Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Պահն Է Հայ Ժողովուրդի Միասնականութեան

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Բա՛ւ է այլեւս, բաժակը յորդեցաւ։ Ո՞ւր ես երկարամեայ դաշնակից Ռուսական Դաշնութիւն։ Ազդու կերպով միջամտէ, յարգելով կնքուած դաշնագիրը Հայաստանի հետ, միանգամայն ցոյց տալով աշխարհին, որ ընդունելի չէ Ռուսաստանի զգայուն գօտին այսքան բացայայտօրէն վարկաբեկել Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ յատկապէս՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

2020, Սեպտեմբեր 27-ին, Ատրպէյճանի բանակը շղթայազերծած էր լայնածիր յարձակողական Արցախի վրայ, Թուրքիոյ սպայակոյտին եւ օդանաւային անմիջական օժանդակութեամբ, վարձկան եւ իսլամիստ հազարաւոր զինեալներու մասնակցութեամբ։ 44 օրեր ետք միայն, Ռուսաստան միջամտեց իր զօրքերով, երբ արդէն նուաճուած էր Արցախի շուրջ երկու երրորդ տարածութիւնը, հայկական միացեալ բանակին եւ հայաբնակչութեան պատճառելով ծանր պարտութիւն ու բիւրաւոր զոհեր,  ինչպէս նաեւ՝ լայնածիր աւերածութիւն։

2020 Նոյեմբերին, ճակատող կողմերուն միջեւ կնքուեցաւ զինադուլ, որուն տակ ստորագրեցին վարչապետ Ն. Փաշինեան, նախագահներ Ալիեւ ու Փութին, այս վերջինը իբրեւ իրաւարար երաշխաւոր։

Անցնող աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին, Ատրպէյճան կը շարունակէ բացայայտօրէն խախտել զինադուլը, գնդակոծելով, ինչպէս նաեւ ներխուժումներ կատարելով սահմանային գիւղերէ ներս, պատճառելով վիրաւորներ ու մահեր տեղւոյն բնակչութեանց, եւ հայկական եզերապահ զօրքերէն վերցնելով նաեւ, երբեմն գերիներ։

Իւրաքանչիւր միջադէպի առիթով տեղեակ կը պահուի ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութիւնը։ Կը հետեւին բանակցութիւններ, ու կը հաստատուի առժամեայ հանդարտութիւն։

Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի առաջնորդներուն միջեւ ցարդ կատարուած բանակցութիւնները, չեն կարողացած առաջքը առնել կրկնուող խախտումներուն։ Այս Նոյեմբերի արիւնալի դէպքերէն ետք, Հայաստան դիմած է նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Մինսքի եռանդամ դիւանին, Եւրոպական Միութեան ու մեծ պետութեանց։

Բացայայտ է Ատրպէյճանի վարած անհակակշիռ ու գրգռիչ ռազմավարութիւնը, սահմանային սրբագրութիւններ պահանջելով Հայաստանէն։


2020, Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի Ա. տարեդարձին առիթով, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հրապարակեց հակակշռուած, ճկուն հաղորդագրութիւն մը, յայտնելով թէ մենաշնորհ մը չի նկատեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իր միջնորդութիւնը։ Հակամարտ երկու ժողովուրդներուն հետ իր երկար ու սերտ բարեկամութեամբ, ու գործունէութեամբ հանդէս կու գայ, միջազգային հանրութեան արդիւնաւէտ օգտագործման օգտին։ Անիկա կը հերքէ «այն լցոնումները որ Ռուսաստանի խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելուն, եւ Ատրպէյճանի յանձնելուն, Հայաստանը փրոթեքթորայի վերածելուն»։ Մոսկուայի նախաձեռնած բոլոր եռակողմ փաստաթուղթերն ու մեխանիզմները պարտադրուած չեն եղած կողմերուն, այլ հիմնուած են շահերու ստուգուած հաւասարակշռութեան վրայ, որ կը նախատեսէ չափազանց յարգալից վերաբերմունք Պաքուի եւ Երեւանի ինքնիշխանութեանց շահերուն նկատմամբ։ Մենք չենք կրցած համաձայնութեան գալ մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն շուրջ, եւ այն բնական է։ Բայց արդէն իսկ հաստատուած համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է տառապանքով, եւ արդիւնաւէտօրէն կ՚իրականացուի գործնականին մէջ։

Վերեւ ակնարկուած անհամաձայնութիւնը յառաջ եկած է, եւ ըստ մեր համեստ կարծիքին, պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի պահանջքները գոհացում չեն ստացած իրեն նպաստաւոր նոր սահմանագիծերու նկատմամբ։

Արդէն, այս Նոյեմբեր 16-ին, հակառակորդը դարձեալ «կիրառած է հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդն ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, զրահամեքենայի շուրջ մէկ տասնեակ միաւոր ոչնչացուել կամ շարքից դուրս է բերուել։ Հայկական կողմը նոյնպէս կորուստներ ունի. 12 զինծառայող, նաեւ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են։ Քանի որ յարձակումը եղել է Հայաստանի սուվերեն տարածքի վրայ, դիմում կատարուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան, ՀՀ-ի եւ ՌԴ-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող 1997 թուականի պայմանագրի շրջանակներում փոխադարձ պարտականութիւնները իրագործելու տրամաբանութեան շրջանակներում»։ Եթէ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը օգնութիւն տրամադրէ, մենք հնարաւորութիւն կ՚ունենանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու։ Մայիս 12-էն սկսեալ, ատրպէյճանցիները խախտած ըլլալով այդ կարմիր գիծը, դիմում կատարուած է Ռուսաստանին որ գործադրէ դաշնակցային իր պարտաւորութիւնները։ Մայիս 12-ին ստեղծուած իրավիճակով, դիմուած է նաեւ ՀԱՊԿ-ին, որպէսզի ստեղծուած վերոյիշեալ ճգնաժամը լուծուի։*

Հարցը ա՛յն է, որ տարիներու մինչեւ հիմա ընդունուած սահմանագիծերը ինչո՞ւ փոփոխութեան ենթարկուելու են։ Նման պահանջք մը չէ յիշատակուած 2020 Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած զինադուլի համաձայնագրին մէջ։ Այս թուականէն իվեր, այլազան միջադէպերու առիթով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղեկայուած ռուսական զօրքերը միջամտած են։ Ապա հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի վարչապետին, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ՝ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, ու գոյացած է որոշ զսպուածութիւն, որը սակայն կարճատեւ եղած է։ Ազերիական վերանորոգուած յարձակումները երթալով բազմացած են սակայն, ու մարդկային առեւանգումներ ու զոհեր խլած են հայաբնակչութենէն։ Ռուսական միջամտութիւնները, դժբախտաբար, երթալով կորսնցուցած են իրենց ազդեցութիւնը։ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմացուցած են դիմումներն ու բողոքները ՄԱԿ-ի, Մ. Նահանգներու, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Քանատայի, Պարսկաստանի ու Չինաստանի, ինչպէս նաեւ՝ այլ երկիրներու մօտ։

Կը թուի, թէ Ռուսական Դաշնութեան ազդեցութիւնը ընդհանրապէս, ու մասնաւորաբար Հարաւային Կովկասի մէջ նուազած է։ Միւս կողմէ Ատրպէյճանը բազմաթիւ երկիրներու հետ տնտեսական շահաբեր կապեր ունի։ Այդ պատճառով, սահմանային վերոյիշեալ դէպքերու առիթով անոնք կը կատարեն զսպուած յայտարարութիւններ, անոնցմէ ոմանք ալ կատարելով ձեւակերպեալ օժանդակութիւններ Հայաստանին։ Միջազգային քաղաքականութիւնը հիմնական շահ մը չունի Ռուսիոյ դաշնակից փոքրիկ Հայաստանին շօշափելի օժանդակութիւն ընծայելու համար։

Միջին Արեւելքի քաղաքական ընդհանուր կացութիւնը եթէ Արեւմուտքի զգալի տիրապետութեան չենթարկուի, դժբախտաբար Հայաստան ենթակայ պիտի մնայ թուրք-ազերիական տիրապետութեան տակ. քաղաքա-տնտեսական նպաստաւոր պայմաններ կարելի է յուսալ Հայաստանի Հանրապետութեան համար վերոյիշեալ տուեալներու զգալի փոփոխութեամբ։

Մինչ այդ, աններելի է Հայաստանի ընդդիմութեան ընթացիկ ժխտական վարքագիծը։

Հայրենիքը պէտք ունի իր տեղաբնակ ժողովուրդին եւ սփիւռքի միասնականութեան՝ դժուարին այս օրերուն։

*«Նոր Օր» շաբաթաթերթ, 17 Նոյեմբեր 2021, տես էջ 1 ու 17։
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Գնահատելի է Սարգիս Մինասեանի վերլուծումը որ կրցած է աւելի պարզ եւ ուժեղ կերպով գծել իրական պատկերը։ Ճիշդ է եւ այպանելի Ռուսաստանի Դաշնութեան եկդիմի կեցուածքը։ Այդքան վնասներ ու մահեր պատճառող պատերազմը կանուխէն պէտք էր ինք դարմանէր, ձգելով որ Հայաստան այսքան ընկճուի այն ատիճան որ ստիպուած ըլլայ դէպի արեւմուտք իր հայեացքը ուղղելու։ Ռուսաստան եթէ «Կովկասի տէրն» է աւելին կ՛ակնկալուի։ Ափսոս։
    Տէր Զաւէն Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ