներդաշնութեան (հարմոնի), ձայնամարզութեան, դաշնակային նուագակցութեան, գործիքագիտութեան, յօրինուածքի, խազաբանութեան, երաժշտական երկի ձեւի ու բովանդակութեան, խմբավարական արուեստի մասին ուսումնական ձեռնարկներ, երաժշտութեան պատմութեան նուիրուած աշխատութիւններ, երաժշտական բառարաններ, բազմաթիւ ամսագրեր՝ հրատարակուած Միջազգային երաժշտական ընկերութեան կողմէ։

Գեղարուեստական եւ մասնագիտական գիրքերը եղած են Կոմիտասի կեանքին անբաժան մասը, ան երկրէ երկիր տարած է իրեն հետ եւ գիրքերն են նաեւ, որ ընդլայնած են Կոմիտասի գործունէութեան բնագաւառները՝ հայ երգահանը, երգիչն ու երաժիշտը նաեւ երաժշտագէտ էր, ազգագրագէտ, խմբավար, բանահաւաք, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն:

Այս բոլորին զուգահեռ, անջատ տեղ կը գրաւէ Կոմիտասի եկեղեցական գործունէութիւնը, որուն վերաբերեալ նոյնպէս գիրքեր ժողված է ան: Գիրքերուն մեծ մասին մէջ Կոմիտասի ձեռքով կատարուած նշումներ կան, որ բազմակի արժէքաւոր կը դարձնեն անցեալ դարերէն մեր օրերը հասած գիրքերը:

Պէտք է նաեւ նշել, որ Կոմիտասի ոչ միայն գրադարանի նիւթերը, այլ ընդհանրապէս անոր արխիւը, ամբողջութեամբ կանոնակարգուած է, եւ Կոմիտասը այն բախտաւոր հայ մեծերէն է, որ ունի լիարժէք մշակուած արխիւ:

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի այս ցուցադրութիւնը նպատակ ունի հիմնարկէն ներս ձեւաւորել գրադարան-ընթերցասրահ եւ այցելուները, աշխատակիցներու հսկողութեամբ, հնարաւորութիւն կ՚ունենան օգտուելու Կոմիտասի գրադարանէն, իրենց ձեռքը առնելու անոր ձեռքին տակէն անցած գիրքերը, ամսագրերը եւ այլ թուղթեր: Այս բացառիկ ցուցադրութիւնը, թանգարանէն ներս, բաց կը մնայ մինչեւ 2022 թուականի յունուարի 24-ը:

Ցուցադրութեան պաշտօնական բացման օրը ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններ։ Անջատ ցուցադրութեամբ մըն ալ ներկայացուցած էին Հայաստանի մէջ եւրոպական լեզուներով տպագրուած գիրքեր:

Արժեւորելով Կոմիտասի ունեցած ներդրումը հայ երաժշտարուեստին մէջ, մասնագէտները բազմիցս փաստած են մեծ երաժիշտին ներդրումը նաեւ եւրոպական դասական երաժշտութեան, երաժշտագիտութեան եւ յարակից այլ ասպարէզներու մէջ: Եւրոպական զանազան քաղաքներու մէջ Կոմիտասի եւ եւրոպացի երաժշտագէտներու, արուեստագէտներու հանդիպումներուն մասին շատ խօսուած է: Բայց Կոմիտասի կեանքին մէջ կան ուշագրաւ այլ դրուագներ, թէ եւրոպացիներ այցելած են անոր նաեւ Պոլսո՛յ մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մեծ երաժիշտին արխիւէն հանելով կը թուայնացնէ անոր կեանքէն շատ քիչ ծանօթ դէպք մը, երբ ծագումով հրեայ ռուս մեծանուն երաժիշտ, փրոֆ. Միխայիլ Կնէսին Պոլսոյ մէջ կ՚այցելէ Կոմիտասին: Այդ մասին Կնէսին գրած է իր յուշագրութեան մէջ՝ «Հանդիպում Կոմիտասին հետ» խորագրով:

ԿՆԷՍԻՆ ԵՒ ԿՈՄԻՏԱՍ

Դէպի Պաղեստին կատարած իմ ուղեւորութեանս ժամանակ՝ 1914 թուականի յունուարին թէ փետրուարին ես եղայ Պոլիս: Այստեղ ես պատեհութիւն ունեցայ հանդիպելու նշանաւոր հայ երաժիշտ Կոմիտասին հետ:

Կոմիտաս իր կենդանութեան ժամանակ չէ ունեցած այն մեծ հռչակը, որուն արժանի էր ան իր ստեղծագործութեան շնորհիւ: Մասնաւորապէս Ռուսաստանի մէջ Կոմիտասին անունը քիչ յայտնի էր: Եթէ ես գիտէի անոր մասին, այդ ալ գլխաւորապէս անոր համար, որ իմ ամենավաղ ժամանակի աշակերտներէն մէկը եղած էր Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանը, որ յաճախակի կը յիշէր անոր անունը մեր զրոյցներուն ընթացքին:

Ես Պաղեստին կ՚ուղեւորուէի խնդրանքով խումբ մը մարդոց, որոնք կը հովանաւորէին Պաղեստինի մէջ հրեայ գաղութաբնակներու կողմէ բացուած երաժշտական դպրոցները եւ կը փափաքէին իմ կարծիքս տալ այդ դպրոցներուն մասին: Ես սիրով արձագանգեցի ինծի համար բոլոր տեսակէտներով հետաքրքրական այդ առաջարկին:

Հրէական հին «neqinoth» ձայնանիշերը հետազօտող Դ. Գ. Մագգիտը խնդրած էր ինձմէ Պոլիս բնակող, հայկական «խազեր հետազօտող» Կոմիտասէն մի քանի տեղեկութիւններ ստանալ: Նման հետազօտութիւններով (ինչպէս օրինակ հին դպրութեան ուսումնասիրութիւնը) զբաղող մարդոցմէ քիչեր սովորաբար գիտեն իրարու մասին: Դ. Գ. Մագգիտը գիտէր Կոմիտասի աշխատանքներուն մասին եւ նոյնիսկ գիտէր անոր Պոլսոյ հասցէն: Մագգիտը բազմակողմանի տաղանդի տէր ու գիտնական մարդ էր եւ ան չափազանց շատ բան ըրած էր բացայայտման բնագաւառէն ներս ձայնանիշերու, որոնցմով ծածկուած են հրեաներու Ս. Գիրքի բաղկացուցիչ գիրքերը: Անկէ ես գիտցայ, որ մինչեւ մեր ժամանակները բանաւոր աւանդոյթով հասած այս կամ այն «neginoth»ներուն համապատասխանող վաղեմի եղանակները (տաղերը) գոհացուցիչ չեն սաղմոսներու կատարման համար. գործածութեան մէջ գտնուող, գոյութիւն ունեցող եղանակները պարզապէս աւելի ուշ ժամանակաշրջանի ծագում ունին եւ կը պատկանին հրէական սինակոկի համար երաժշտութիւն ստեղծած երաժշտահաններու անհատական ստեղծագործութեան: Մինչդեռ նշանները, որոնցմով նշուած է սաղմոսներուն գիրքը, նոյնն են, ինչ որ Աւետարանի միւս մասերուն մէջ:

Մագգիտ յաջողած էր պատահաբար հանդիպիլ սաղմոսներէն մէկուն յարմարող աւանդական տաղերու:

Ամբողջին մէջ անոնց դերը սահմանելու համար անոր անհրաժեշտ էր պարզել համապատասխան եղանակներու փոխառընչութիւնը հայկական ձեւերուն: Մագգիտի ամբողջ յոյսը Կոմիտասի վրայ էր:

Ահա այսպիսի յանձնարարութեամբ ես ուղղուեցայ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը, ուր կը բնակէր Կոմիտաս: Սպասելու կարիք բոլորովին չեղաւ:

Կը յիշեմ այդ շէնքին բարձր ու ընդարձակ սրահները եւ ինծի տեսնելու դուրս եկող միջին տարիքի տէր, բարձրահասակ, գեղեցիկ ու ազնուաբարոյ մարդուն արտաքինը: Կարծեմ ան հագած էր եկեղեցական զգեստ մը, բայց ստոյգ չեմ յիշեր: Ան իմ վրաս միանգամայն աշխարհիկ մարդու տպաւորութիւն ձգեց:

Մենք անցանք զրոյցին: Կարելի էր եւ չյիշել, որ արեւելեան սովորութեան համաձայն մեզի թասերով սեւ սուրճ մատուցեցին: Կոմիտաս շատ լաւ ռուսերէն կը խօսէր: Գիտնալով, որ ես Ռիմսկի-Քորսաքովի աշակերտը եղած եմ, ան ինծի ըսաւ, որ մեծ համակրանքով լեցուած է այդ արուեստագէտին հանդէպ ու ցոյց տուաւ սեղանին վրայի նոթաներուն ու գիրքերուն կոյտը:

-Ռիմսկի-Քորսաքովի մի քանի երկերը եւ անոր ներդաշնակութեան դասագիրքը իմ սեղանիս գիրքերուն մաս կը կազմեն:

Հասկնալի է, որ ինծի համար չափազանց հաճելի էր լսել այդ մէկը: Բայց ես կը վարանէի երկար պահել անկասկած չափազանց զբաղած արուեստի այդ գործիչը ու անմիջապէս անցայ այն գործին շարադրման, որուն համար գացած էի: Նոյն պահուն ալ ես դառնութեամբ տեղեկացայ, որ Մագգիտի համար ես ոչինչ արժէքաւոր կրնամ տանիլ Պոլսէն: Կոմիտասին ըսելով՝ հրեաներուն քով, մանաւանդ Դաւիթի սաղմոսներուն եղանակները կը հանդիսանան համապատասխան երաժշտական ստեղծագործութեան աւելի ուշ ժամանակաշրջանի նմոյշներ եւ ամենէն մեծ չափով կը կրեն անհատական մշակման հետքը, իսկ աւելի վաղ շրջանի եղանակները կորսուած են:

Ինչպէս երեւեցաւ, հակառակ անոր որ Կոմիտաս հիմնականօրէն կը զբաղէր հայկական «խազերով», բայց լաւ ծանօթ էր նաեւ հրէական «neginoth»ներուն ու «աւետարանական հնչողութեան կանոնակարգի» ողջ բնագաւառին: Ան ինծի տուաւ հրէական նոթագրութեան նմոյշներու բացայայտուած օրինակներ, որոնք կատարուած էին մարդասէր Ռէյխլինի կողմէ: Այնուհետեւ գրադարակէն հանեց մեծ ու հետաքրքրական հատոր մը՝ նիւթեր՝ նուիրուած Նափոլէոնին զանազան փրոֆեսէօրներու կողմէ, որոնք մասնակցած էին անոր Եգիպտոսի արշաւախումբին: Այնտեղ կար նաեւ յօդուած մը՝ աւետարանական հնչողական կանոններու մասին՝ Եգիպտոսի հրեաներուն քով 19-րդ դարու սկիզբը՝ ձայնանիշային օրինակներով: Այդ բոլոր օրինակները ես արտագրեցի: Այդ հարցին մասին Կոմիտաս ըսաւ հետեւեալը.

-Ես հրէական «neginotհ»ներու համակարգը աւելի հին կը նկատեմ, քան՝ մեր «խազերը», որովհետեւ մեր երգերուն նմոյշները, ըստ միջին դարերուն կիրառուած նոթագրութեան նշաններուն, աւելի մեղեդային են, կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ անոնք կը կրեն թեքսթերուն յարմարեցուած ամբողջական մեղեդիներու բնոյթ, մինչդեռ հրէական աւանդական եղանակները զուտ արտասանական ծագում ունին: Այդ մէկը իսկական «accenfus՚a»ի զերծ մնացած նմոյշ է:

Այնուհետեւ Կոմիտասը ինծի պատմեց շատ հետաքրքրական բաներ «խազերու» վրայ կատարած իր աշխատանքին մասին, պարզապէս ուզելով հասկցնել, թէ հետազօտական աշխատանքը այդ բնագաւառէն ներս որքան դժուար է եւ որքան զգոյշ պէտք է ըլլալ՝ վերջնական եզրակացութիւններու մէջ:

-Երիտասարդ հասակէս ես ջանասիրութեամբ աշխատած եմ՝ ուսումնասիրելով մեր ձայնանիշերը: Այդ աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող գիրքը ես կարդացի Փարիզի մէջ՝ յատուկ ժողովի ընթացքին: Իմ աշխատութիւնս մեծ յաջողութիւն ունեցաւ եւ մրցանքի արժանացաւ: Բայց ես չդադրեցուցի աշխատանքս: Անցաւ մօտ քսան տարի ու ես յանգեցայ բոլորովին ուրիշ եզրակացութեան: Իմ նախնական եզրակացութիւններս հիմնուած են միայն մեր ձայնանիշերուն մէջ առկայ գծիկներուն ուղղութեան ուսումնասիրութեան վրայ, բայց յետագային պարզ դարձաւ, որ գիծի ամենանուազագոյն ստուարացումը նշանակութիւն ունի մեղեդիին բացայայտման մէջ: Ամէն ինչ եղաւ աւելի բարդ ու հարուստ, քան ես մտածած էի սկիզբը: Ես հաւատացած չեմ, թէ իմ կողմէս այստեղ բոլորը յայտնաբերուած են ու կը շարունակեմ աշխատիլ:

…Ես չեմ յիշեր այն ամէնը, ինչին մասին մենք խօսեցանք: Բայց ամէնին մասին ինչ եւ ինչպէս որ ան խօսեցաւ, ես զգացի լրջութիւնը գիտական կեդրոնացուածութեան, մեծութիւնը պայծառ գեղարուեստական ձիրքի եւ հմայքը մարդկային բարեացակամութեան: Մեր զրոյցը ծայր աստիճան աշխոյժ ու հետաքրքրական էր: Այնուամենայնիւ, պատրիարքարանի շէնքը քիչ մը կը կաշկանդէր զիս: Ես չէի գիտեր տեղին կ՚ըլլա՞ր հոն խնդրել Կոմիտասէն, որպէսզի իր ստեղծագործութիւններէն որեւէ մէկուն հետ զիս ծանօթացնէր: Իմ միտքէս անցաւ նոյնիսկ, թէ շրջապատողներուն համար «գաղտնիացուած» չէ՞ արդեօք անոր գործունէութեան աշխարհիկ մասը: Եւ աւելի նուազ յարմար գտայ առաջարկել անոր այստեղ ծանօթանալու իմ աշխատանքներուն ու այս կամ այն ձեւով արտայայտուելու անոնց մասին:

Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնա՞ր մտածել, որ աշխարհը ահաւոր պատերազմի նախօրեակին կը գտնուի եւ մի քանի ամիս ետք հայ ժողովուրդի համար պիտի սկսի զարհուրելի ողբերգութիւնը, եւ որ ինծի այնքան սիրալիր ընդունող ու իմ հետս բարեկամաբար զրուցող Կոմիտաս-երաժշտահանի ու հետազօտողի ստեղծագործական միտքերը վերջինը պիտի հանդիսանային:

Միայն շատ ուշ, ես ծանօթացայ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն՝ համոզուելով թէ ինչպիսի՞ մեծ երաժշտահան ու տաղանդ, երաժշտական համադրութեան ինչպիսի՞ ինքնատիպ ու հետաքրքրական վարպետ մը եղած է ան եւ որքա՞ն մեծ է անոր դերը 20-րդ դարու հայկական երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ:

Իմ աչքերուս առաջ տեղի կ՚ունենայ անոր ծաղկումը ու ինծի համար հաճելի է գիտակցիլ, որ ես գիտէի նորագոյն հայկական երաժշտական մշակոյթի մեծ հիմնադիրներէն մէկը, որ ինծի վիճակուեցաւ բարեկամական յարաբերութիւններու մէջ գտնուիլ անոր ներկայացուցիչներուն հետ աւելի ուշ ժամանակաշրջանին եւ ըլլալ կրտսեր սերունդի ամենաակնառու հայ երաժշտահաններու բարեկամն ու ղեկավարը:

ՀԱՄԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի օր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջ գտան Եւրոպական ժառանգութեան օրերը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ «Համընդգրկուն ժառանգութիւն» խորագրով:

Միջոցառումներուն մեկնարկը տրուեցաւ սեպտեմբերի 25-ին՝ Ախուրեան գետի ձախ ափին գտնուող Երերոյքի պատմական տաճարէն ներս՝ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի եւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հոգեւոր-դասական համերգով:

Այս տարուան եւրոպական ժառանգութեան օրերուն հայաստանեան եւ արցախեան աւելի քան հարիւր մշակութային կազմակերպութիւններ իրենց յարկին տակ հիւրընկալեցին այցելուներ, կազմակերպուեցան օրուան խորհուրդին համահունչ բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ հոգեւոր համերգներ, տեսանիւթերու եւ կարճ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, քայլարշաւներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, կրթական, շարժուն ծրագրեր, հանդիպում-քննարկումներ, դասախoսութիւններ, պեղումներ եւ այլն:

Եւրոպական ժառանգութեան օրերը կը կազմակերպուին ամէն տարի՝ Եւրոպական մշակութային պայմանադրութեան միացած յիսուն եւրոպական երկիրներու մէջ: Ծրագրին իրականացման մտայղացումը 1984 թուականին ծագած է Ֆրանսայի մէջ՝ «Պատմական յուշարձաններու բաց դռներու օր» խորագրին տակ, իսկ «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» ծրագիրը պաշտօնապէս հաստատուած է Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ 1991 թուականին, իսկ 1999 թուականին ծրագրին միացած է նաեւ Եւրոմիութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը սկսած է իրականացուիլ «Եւրոպա. միասնական ժառանգութիւն» կարգախօսով:

Տարեկան աւելի քան 70 հազար մշակութային միջոցառում կ՚իրականացուի ողջ Եւրոպայի տարածքին, ա՛լ աւելի բարձրացնելով հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը Եւրոպական ժառանգութեան վերաբերեալ, ընդգծելու անոր բացառիկութեան եւ բազմազանութեան, շարունակական պահպանութեան կարեւորութիւնը:

«Ժամանակ»/Պոլիս
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ