Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Անհամատեղելի Մերձաւորութիւն

 Օր մը շնագայլերն ու գայլերը որոշեցին գառնուկներուն համոզել, որ եթէ  իրենց  ագարակի դարպասները բանան ու արտօնեն որսի երթալ՝  ագարակի մէջէն անցնելով, այդ պարագային գառնուկներն ալ կրնան  անտառներուն մէջէն անցնելով՝ արօտավայր երթալ: Այսպիսով բոլորը երջանիկ եւ կուշտ կ’ըլլան, տնտեսական ճամբաները կը բացուին, արօտավայր հասնիլը աւելի դիւրին եւ ձեռնտու կ’ըլլայ, կ’ունենան տնտեսական աճ եւ ամէնէն կարեւորը՝ արօտավայր հասնելու  այլընտրանքային ճանապարհներ:

Գառնուկները նստեցան, երկար բարակ ժողով ըրին, ապագայի  տնտեսական շահը հաշուեցին, ապագայի նոր ճանապարհները պատկերացուցին, արօտավայրի աճող համախառն  ներքին արդիւնքը պատկերացուցին, ապագայի տնտեսական կապերը պատկերացուցին, նոյնիսկ պատկերացուցին թէ ինչպէ՛ս յառաջիկայ 30 տարուան ընթացքին իրենց ագարակը տիեզերքի մէջ առաջատար դիրքի վրայ պիտի ըլլայ եւ ուրախութեամբ որոշեցին ագարակի դարպասները բանալ ու մերձենալ, դրացիական բարի յարաբերութիւններ մշակել դրացի գիշատիչներուն հետ։

Սակայն մէկ բան մոռցէր էին։ Գայլը բնազդով, ծնած է գիշատիչ ըլլալու համար,  եւ  ինչքան ալ  խոստանան բարի, ընկերասէր եւ համերաշխ ըլլալ, միեւնոյնն  է, իրենց բնազդէն երբեք պիտի չկրնան հրաժարիլ, երբեք պիտի չկրնան բուսակեր դառնալ։

Հայերը ինչպէ՞ս պիտի կրնան համերաշխ ապրիլ մեծ թուրան երազող թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու հետ, երբ վերջիններուս երազանքը իրականացուելու համար մնաց միայն կլանեն Սիւնիքը ու թերթեն պատմութեան իրենց հերթական յաղթական էջը:

Թուրքերը կամ իրենցմէ ծնած  ազերիները ե՞րբ եղած են բարի կամքի տէր, խաղաղասէր, համերաշ ազգեր: Անոնց պետութիւններու գոյութեան  պատմութիւնը կը սկսի եւ կը շարունակուի արշաւանքներով, կոտորածներով, պատերազմներով, ցեղասպանութիւններով եւ մշակոյթի սպանութեամբ։

Հայը չի կրնար միամիտ եւ դիւրահաւատ ըլլալ՝ իր ուսերուն այսքան դարերու կենսափորձն ունենալով, չի կրնար փակ աչքերով նայիլ,  փակ ականջներով լսել եւ փակ միտքով գոյատեւել ։

Պէտք է արթննալ…

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ