Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեանի Հետ Հրապարակային Ձեռնարկ՝ Կլենտէյլի Մէջ

Բեգլարեան՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը, պիտի ըլլայ գլխաւոր բանախօսը հանրային ձեռնարկի մը, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական խորհուրդին (ԱՄՆՀԽ): Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ, Կլենտէյլ:

Բեգլարեան, որ 2018-2020 ծառայած է իբրեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ պիտի զեկուցէ Արցախի ներկայ վիճակին եւ յետագայ հաւանական զարգացումներուն մասին, ներառեալ՝ կառավարական ծրագիրներ, բնակչութեան վերաբնակեցում եւ տնտեսական զարգացում:

Իբրեւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՝ Բեգլարեան կարեւոր դեր ունեցաւ 2020ի 44օրեայ պատերազմի մասին կարեւոր տեղեկագիրներ պատրաստելու գործին մէջ:

Պատերազմէն առաջ, ան ուսումնասիրած էր Արցախի ժողովուրդի սահմանադրական իրաւունքները եւ ազատութիւնը ու կատարած բարեկարգումի համապատասխան առաջարկներ: Ան նաեւ զբաղեցուցած է զանազան այլ պետական բարձրաստիճան պաշտօններ, ինչպէս նաեւ դասախօսած է քաղաքական գիտութիւններու առարկաներ Արցախի պետական համալսարանին մէջ:

Դպրոցական տարիներուն, Բեգլարեան ամառները անցուցած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Ստեփանակերտի ճամբարին մէջ, ուր իր ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է հիմնաքարը հանրային ծառայութեան իր նուիրումին: Բեգլարեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է զանազան համալսարաններու մէջ, որոնցմէ գլխաւորներէն եղած են՝ University College of London եւ Fletcher School of Law and Diplomacy, Tufts University (Պոսթըն), մասնագիտանալով քաղաքական գիտութիւններու, դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդը հիմնուած է 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ, մէկտեղումովը շրջանի հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն:

Ներկայիս ԱՄՆՀԽ կը բաղկանայ 25 կազմակերպութիւններէ եւ հաստատութիւններէ: Անոր նպատակն է հայ համայնքի ընդհանրական շահերը պաշտպանել:

«Մենք պատիւ կը զգանք կազմակերպելու այս կարեւոր միջոցառումը, ուր մեր յարգելի հիւրը՝ պրն. Բեգլարեան, պիտի զեկուցէ եւ տեղեկութիւններ տայ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն մասին: Սիրով կը հրաւիրենք բոլորդ», կ՛ըսէ ԱՄՆՀԽ-ի այժմու ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան:

 Մուտքը ազատ է: Սրահի հասցէն է՝ The Armenian Society of Los Angeles (Iranahye) Center, 117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205.

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ