Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

ԽՆԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Անհուն ուրախութեամբ իմացանք, թէ մեր շրջանակի պատուաբեր երիտասարդներէն Տէր եւ Տիկ. Նարեկ եւ Մարլէն Մուրատեանները Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021-ին բախտաւորուած են առաջին զաւակով, որ անուանեցին Մոնթէ – Էտմոն Մուրատեան։

Այս բերկրալի առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք նորածինին հայրը եւ մայրը Նարեկ եւ Մարլէն Մուրատեանները, նորածինին մեծ ծնողները Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ եւ Աշխէն Մուրատեանները եւ մեծ մայրը՝ մեր կուսակցական շրջանակին ու մանաւանդ «Նոր Օր» երկլեզու հարիւրամեայ շաբաթաթերթի երկարամեայ բարերարուհիներէն՝ Տիկ. Անի Սարգիսեանին, մաղթելով նորածինին քաջառողջ, երկար ու երջանիկ տարիներ, միշտ շրջապատուած իր թանկագին ծնողքով եւ հարազատներով։

ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» երկլեզու շաբաթաթերթի Վարչութիւն
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ