Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Դպրական Ձեռնադրութիւն Եւ Սրբապատկերներու Օծում Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021, Գիւտ Խաչի տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Արեւմտեան թեմէն ներս։ Օրը յիշարժան էր  յատկապէս Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Հայց. Եկեղեցւոյ համայնքի համար, քանզի հովուական այցելութեամբ այնտեղ կը գտնուէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան՝ կատարելու եկեղեցւոյ սրբապատկերներու օծման եւ դպրական ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութիւնները։

Օրուան պատարագիչն էր հիւրաբար Թեմս այցելած՝ Տ․ Բագրատ եպս․ Գալստանեանը։

Այս երկար սպասուած եւ բաղձալի իրադարձութեանց առիթով եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին բազում հաւատացեալ հայորդիներ, ովքեր ուխտաւորաբար եկած էին հաղորդակիցը ըլլալու այդ սրբազնասուրբ խորհուրդներուն։

Ս․ Պատարագի կիսուն` սկիզբ առաւ դպրական ձեռնադրութեան  արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Աւետիս Քհնյ․ Աբովեան հաւատացեալներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող երեք ընծայացուները՝ Անտրէ Կարապետեան, Արին Պարսանեան եւ Մեսրոպ Մատոյեան, որոնք պէտք է ստանային Դպրութեան չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։ Ապա ընծայացուները Ս․Խորանին վրայ, Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի դիմաց  ծնրադիր, ստացան դպրութեան չորս աստիճանները: Սրբազան Հայրն Իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով, որ Երկնաւոր  Տէրը Սուրբ Հոգիով հարստացնէ  նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներու հոգիները, անոնց աչքերը բանալով հոգեւոր իմաստութեան դիմաց, որպէսզի կարողանան առանց երկմտանքի մուտք գործեն եւ յարատեւեն աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։

Դպրական ձեռնադրութեան աւարտէն ետք, Սրբազան հայրերու ձեռամբ օծուեցան՝ նախ եկեղեցւոյ մայր խորանի, ապա աջ ու ձախ խորաններու եւ պատերու վրայ զետեղուած տասներկու առաքեալներու սրբապատկերները։

Նուիրական արարողութիւներէն անմիջապէս յետոյ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքն ուղղեց նորոգ ձեռնադրեալներուն ըսելով․ «Սիրելի դպիրներ, այսօր աստուածային շնորհքով կոչուեցաք եկեղեցւոյ սպասաւորութեան եւ մենք ամենքս ի բոլոր սրտէ ուրախ ենք, որ դուք մեր հայրերու լոյս հաւատքով սնուած ձեր կեանքը կը դնէք ծառայական կերպին մէջ, քանզի ծառայելէն աւելի վսեմ բան չի կրնար ըլլալ։ Ծառայութիւնը Աստուծոյ հանդէպ մեր տածած հաւատքին ու սիրոյն պտղաբերումն է։ Եւ ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ, «քանզի հաւատք առանց գործոց մեռեալ է»։

Ապա, Սրբազան Հայրը ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ առաքելական ծագումին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին սրբապատկերներու կարեւորութեան, անոնց ծիսական գործածութեան եւ բարեպաշտական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին մասին:

Պատգամի աւարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը իր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Աւետիս Քհնյ․ Աբովեանին, ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու անդամներուն, ինչպէս նաեւ այն վարպետներուն, որոնց վրձնին արգասիքը կը հանդիսանան եկեղեցւոյ նրբագեղ սրբապատկերները:

 Այնուհետեւ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը հրաւիրեց՝ Տ․ Բագրատ եպս․ Գալստանեանը, որպէսզի օրուան տօնի խորհուրդին համաձայն իր պատգամը փոխանցէ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ներկայացման խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Բագրատ սրբազանի առաջնորդական արդիւնաւոր ծառայութեան, որպէս երիտասարդ ու հոգեւոր եռանդով հարուստ եկեղեցւոյ սպասաւոր։ Իր հերթին Բագրատ սրբազան հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը եւ հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէսզի իրենց կեանքը լեցնեն հայրենական սիրով ու ծառայութեան գիտակցութեամբ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ