Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Անձի Երկուութիւն՝ Ազգովին

Անձի երկուութիւնը (multiple personality disorder) հոգեկան խանգարում մըն է, որ հազուադէպ կը հանդիպի: Այս խանգարումի ատեն մարդու անհատականութիւնը կը կիսուի, եւ այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, թէ իբրեւ մէկ մարմինի մէջ տարբեր եսեր «կ’ապրին», որոնք մերթ ընդ մերթ զիրար կը փոխարինեն: Եսերը կրնան ըլլալ տարբեր սեռի, տարիքի, ազգութեան, խառնուածքի, մտաւոր կարողութիւններու, ըմբռնումներու: Անոնք միեւնոյն իրավիճակին տարբեր ձեւով կրնան արձագանգել:  Այսինքն  «փոփոխութենէն» ետք տուեալ պահի եսը չի կրնար յիշել թէ ինչ եղած է, երբ միւս եսերը  ազդու էին:

Վերջին մէկ տարուան դէպքերու ընթացքը, մարդոց վերաբերմունքն ու ձեռնարկած քայլերը  ծայրայեղ հակասական եւ իրարամերժ են։ Կարծես թէ ամբողջ հայ ազգը անձի երկուութեամբ կը տառապի. բան մը կ’ըսէ, ճիշդ հակառակը կ’ընէ՝ ըսուածը մոռնալով:   Դատելով  ընկերային ցանցերուն մէջ տիրող « քաղաքագիտական եւ աշխարհաքաղաքական արհեստավարժ մեկնաբանութիւններէն» կարելի է ենթադրել, որ ամբողջ հայ ազգը կախարդական փայտիկի մէկ հարուածով վերածուած է ազգ-նախարար-վարչապետ-քաղաքագէտ-իրաւագէտ  մէկ համընդհանուր համազգային միութեան։ Իրականութեան մէջ սակայն ճիշդ հակառակ իրավիճակը կը տիրէ:  Խրախճանքներու, հրավառութիւններու, Հայաստանի մէջ թրքական արտադրութեան ապրանքներու ծովի իրադրութեան վրայ եղած հայրենասիրական, հակաթրքական, հակառուսական, հակաարեւմտեան երանգի յայտարարութիւնները մեզ կը ստիպեն մտածելու, որ մենք ազգովի կը տառապինք անյայտ ծագումով ազգային հիւանդութեամբ մը, որովհետեւ բանաւոր յայտարարութիւնները գործնական գետնի վրայ կը մոռցուին եւ հակառակը:  

Միայն Աստուծոյ յայտնի է, թէ ինչքա՛ն պիտի շարունակուին ջայլամի պէս մեր գլուխները հողի տակ պահելու ապրելակերպը,  մեր շուրջ կատարուող ապազգային, ազգը կործանող երեւոյթները, մաս-մաս ձեռքէն գացող հայրենիքը չնկատելը։ Եթէ ազգովին չարթննանք մեզ ոչնչացնող  թմբիրէն, ոչինչ կը մնայ ափսոսալու։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ