ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ցաւակցութեան մը Արտասովոր Արտայայտութիւնը . . .
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Աւստրալիոյ Կույրա քաղաքէն, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Գամպարայէն 270 մղոն՝ այսինքն 430 քիլոմեթր, հեռաւորութեան վրայ։
Առաջ որ մեր բուն նիւթին անցնիլս, կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել հայերէն լեզուի առաւելութիւնները։ Մենք կը գործածենք մօրաքոյր եւ հօրաքոյր, սակայն անգլերէն լեզուին մէջ՝ այդ երկուքը բնորոշող մէկ բառ կայ միայն, aunt. Նմանապէս՝ մենք կը գործածենք մօրեղբայր եւ հօրեղբայր, մինչդեռ անգլերէնի մէջ կայ միայն uncle-ը։
Ուրեմն երբ պատմութեան մը մէջ aunt բառը կարդանք, չենք գիտեր թէ մօրաքոյրի մասին է խօսքը՝ թէ հօրաքոյրի . . . Ինչ որ է, հիմա վերադառնանք մեր բուն պատմութեան։
Պէն Ճէքսըն անունով մէկը կ՛ապրի Աւստրալիոյ Կույրա քաղաքը, իսկ իր aunt-ը (հօրաքոյրը կամ մօրաքոյրը) կ՛ապրի Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Գամպարայի մէջ։ Վերջերս, Պէն Ճէքսընի aunt-ը կը վախճանի։ Պէն կ՛ուզէ Գամպարա երթալ եւ իր ազգականին թաղման արարողութեան ներկայ գտնուիլ, սակայն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ՝ ճամբաները գոց են։
Ուստի Պէն՝ որ ասպարէզով ոչխարներու հովիւ է, հեռուէն կը յայտնէ իր ցաւակցութիւնը։ Իսկ ի՞նչ է Պէնի ցաւակցութիւն արտայայտելու միջոցը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։
Ուշի-ուշով դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք սիրտի մը գծագրութիւնը, սակայն այդ սիրտը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ոչխարներու գեղեցիկ խմբաւորում մը . . Հետաքրքրական է գիտնալ թէ ինչպէ՞ս Պէն խօսք հասկցուցեր է այդ անբան անասուններուն, որ իրենց տեղերէն չժարժին՝ մինչեւ անոնց նկարուիլը!
Կամենալը՝ կարենալ է, կ՛ըսէ հայկական ասացուածքը, եւ ահա այդ ասացուածքին գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնը եղած է, իր ոչխարներով սիրտ մը գծագրելը՝ արօտավայրի խոտերուն վրայ։ Մենք ալ կ՛ըսենք վարձքդ կատար՝ սիրելի Պէն եւ Աստուած թող հանգուցեալի հոգին լուսաւորէ!
Լուսնային Ծա՞ռ (Moon Tree) . . .
Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյէն։ Այդ քաղաքի մայր զբօսայգիին մէջ (Capital Park) գոյութիւն ունի 120 ոտք (36.58 մեթր) բարձրութեամբ եւ 40 ոտք (12.19 մեթր) տարածութեամբ (canopy) ծառ մը, որ կը կոչուի Լուսնային ծառ։ Բայց ինչո՞ւ Լուսնային, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։
Ուրեմն՝ եթէ կը յիշէք, 2 Փետրուար 1971-ին, Աբօլօ 14 աստղանաւը՝ Ալըն Շէփըրտի գլխաւորութեամբ, թռիչք առաւ դէպի անջրպետ եւ էջք կատարեց Լուսնի վրայ։
Վերոյիշեալ աստղանաւը իր հետը տարած է 400-500 հունտեր՝ զանազան ծառերու, ներառեալ Redwood, Douglas Fir (եղեւնի) եւ Sycamore (մոլաթզենի)։ Աստղանաւի երկիր վերադարձին՝ այդ հունտերէն Redwood ծառի հունտը ցանած են Սաքրամենթոյի մայր զբօսայգիին մէջ՝ 1976 թուականին, եւ ահա քեզի «Լուսնային Ծառ» . . .
Կցուած յուշատախտակը (տես նկարը) կը հաստատէ թէ այդ ծառի հունտը Լուսին գացած է 1971 թուականին, իսկ երկրորդ նկարը ցոյց կու տայ «Լուսնային Ծառը», որ հասակ նետած է զբօսայգիի թանգարանին մօտ։
Այսքանը շատ բարի, բայց ես կ՛ուզեմ գիտնալ թէ գիտնականները ի՞նչ կարծիք կ՛արտայայտեն այս անվաւեր յորջորջումին նկատմամբ։ Ծառի մը հունտը Լուսին երթալ-գալով՝ «Լուսնային Ծառ» կ՛ըլլա՞յ, շատ կը կասկածիմ։
Արդեօ՞ք այս ալ զբօսաշրջիկութիւնը զարկ տալու հնարք մըն է, կանխամտածուած պետական պատկան մարմիններուն կողմէ։ Եթէ այդպէս է, երբեք չեմ զարմանար եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Սակայն միւս կողմէ կը խղճամ այն անմեղ մարդոց վրայ, որոնք կ՛ընդունին ինչ որ մատուցուի իրենց, առանց հարցականի տակ դնելու հրամցուած պատմութեան վաւերականութիւնը։