Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Ողջամտութիւնը Իրական Երեւոյթ Չէ՞

Ողջամտութիւնը երեւակայական, միայն հեքիաթներու մէջ հանդիպող կապոյտ թռչո՞ւն է, թէ  մարդկային յատկանիշ մը, որ կարելի  է դաստիարակել ու ներարկել հասարակութեան բոլոր շերտերուն: 

Մեր իրականութեան մէջ յաճախ դէմ առ դէմ կը գտնուինք այնպիսի իրավիճակներու հետ, որոնք մեծ կեդրոնացում, ինքնամոռացութիւն եւ  հանրային շահի կարեւորութիւն կը պահանջեն: Շատ կարեւոր է  տրամաբանութեան եւ ընդհանուրի շահի նժարի գերակշռութիւնը, երբ մեր առած, որդեգրած որոշումները ճակատագրական եւ երկարաժամկէտ են : 

Մեր անձնական շահը եւ մեր անձին ծառայելու գայթակղութիւնը յաճախ շատ խիստ ձեւով կ’ազդէ ոչ թէ միայն մեր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, այլ մեզի շրջապատող հանրութեան, քաղաքի, երկիրի, նոյնիսկ ամբողջ ազգի վրայ։

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս գտնել այն նուրբ եւ կարեւոր սահմանը, ուր ողջամտութիւնը կ’ըլլայ մեր որդեգրած որոշումներու հիմնական դրդիչ  պատճառը։  Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ներարկել մարդոց ողջամտութեան պատուաստը, որ այն դառնայ մտածելակերպի անբաժան մաս։ Արդեօ՞ք ընտանեկան դաստիարակութիւնը բաւարար է։ Արդեօք պէտք չէ՞ որ այն  ազգային մտածելակերպի անբաժան մէկ մասը դառնայ։

Ողջամտութիւնը կարեւոր յատկանիշ է, որուն նուազումին կամ չգոյութեան պատճառով աշխարհը յաճախ կանգնած է ու կը շարունակէ կանգնած մնալ  ծայրայեղ փաստերու առջեւ ու ստիպուած յաղթահարած է կամ կքած է այդ բեռի տակ։

Մեր քիթէն քիչ մը հեռու տեսնելու յատկութիւնը մեր ազգին համար շատ կարեւոր եւ շատ անհրաժեշտ յատկութիւն մըն է։ Այն մեզի անհրաժեշտ է օդ ու ջուրի պէս։ Այն մեզի ամէն օր անհրաժեշտ է։

Եւ այսուամենայնիւ, ողջամտութիւնը ինչպէ՞ս ներարկել բոլորին, որ այն դառնայ ազգային ինքնութեան, ժառանգականութեան մէկ մասը։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ