Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հերոսական Գործերէն Աւելի Ոգեշնչող Է Մահը Հերոսական»

«Մեռիր այնպէս, որ մահդ ալ ծառայէ հայրենիքիդ:

Ահա իմ դաւանած հայրենասիրութիւնը:

Հերոսական գործերէն աւելի ոգեշնչող է մահը հերոսական…»

Գարեգին  Նժդեհ

Անցաւ գրեթէ մէկ տարի մեր համընդհանուր մղձաւանջէն։ Նոյեմբեր 9-ին կ’ամբողջանայ մեր կորուստներու մէկ տարին։ Կարճ ժամանակ է վէրքերու բուժման համար, բայց քիչ ժամանակ չէ եզրակացութիւններու եւ սխալներու վերլուծութեան համար։ Մէկ կողմ դնելով մեղաւորներն ու անմեղները, նախկինները, ներկաներն ու ապագային եկողները, շատ կարեւոր հանգամանք մը կայ, որ պէտք է բոլորս մեր ականջին օղ ընենք: Այն ինչ ունէր, ունի եւ պիտի ունենայ Հայաստանը, այն ինչ կորսնցուց, կը կորսնցնէ եւ պիտի կորսնցնէ Հայաստանը, այն ինչ ձեռք ձգեց, ձեռք կը ձգէ եւ ձեռք պիտի ձգէ Հայաստանը, բոլորիս պատասխանատուութիւնն է ու պարտականութիւնը։ Հայրենիքը գաղափար եւ արժէք է, որ իր պատմական բոլոր՝ հեզասահ ու դժուար, նեղ ու բարգաւաճ ժամանակաշրջաններուն պէտք է մնայ որպէս սրբութիւն սրբոց։ Հայրենիքը չենք կրնար օր մը սիրել, օր մը  չսիրել։ Մեր մօրը կրնա՞նք օր մը սիրել, օր մը  չսիրել։ Կը սիրենք անկախ անոր տրամադրութենէն, բարեկեցութենէն, հնարաւորութիւններէն: Հայրենիքն ալ, մօր նման, չենք ընտրեր։ Կը ծնինք ու այն արդէն մերն է:  

Այն ինչ կը կատարուի եւ կը պատահի մեր երկրի պատմական բոլոր ժամանակաշրջաններուն, մեր պատասխանատուութիւնն է։ Մենք բոլորս, որպէս անհատ, պատասխանատու ենք այն ամէն ինչին, որ երբեւէ տեղի ունեցած է կամ տեղի պիտի ունենայ պատմութեան կերտման այս կամ այն ընթացքին։ Ինչո՞ւ: Որովհետեւ դիւրին է նստիլ  ամենաբարձր զանգակատան կտուրին եւ քննադատել, բայց դժուար է պարան մը առնել ու ընդհանուր կառքը  քաշել ։

Այն ամէնը ինչ կը կատարուի  մեր ապրած ժամանակաշրջանին եւ մենք անոնց պարզապէս դիտորդի մը պէս կը վերաբերուինք, մեր տունը կը քանդեն:  

Հայրենիքը բոլորիս սրբութիւն սրբոցն է, իր բարօրութիւնը բոլորիս սուրբ պարտքն է։ Բնաւ կարեւոր չէ, շինարար ես, հողագործ, ուսուցիչ, բժիշկ, թէ՝  նախարար։ Իւրաքանչիւրը իր բջիջի մէջ եթէ անթերի ու նուիրումով կատարէ իր գործը, իրարու միանալով  կ’ունենանք առողջ եւ մրցունակ մեծ փեթակ։

Մեր դժբախտութիւններու պատճառն այն է,  որ մենք բաւարար չափով չենք սիրեր մեր հայրենիքը, այնքան մը, որ մեր անձի փոխարէն այն դնենք առաջնահերթութեան նժարին։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ