Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կողքին ունենալով Շահան Սրբազանը եւ Նարեկ Սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց Հոգեւոր Տէրը:

Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին եկեղեցիներու գործակցութիւնը ամրապնդելու, մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրացնելու եւ միասնաբար մեր ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ