Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հետազօտութիւններ՝«Օմիքրոն» Տարբերակի Յատկութիւնները Բացայայտելու Ուղղութեամբ

2021ի Նոյեմբերին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց Քորոնա ժահրի նոր տարբերակի՝ «Օմիքրոնի» մասին: Այժմ, գիտնականները Հարաւային Ափրիկէի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հետազօտութիւններ կը կատարեն «Օմիքրոն» տարբերակի յատկութիւնները բացայայտելու համար:

Այս պահուն, տակաւին պարզ չէ, որ «Օմիքրոն» տարբերակը միւսներուն հետ բաղդատելով աւելի՞ վարակելի է, թէ՞ ոչ, հակառակ անոր որ Հարաւային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ, ուր շրջանառութեան մէջ է այս տարբերակը, աւելցած են քորոնա ժահրային հիւանդութեան պարագաները: Ներկայիս կ՛իրագործուին համաճարակաբանական հետազօտութիւններ` պարզելու համար, որ արդեօ՞ք անիկա պայմանաւորուած է «Օմիքրոն» տարբերակով, թէ՞ այլ գործօններով:

COVID-19-ի յարուցիչի բոլոր տարբերակները, ներառեալ ամբողջ աշխարհի մէջ գերիշխող «Տելթա»-ն, կրնան յանգեցնել հիւանդութեան ծանր ընթացքի եւ մահուան՝ յատկապէս «ռիսք»ի խումբի անձերու ծիրին մէջ։ «Օմիքրոն»ը կրնայ բարձրացնել կրկնավարակի վտանգը։ Ատոր համաձայն, պատուաստները կը շարունակեն արդիւնաւէտօրէն պաշտպանել հիւանդութեան ծանր ընթացքէն եւ մահուան դէպքերէն:

«Օմիքրոն» տարբերակը մտահոգիչ ըլլալով, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը յանձնարարէ աշխարհի երկիրներուն շարք մը միջոցառումներու դիմելու, այդ շարքին զօրացնելով վերահսկողութիւնը եւ աշխուժացնելով «genomic sequencing» գործընթացը: Երկիրները պէտք է շարունակեն արդիւնաւէտ հակահամաճարակային միջոցառումներ ձեռնարկել COVID-19-ի յարուցիչի շրջանառութեան ընդհանուր մասշտապները կրճատելու ուղղութեամբ: Բացի ատկէ, անհրաժեշտ է ապահովել քորոնա ժահրային հիւանդութեան դէմ պատուաստներու հաւասար հասանելիութիւն բոլորին համար՝ առաջնահերթութիւն տալով «ռիսք»ի խումբերուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ