Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մատնանշումներ Արցախի Եւ Հայաստանի Գոյավիճակի Մասին

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Արցախի ինքնապաշտպանութեան աշնանային 44 օրերու նորագոյն ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 10, 2020-ին, երբ Ռուսական Դաշնութեան զօրքերու միջամտութեամբ զինադուլ պարտադրուեցաւ ազերի եւ հայկական բանակներուն։

Ատրպէյճանի գրաւած եւ անոր վերադարձուած 5 առաւել 2 շրջանները շուրջ 70 առ հարիւրը կը կազմէին Արցախի հողամասերուն։ Ասոնցմէ Քելբաչարի, Աղտամի, Ղազախի ու Լաչինի շրջանները յանձնուեցան Նոյեմբեր 15-էն Դեկտեմբեր 1, զինադուլի կնքումէն ետք, առանց որ թշնամին գրաւած ըլլար զանոնք։


1994 Մայիս 12-ի զինադադարին, հայկական բանակին կողմէ գրաւուած հողատարածքին մեծ մասը, առաջին օրէն ապօրինի գտնուելով ՄԱԿ-ին կողմէ, հետեւողականօրէն պահանջուած է անոնց վերադարձը Ատրպէյճանի։

Յունուար 6, 1992-ին, Արցախի նորընտիր կառավարութիւնը ճանաչման դիմում կատարեց ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ՝ անկախ երկիրներու դաշնակցութեան։ ՄԱԿ-ի անդամ որեւէ երկիր, նաեւ OSCE-ի անդամ երկիրները եւ Մինսքի Խորհուրդը, մինչեւ այսօր  պաշտօնական ճանաչում չեն տուած Արցախի անկախ հանրապետութեան։

Այսուհանդերձ, Արցախի ներկայացուցիչները մասնակցած են OSCE-ի կարգ մը նիստերուն, մինչեւ 1994 Դեկտեմբերի Պուտափեշտի հանդիպումը։ Անկէ անդին, Ատրպէյճան չճանչնալով Արցախի կառավարութիւնը, այլեւս մերժեց անոր ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեան նստիլ։

Անկէ ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, երբեմն ընկերակցութեամբ ալ իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն, ու միջնորդութեամբ Մինսքի Խորհուրդի դիւանի երկիրներու – Ռուսաստան, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա – նախագահներուն, ունեցան յատուկ բանակցութիւններ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, խորհրդակցութեան նիւթ դարձնելով Նակորնօ-Ղարաբաղի կողմէ գրաւեալ շրջաններու վերադարձը։ Ստորեւ ցուցակը այդ հանդիպումներուն.-

1. Լիզպոն, Դեկտեմբեր 1996

2. Սթրազպուրկ, Հոկտեմբեր 10, 1997 (ներկայ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան)

3. Հռոմ, 17 Յուլիս 1998 (ներկայ՝ Ռոպերթ Քոչարեան)

4. Քի Ուեսթ, Ապրիլ 2001 (ներկայ՝ Ռ. Քոչարեան)

5. Փրակ, Յուլիս 29, 2002

6. Մատրիտ, Նոյեմբեր 2007 (ներկայ՝ Սերժ Սարգիսեան)

7. Սընթ Փիթըրզպուրկ, Յունիս 2008 (ներկայ՝ Ս. Սարգիսեան)

8. Մոսկուա, Նոյեմբեր 2, 2008 (ներկայ՝ Ս. Սարգիսեան)

9. Քազան, Յունիս 24, 2011 (ներկայ՝ Տ. Մետվետեւ ու Ս. Սարգիսեան)

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն արդիւնքն էր Ատրպէյճանին վերադարձնել, կամ՝ պարպել Աղտամը, Ֆիզուլին, Ճիպրայիլը, Կուպաթլին, Զանգելանը, իսկ Քելբաչարն ու Լաչինը՝ երկու հանգրուաններով, անոնց երկուքին վերապահելով իւրայատուկ ձեւակերպումներ կամ իրաւասութիւններ։ Այնպէս կը թուի, թէ Հայաստանի իրերայաջորդ ??? իշխանութեանց (2000-էն 2018) ղեկավարութեան նպատակն էր, որ Շուշիի ու Քելբաչարի շրջանները շարունակուէին մաս կազմել Արցախի, վերադարձնելով մնացեալ 5 շրջանները։

Ներկայ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր պարագլուխները, իրենց իշխանութեան շուրջ 20 տարիներու ընթացքին, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ կայացած վերոնշեալ հանդիպումներուն OSCE-ի Մինսքի Խորհուրդի երեք ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ, լուծումի մը չեն կրցած յանգիլ։ Անոնք նախընտրած են շարունակել Հայաստանի հարստութեանց ու ժողովուրդին բացայայտ կեղեքումը։

Արցախի 2020-ի ճակատագիրը որոշուած էր արդէն Փութինի, Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ բանակցութեանց ընթացքին կայացած համաձայնութեան հիման վրայ։ Ազերի բանակին շղթայազերծած յարձակողական արշաւին, ղեկավարութեամբ թրքական բանակի սպաներուն, օդանաւային ռմբակոծումներով, եւ իսլամ զինեալներու օժանդակութեամբ, վերջ տրուեցաւ ռուսական բանակի միաւորներուն միջամտութեամբ, ու զինադուլի պայմաններու պարտադրութեամբ կողմերուն։ Այնուհետեւ, Նակորնօ-Ղարաբաղի գրաւեալ հողամասերու եւ Հայաստանի հետ շփման սահմանագիծերուն վրայ տեղակայուած խաղաղապահ ռուսական զօրքերը հսկողութիւն պիտի կատարէին յառաջիկայ 5 տարիներուն։

Զինադուլի համաձայնագիրը յոյժ խոցելի կողմեր ունէր։ Շուշիի, Քելբաչարի, Աղտամի ու Լաչինի շրջանները Ատրպէյճանի փոխանցուած էին առանց գրաւուած ըլլալու։ Կարգ մը սահմանագիծեր ալ անորոշ գոյավիճակ ունենալով, ստորագրուած համաձայնագրին յանձնառութիւնները վերջնական չնկատուեցան Ատրպէյճանի կողմէ։

Ռուսական բանակը յաւելեալ դիրքեր գրաւած է մանաւանդ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի ու Քելբաչարի մէջ։ Ատրպէյճանական բանակի զինուորներ եւ իսլամ զինեալներ թափանցումներ կը կատարեն սահմանագիծերու երկայնքին, այլազան տեսակի կրակոցներու կ՚ենթարկեն, եւ արջառի գողութիւն կ՚ընեն։ Մէկ խօսքով, խանգարուած է սահմանամերձ շրջաններու հայկական բնակչութեանց բնականոն կեանքը։

Մինսքի եռանդամ դիւանի, Ռուսիոյ, Մ. Նահանգներու, Ֆրանսայի ներկայացուցիչները չեն յաջողիր գործնական միջոցառումներ գործադրել խնդրոյ առարկայ վայրերուն մէջ։ Միայն Ռուսաստանն է, որ ձեւով մը (բանակցութիւններով) կը շարունակէ լիազօրուած նկատուիլ՝ դժուարութիւնները հարթելու համար, ինչպէս որ կը կատարուէր 1994-ի զինադուլէն յետոյ։ Մինչեւ հիմա աչքառու զանցառութիւն մըն է, սակայն, գերի ինկած հայ զինուորներու ամբողջական վերադարձը Ատրպէյճանի կողմէ։


Համաշխարհային գետնի վրայ, Դաշնակցային Ռուսաստանի ազդեցութիւնը տկարացած ըլլալով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ չի համարձակիր ուժի գործածութեան դիմել, Ատրպէյճանի այլազան ոտնձգութիւններու դէմ, նախապատուութիւն տալով խաղաղ բանակցութիւններով լուծելու ծագող դժուարութիւնները, թոյլ չտալով սակայն Թուրքիոյ անմիջական միջամտութեան։

Համաշխարհային գետնի վրայ, Ռուսիոյ ընկրկումը մտածել կու տայ Հայաստանի ղեկավարութեան, յոյժ զգուշաւոր դիւանագիտութեամբ, միջազգայնացնելու Ատրպէյճանի հակահայ գրգռութիւնները, որպէսզի Արեւմտեան երկիրները կարենան զգալի հակակշիռ բանեցնել, վերոյիշեալ ազերի վտանգաւոր նախաձեռնութեանց վրայ։


Աֆղանիստանէն ամերիկեան բանակին վերջնական մեկնումը լուրջ մտահոգութիւն մըն է ոչ միայն Ռուսաստանի, այլ՝ շրջանի երկիրներուն նաեւ։ Համաշխարհային տեսանկիւնէն ալ, Թալիպաններու նորահաստատ իշխանութիւնը Աֆղանիստանի մէջ, լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառէ ոչ միայն ասիական երկիրներուն, այլեւ՝ Մ. Նահանգներուն ու Չինաստանի իշխանութեանց։

Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին կը մնայ առաջին հերթին, միանգամընդմիշտ վերջ տալ ներքին պառակտումին։ 44 օրերու պատերազմին վէրքերը դարմանելէ ետք, պիտի հետապնդուի բնականոն կեանքի վերահաստատումը։

Նոր կառավարութիւնը նախ պիտի հակակշռէ քորոնավայրըսի վերանորոգուող համաճարակը։ Անկէ ետք, պիտի հետապնդէ երկրի վերականգնումին աշխատանքները։

Իրականացնելու է ուսումնական բարձր զարգացում բոլոր բնագաւառներէ ներս։ Ռուսաստանէն ետք, Մ. Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Պարսկաստանի եւ Արաբական Երկիրներու հետ ընդլայնելու է դիւանագիտական ու տնտեսական կապերը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացումով, Հայաստանի վերականգնումը ստանալու է առաջնային կարեւորութիւն։

Հայաստանի բանակը կը կարօտի հիմնական բարեկարգումի։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որակեալ քատրերու պատրաստութիւնը բոլոր բնագաւառներէ ներս, շօշափելի արդիւնաւորում ունենալու համար։ Հայկական բանակին արդիականացումն ու զօրացումը անյետաձգելի առաջադրանքներ են։

Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան հարցը նախապատիւ անհրաժեշտութիւն մըն է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ