Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հիմնադրութեան 100 Ամեակին Առթիւ

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Քանի մը տարիէ ի վեր մեծ ոգեւորութեամբ եւ ջանասիրութեամբ մեր վաղամեռիկ ընկեր Արա Ահարոնեանը կ’աշխատէր լոյսին բերել ՌԱԿ-ի գործունէութեան նուիրուած մեծածաւալ աշխատութիւն մը՝ կուսակցութեան հիմնադրութեան դարադարձին առթիւ: Դժբախտաբար այս աշխարհէն շուտ մեկնեցաւ ան՝ մեզի թողլով իր աշխատութեան գրեթէ 90 տոկոսը:

Մահուան տխուր առիթով որոշեցինք իրականացնել իր երազը եւ ընտանիքին, հարազատներուն եւ կուսակցական ընկերներուն քաջալերանքով լծուեցանք գործի: Յոյսով ենք որ այս տարի կը հրատարակուի իր գիրքը եւ անոր շնորհանդէսը առիթ մը եւս կ’ըլլայ ի մի հաւաքուելու՝ մեծարելու համար զինք եւ պատկառելի հատորով մը ներկայացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր արմատներէն սկսելով ու հասցնելով մինչեւ վերջին տասնամեակները:

Հատորը ՌԱԿ-ի պատմութիւնը չէ եւ ոչ ալ այդ նպատակը կը հետապնդէ, այն հոն զետեղուած են պատմական հանգրուանային իրադարձութիւններ, պատմական եղելութիւններ, կարեւոր խնդիրներ, որոնց լծուած եղած են մեր երախտաւորները՝ ի փառս հայ ժողովուրդին, Հայ դատին, սփիւռքի գոյատեւման, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ ՌԱԿ երախտաւորներու զոհողութիւններուն ու անձանձիր գործունէութեան:

Հատորին մէջ ներկայացուած են կուսակցութեան կարեւոր Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովներու որոշումներն ու միջոցառումները, հայ ժողովուրդին կենսապահովման համար ազգին ուղղուած յայտարարութիւններ, որոշումներ, հրահանգներ եւ թելադրութիւններ:

Տասնամեակներու ընթացքին հեղինակին նիւթերը, պրպտումներն ու մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան Արա Ահարոնեանի անսպառ պաշարը եւ փաստագրային կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերու ամբողջական համադրութիւն մը:

Ծայրէ ի ծայր մի քանի անգամ կատարած մեր ընթերցումները, յղկումները եւ կարգ մը փաստերու ստուգումներէն ետք մեր ունեցած արդիւնքները ցոյց կու տան հեղինակին եւ իր հօր  անսահման հիացումն ու նուիրուածութիւնը հարիւրամեայ մեր կուսակցութեան հանդէպ: Հատորին մէջ իրենց ամբողջ վիթխարի հասակով աչքի կը զարնեն հիմնադիրները՝ Վահան Թէքէեան, Տամատեան, …աւելի նորերէն Բարունակ Թովմասեան, Հրաչ Սեդրակեան, Գերսամ Ահարոնեան, Հայկաշէն Ուզունեան եւ շատ ու շատ այլ դէմքեր, որոնք անջնջելի հետք թողուցին սերունդներուն վրայ:

Գիրքը, ինչպէս նշեցի, համադրութիւն մըն է, որ ինչ որ տեղ նաեւ կը ստանայ համայնագիտարանային յատկանիշներ: Օրինակ՝ ՌԱԿ պաշտօնական մամուլի բաժինը կ’ընդգրկէ երկոտասնեակ մը անուններ, որոնք նախախնամական դեր կատարած են հայ գաղթավայրերու մէջ: Այսպէս՝ «Կիլիկեան սուրհանդակ», «Եփրատ», «Զարթօնք», «Արեւ», «Ապագայ», «Սարդարապատ» եւ այլն:

Ծրագրած եմ բազմահարիւր էջանոց այս հատորը բաժնել հետեւեալ բաժիններու՝

Ա.- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԷՆ ՌԱԿ-Ի ՍՏԵՂԾՈՒՄ

Բ.- ՅԵՏ-ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՒ Բ. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Գ.- 1945-1991. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ

Դ.- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅԱՌՈՒՄ ԵՒ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Այս հիմնական գլուխներուն մէջ կը տեղաւորուին ժամանակագրական կարգով ՌԱԿ-ի Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովները, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ծաւալուող դէպքերն ու իրադարձութիւնները, ՌԱԿ-ի հովանիին տակ կամ անոր անմիջական ջանքերով ստեղծուած միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, ուր կարեւոր տեղ կը տրուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միութեան եւ Ս. Էջմիածնի գերակայութեան խնդիրներուն եւ հոլովոյթներուն, դպրոցաշինութեան, ակումբներու ստեղծման եւ այլն:

Հատորին մէջ հանգամանօրէն կ’արտացոլուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող ԲՈԼՈՐ դէպքերն ու իրադարձութիւնները՝ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ  2010-ի սկիզբները: Կը ներկայացուին Հայկական Դատի եւ Պահանջատիրութեան գծով համաշխարհային թատերաբեմի եւ յատկապէս Ամերիկաներու մէջ ՌԱԿ-ի կողմէ տարուած անդուլ ջանքերը: Այս իմաստով հրատարակութեան ներկայացուող գիրքը պիտի ունենայ ճանաչողական մեծ նշանակութիւն մասնագէտ պրպտողներու եւ միաժամանակ լայն ընթերցողներու շրջանակներէն ներս:

Հատորին արժանիքներէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ վաւերագրական արժէք ներկայացնող հին ու նոր նկարներու շարքը, որոնք տեղաւորուած պիտի ըլլան մի քանի պրակներով, ըստ ներկայացուող գլուխներու եւ ենթագլուխներու:

Կսկիծով պէտք է նշեմ, որ վաղամեռիկ մեր ընկերը չհասցուց իր գիրքը հասցնել մինչեւ ՌԱԿ-ի 2020-ը՝ նախ վաղաժամ մահուան, ապա նաեւ միաժամանակ աշխատելով իր սիրած միւս թեմային վրայ, որ կը վերաբերի ՌԱԿ բոլոր ժամանակներու երախտաւորներուն, որոնց վերջին մասը նոյնպէս տակաւին անտիպ է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատորին ներածականը:

Սոյն գրութեամբ կը սկսի վաղամեռիկ մեր ընկերոջ՝ Արա Ահարոնեանի վերջին գիրքը, որ հրատարակութեան պիտի յանձնուի շուտով: Ներկայացուածը ներածականն է այդ գրքին, զոր չկրցաւ ամբողջացնել...: Այնուամենայնիւ իր շահեկանութեան համար կ'ընդգրկենք ՌԱԿ-ի 100-ամեակին նուիրուած սոյն բացառիկին մէջ: (Խմբ. Կազմ)

Խոհեր ՌԱԿ-ի Կազմութեան 90-Ամեակին Առիթով

Պահ մը եթէ փորձենք գնահատումներ կատարել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցնող 90 տարիներու վրայ տարածուող գործունէութեանց, առաւելաբար պէտք է ծանրանալ ազգային ու միջազգային հարցերու եւ դէպքերու ու հանգամանքներու նկատմամբ որդեգրած ՌԱԿ-ի հեռատես քաղաքական կեցուածքներու, ազգային գերագոյն շահերէ թելադրուած կողմնորոշումներու, ինչպէս նաեւ իրապաշտ դիրքորոշումներու վրայ։

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած  է, թէ քաղաքական կեանքի մէջ կան միայն յաւիտենական շահեր եւ անհաւանական չէ, որ այդ շահերը օր մը ըլլան հայ ժողովուրդին ի նպաստ։

1920-ին Հայաստանի  խորհրդայնացումէն շուրջ տարի մը ետք, ծնունդ կ՛առնէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը` միաձուլումովը ժողովրդավարական սկզբունքներու հաւատացող հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու։

ՌԱԿ-ի հիմնադիր ղեկավարները համոզուած էին, որ այդպիսով իրականացած պիտի ըլլար երազը Աւետիսեաններու, Խրիմեան Հայրիկներու եւ Փորթուգալեաններու, որոնք հանդիսացեր էին կերտիչները ,Արմենական» գաղափարախօսութեան, որուն դրօշակակիրը ըլլալու պարտականութիւնը ստանձնած էր ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ:

ՌԱԿ-ը միշտ մնալով հաւատարիմ հայրենի հողին, որովհետեւ հայրենիքը իր ժողովուրդով միակ ապահովութիւնն է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան եւ հաստատ կռուանը Հայկական Դատին, ՌԱԿ-ը այսպէս գործեց 90 տարի եւ այսպէս պիտի գործէ միշտ։

Պատմական Հայաստանի փոքր մէկ հողաշերտին վրայ գոյութիւն առած հայրենի պետութիւնը, վերջնական ոչնչացումէ փրկուած Սարդարապատի փառահեղ յաղթանակով՝ միակ երաշխիքն է մեր ժողովուրդի գոյատեւման։ Սակայն անաւարտ է հայ ժողովուրդին սրբազան առաքելութիւնը, անաւարտ է իր մեծ երազին իրականացումը ու անոր համար ալ խոր գիտակցութենէ բխող անժամանցելի որպէս հրամայական՝ ՌԱԿ-ը ամբողջ 90 տարիներ, ազգային մեր տեսլականը գերիվեր նկատելով՝ միշտ տէր մնաց ու պիտի մնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։

Այսօրուան մեր սերունդն է ժառանգորդը եւ պահանջատէրը մեր արդար դատին, ու անոր անխոնջ հետապնդումը մեր ազգային ամենէն սրբազան նպատակը պէտք է նկատել։

Անցնող 90 տարիներուն ՌԱԿ-ը անզիջող վճռականութեամբ հետապնդեց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, արդար իրաւունքները, Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը։ Ան լծուեցաւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու կամրջումին եւ ամրապնդման սրբազան գործին, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական ու անփոխարինելի երաշխիքներէն կարեւորագոյնն էր ան։ Ու այս բոլորը ՌԱԿ-ը ըրաւ հակառակ այն իրողութեան, որ այդ տարիներուն հայրենիքի մէջ տիրող իրաւակարգը խոտոր կը համեմատէր անոր դաւանած քաղաքական սկզբունքներուն։

Ինը տասնամեակներու  վրայ տարածուող իր գործունէութեանց ընթացքին, ՌԱԿ-ը մերժեց ընթանալ միջազգային լպրծուն եւ վտանգալից քաղաքական ուղիներէ, որքան ալ գրաւիչ կայծեր նետուած ըլլային անոնց վրայ, որովհետեւ հայրենիքի շահերը աւելի կենսական էին քան կազմակերպութեան շահերը։ Անցեալի ՌԱԿ-ը գործակցեցաւ ու պիտի շարունակէ գործակցիլ բոլոր այն անհատ հայրենասէրներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ, որոնք անշահախնդիր գործունէութեամբ լծուած էին հայրենիքի վերելքին հզօրացման, բարգաւաճման ու ներկայիս եւս, չեն դադրած իրենց նուիրեալ եւ անսակարկ գործունէութիւններով ամրապնդել հայրենիքի անկախութիւնն ու սատարել հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճման։

ՌԱԿը նոյն ոգիով ու հաւատքով այսօր եւս կառչած կը մնայ իր հաւատոյ հանգանակին ու կը շարունակէ իրեն ժառանգ մնացած հայրենասէր գործը։ Եթէ փորձենք փնտռել գաղտնիքը ՌԱԿ-ի նկատմամբ ժողովրդային համակրանքին, հաւատքին ու վստահութեան, անմիջապէս պիտի յանգինք այն եզրակացութեան, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը անցեալին չէ փորձած խաբել ժողովուրդը եւ երբեք պիտի չփորձէ խաբել զայն, ո՛չ ներկայիս եւ ո՛չ ալ ապագային։ Անոր իրերայաջորդ ղեկավարները պիտի շարունակեն ընթանալ այն լուսաւոր ուղիէն եւ հետեւիլ այն սկզբունքներուն, որոնք ժառանգ մնացած են հիմնադիր ղեկավարներէն։

Մեր կազմակերպութիւնը չխաբեց ժողովուրդը, երբ ան երգեց ազատութեան երգը, չխաբեց, երբ արծարծեց զէնքի սէրը, եւ այդ գաղափարի հրաշունչ ներշնչումով գրուեցան լուսաշող ու փառաւոր էջեր։

Անիրականանալի երազներ  իրականացնելու յաւակնութիւններ չէ ունեցած երբեք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։

Այսօր, եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետելով պրպտենք ՌԱԿ-ի անցեալ 90 տարիներու պատմութիւնը ոչ միայն ուրախութեան, այլեւ հպարտութեան պահեր պիտի ապրինք, որովհետեւ՝ այսօր ազատ ու անկախ հայրենիքին ու հայրենի պետականութեան մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը տեսնէ իրականացումը հայ ժողովուրդի դարաւոր երազին, ինչպէս անցեալին ու ներկայիս եւս ՌԱԿ-ը յանձնառու պիտի ըլլայ իր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու հայրենիքի հզօրացման, անկախութեան ամրապնդման, Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու բարելաւման եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին ու իրաւունքներուն հետապնդման։

Ու վերջապէս անվարան կրնանք հաստատել, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը լիովին արդարացուցած է իր գոյութեան իմաստը եւ իր հիմնադիրներուն երազը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ