ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Մարդկային առաքինութիւններէն կը նկատուին համեստութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ անսակարկ ծառայութիւնը:
Բարեբախտաբար մեր հայկական կազմակերպութիւններուն մէջ ունինք բազմաթիւ անձնաւորութիւններ որոնք պէտք է նկատուին մեր միութիւններու «Իշխանները» եւ ոչ անտեսուածները: Այս անձնաւորութիւնները հազարաւոր ժամեր կը տրամադրեն, իրենց միտքն ու հոգին կու տան եւ անշահախնդրօրէն ու նուիրումով կը ծառայեն հայապահպանումի սրբազան առաքելութեան ի նպաստ:
Եթէ նկատի ունենանք անոնց տրամադրած ժամերը եւ նիւթական արժէքի վերածենք, այս անձնաւորութիւնները շատ մը բարերարներէ աւելի նպաստած կ’ըլլան մեր միութիւններու անգնահատելի գործին, ըլլայ մշակութային, երիտասարդական, ընկերային, կրօնական, բարեսիրական, ազգային, հայրենակցական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն մէջ:
Կը կարծեմ թէ աւելի արդար եւ օգտաշատ պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստանի անկախութեան ուրախալի տօնին առթիւ՝ այս «Անտեսուած» իշխաններէն մէկ կամ երկու հոգի ընտրուէր իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կողմէ եւ անոնց շնորհուէր գնահատանքի վկայագիր մը, շքանշան մը, միութեան ղեկավարութիւններու կողմէ:
Այս առթիւ՝ կը փափաքիմ ձեզի ներկայացնել համեստ վերոյիշեալ «Իշխաններէն» մէկը- Մեծայարգ Տիար՝ Խաչիկ Ճանոյեանը: Բարեբախտութիւնը ունեցայ իրեն ծանօթանալու 1960-ական թուականներուն Պէյրութի մէջ, ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի Արաբերէնի ուսուցիչ: Ուրեմն վաթսուն տարիներէ աւելի անհուն նուիրումով, սիրով եւ եռանդով կը շարունակէ իր կրթական գործին կողքին՝ մշակութային, միութենական, ազգային, քաղաքական եւ լրագրական գործունէութիւններուն միջոցաւ: Ան բացառիկ համեստ զինուոր մըն է, առաջնորդ մը, ղեկավար մը, դաստիարակ մը, արդարութեան ու իրաւունքներու պաշտպան կամաւոր մը:
Այս օտար հրապուրիչ մշակոյթներուն կախարդանքին ենթակայ հայ մանուկներուն համար հաստատած է շաբաթօրեայ վարժարան մը որ տասնեակ տարիներ աշխուժօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Պրն. Խաչիկ Ճանոյեան գործակիցս եղած է ՀԲԸ Միութեան Վարչութիւններու մէջ: Հիացած եմ իր գործնական ու օգտաշատ գաղափարներուն եւ անգնահատելի ծառայութիւններուն համար: Ան գործի մարդ է եւ ոչ խօսքի: Արժանի է յիշել օրինակ մը՝ տաղանդաշատ բանաստեղծ, դաստիարակ, Պրն. Վարուժան Պետիկեանին՝ իր գրած երախտագիտական բանաստեղծութեան մը նուիրած՝ «Արաբ ժողովուրդ»-ին: Փափաքեցայ այս բանաստեղծութիւնը Արաբերէնի թարգմանել տալ, եւ ուղարկել այն Արաբ պետութիւններուն որոնք սրտբաց ընդունեցին եղեռնէն մազապուրծ աղէտեալ մեր հայրենակից որբերը, մանուկները եւ ամբողջ ժողովուրդը: Դիմեցի արաբագէտ անձնաւորութիւններու Լոս Անճելըսի մէջ, մերժուեցայ, ըսելով որ բանաստեղծութիւն թարգմանելը շատ դժուար է: Դիմեցի Պրն. Խաչիկ Ճանոյեանին: Պատասխանը՝ սիրով Պրն. Պալիկեան, հաճիս ինծի ուղարկէ, բան մը կ՝ընեմ անպայման: Ինչպէս ըսի գործնական մարդ է, բանաստեղծութիւնը ուղարկած է «Հալէպ» եւ ԿիլիկեանՎարժարանի ազնուափայլ Օր. Թագուհի Աթուքեանը սքանչելիօրէն թարգմանած է այդ ոտանաւորը եւ երկու շաբաթներ վերջ ստացայ այդ հրաշալի թարգմանութիւնը: Փորձեցի շնորհակալութիւններս յայտնել եւ վարձատրութիւն մը տալ: Պատասխանը եղաւ- ամօթ կ’ընես Պրն. Պալիկեան, ինչ որ Հայանպաստ գործ մըն է, իմ պարտաւորութիւնն է օգտակար ըլլալ: Վստահ եմ որ Պրն. Ճանոյեանը պէտք եղած շնորհակալութիւնը յայտնած է օրիորդին:
Մեր բոլոր ազգաշէն կազմակերպութիւնները, մեր ազգը պէտք ունի Պրն. Խաչիկ Ճանոյեանին նման «Իշխան»-ներու:
Անսպառ եռանդ, առողջութիւն երկար կեանք յարգարժան Պրն. Խաչիկ Ճանոյեանին: