Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՀԽ-ի Գործադիր Յանձնախումբի Ժողովը Ֆրէզնոյի Մէջ՝ Հոկտեմբեր 21-22, 2021-ին

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի (ՀԱՀԽ)-ի Գործադիր Յանձնախումբին տարեկան ժողովը գումարուեցաւ Հոկտեմբեր 21-22, 2021-ին Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Ժողովական Եկեղեցւոյ Ընկերային սրահին մէջ:

Գործադիր Յանձնախումբի ժողովին կը մասնակցէին անձամբ եւ առցանցով ՀԱՀԽ-ի հինգ Եկեղեցական Միութիւններուն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչները:

Ժողովը քննեց օրակարգի վրայ գտնուող կէտերը եւ համապատասխան որոշումներ կայացուց եկեղեցական Միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութիւնը  յուզող ընդհանրական հարցերուն  գծով:

 Ընթացիկ տարուան, 2021 ի, ընթացքին Հայց. Աւետարանական Եկեղեցին կը տօնէ իր 175-ամեայ տարեդարձը: ՀԱՀԽ-ը սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ առ Աստուած երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը նշէ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցիի հիմնադրութեան 175-ամեակը:

 Գործադիր Յանձնախումբը հոգեկան անխառն զգացումներով արձանագրեց այն բոլոր յոբելենական միջոցառումները որ տեղի ունեցան 2021 տարեշրջանին, եւ ուրիշ տօնակատարութիւններ, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Պսակաւոր ժահրի պատճառով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութիւնները, յետաձգուեցան 2022-ի Յունիս 25 էն մինչեւ Յուլիս 5: Աղօթող ենք որ այս ծրագիրները անարգել ի գործ կը դրուին յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

Գործադիր Յանձնախումբը ուրախութեամբ արձանագրեց հրատարակութիւնը Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեակի առթիւ պատրաստուած Յուշամատեանին,  որ լոյս տեսաւ  Երեւան, Մայիս 2021-ին: Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց զայն աշխատասիրող խմբագիր՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանին, կազմակերպութիւններու կողմէ նշանակուած աշխատասիրողներուն եւ անոր հրատարակութեան նպաստող անհատներուն:  Գիրքերը արդէն բաժնուած են ՀԱՀԽ-ի անդամ Միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն:

Ժողովը նաեւ գոհունակութեամբ ողջունեց Յուշամատեանի Անգլերէն թարգմանութեան ծրագիրը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան կողմէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

Երջանիկ զուգադիպութեամբ, այս տարեշրջանին Հայաստան եւ Արցախ կը տօնեն իրենց անկախութեան 30-ամեակը: Այս բարեբաստիկ առիթով ժողովը իր շնորհաւորութեանց կողքին, կը յայտնէ իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը մեր զոյգ Հանրապետութիւններուն եւ լիովին զօրավիգ կը կանգնի անոնց: վերանորոգելով իր յանձնառութիւնը ազատ, անկախ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճող Հայրենիքի տեսլականին:

ՀԱՀԽ-ը կը խոնարհի Արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած հերոսներու յիշատակին առջեւ: Կը դատապարտէ Ատրպէյճանը հայ գերիները ազատ արձակելու դժկամակութեան համար:

Կը դատապարտէ Ատրպէյճանը, որ Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տակաւին կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ անհեթեթ պահանջքներ ներկայացնելով եւ բացայայտ քայլեր առնելով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ:

Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելեան հայկական գաղութներուն, Գործադիր Յանձնախումբը վերահասու եղաւ եւ խորհրդակցութեան նիւթ ըրաւ այդ շրջանի քաղաքական բարդ կացութիւնն ու դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապը: Յանձնախումբի անդամները մասնաւոր խորհրդակցութեան նիւթ ըրին Լիբանանահայութեան տնտեսական մտահոգիչ իրավիճակը: Յանձնախումբը մեծապէս գնահատեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միջոցով կատարուած նիւթական իշխանական աջակցութիւնը: Նկատի ունենալով ներկայ ահազանգային տնտեսական կարիքը, որոշեց յաւելեալ ջանքերով օգնութեան ձեռք մեկնել Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Ժողովը ՀԱՀԽ-ի անունով կոչ կ’ընէ Հայ Աւետարանական համայնքին մասնաւորապէս, եւ հայ հասարակութեան ընդհանրապէս, համախմբուելու եւ միասնական ջանքերով սատարելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հզօրացման ծրագիրներուն:

Վեր.Դոկտ.ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Գործադիր Տնօրէն՝
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ