Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Ժողովուրդը Պէտք է Ցուցաբերէ Ամուր Միասնականութիւն, Աննկուն Կամք եւ Անզիջող Կեցուածք. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ազրպէյճանական ուժերու Սիւնիք ներխուժման վերաբերեալ կը յայտարարէ.

«Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն հազիւ տարի մը անցած, ահաւասիկ նոյն թշնամին, աշխարհին դիմաց, արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները եւ ոտնակոխելով միջազգային օրէնքները, իր ոճրային արարքները Հայաստանի նկատմամբ կը շարունակէ։

Յստակ են թշնամիին հետապնդած նպատակները։

Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ բարեկամ նկատուող երկիրներուն լռութիւնը տարօրինակ է։

Այս կացութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, պէտք է ցուցաբերէ ամուր միասնականութիւն, աննկուն կամք եւ անզիջող կեցուածք»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ