Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեւորականաց Մասնաւոր Ժողով Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021, նախագահութեամբ` Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Պըրպէնքի Առաջնորդարանին մէջ գումարուեցաւ Հոգեւորականաց մասնաւոր ժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ինչպէս Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները, այնպէս ալ  Թեմի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները` zoom դրոյթով: Ժողովական աշխատանքները բացուեցան Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք՝ հերթաբար քննարկուեցան օրակարգին վրայ դրուած հարցերը եւ ենթահարցերը, ըստ հետեւեալի` ծիսական հարցեր, հիւանդանոցներէն ներս հոգեւոր սպասաւորութեան հարցը, քահանայից եւ սարկաւագաց պատրաստութեան ծրագիրներ, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու դասընթացքներու տարեկան ծրագիրներ, Առաջնորդարանի մետիա դաշտի առաջընթացին վերաբերող հարցեր եւ այլք:

Հոգեւորականաց  ժողովը, որպէս քննարկման նիւթ յառաջ քաշեց ինչպէս Հայաստանի ներկայ իրավիճակի, այնպէս ալ Երուսաղէմի Հայոց Վանքի եւ Պատրիարքութեան շուրջը տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հարցերը։  Այնուհետեւ ժողովականները անդրադարձ ունեցան նաեւ յաջորդ տարի Ապրիլ 24-ի Սրբոց Նահատակաց ոգեկոչման հանդիսութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Ձեռք երկարէ եղբօրդ» ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն։

Ապա քննարկուեցաւ 2022 թուին՝ Թեմի հիմնադրման 95 ամեակին նուիրուած միջոցառումներու հարցը, միաժամանակ քննարկման հիմնական շեշտը դնելով Թեմի բոլոր եկեղեցիներու հիմնարկութեան, օծման տարեդարձներու եւ պատմական վերարժեւորման վրայ։   

Ժողովին մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ քանի մը կարեւոր այլ հարցերու, որոնք կ’առընչուէին  մեր Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի կեանքին, ինչպէս նաեւ տեղային եւ առօրեայ խնդիրներուն, որոնք Թեմի հովուական եւ ծառայական կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունին։

Ժողովը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով եւ  Արշակ Աւ․ Քհնյ․ Խաչատուրեանի աղօթքով։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ