Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Միասնական Որոշումներու Ոյժը

Կարելի է չսիրել եղբօրը եթէ նա վատ մարդ է,

անկարելի է չսիրել հայրենիքը, ինչ էլ որ նա լինի։

Յովհաննէս Թումանեան

Հայաստանը, հայ ազգը, պատմութիւնը, պետականութիւնը, մեր  ազգային արժանապատուութիւնը, սահմաններու անվտանգութիւնը, պետութեան ամբողջականութիւնը եւ ազգային դիմագիծը կ’ապրին դժուար եւ ծանր ժամանակներ: Օդի ու ջուրի չափ անհրաժեշտութիւն է միասնական որոշումներ ընդունիլը, մէկ գաղափարի շուրջ միասնական ոյժով աշխատիլը, նպատակներուն հասնելու համար միասին մէկ գաղափարի ծառայելը։

Հետաքրքրական է , որ իւրաքանչիւր անհատ գիտէ թէ ի՛նչն է անհրաժեշտը բոլորին համար, անկախ անկէ, թէ տուեալ անհատը Հայաստանի՞ մէջ կ’ապրի, սփիւռքի՞ մէջ կ’ապրի, թէ՝ այլ մոլորակի վրայ։ Սեփական տեսլականը  իրագործելու համար անհրաժեշտ են գաղափարակիցներ, որոնց պէտք է համախմբել նոյն գաղափարի շուրջ. բանակները այսպէ՛ս կը կազմուին՝ կարմիրներու, կապոյտներու, սեւերու, ճերմակներու, մեծերու, փոքրերու ․․․

Բայց եթէ խորանանք, կը տեսնենք որ բոլորին գաղափարները, տեսլականները, նպատակները գրեթէ նոյնն են՝ ինքնիշխան եւ անկախ Հայաստան, ամուր պետականութիւն, ապահով սահմաններ, զարգացող գիտութիւն եւ բժշկութիւն, աճող տնտեսութիւն եւ  այլն։ Տեսլականները նոյնն են, սակայն անոնց հասնելու ուղիները տարբեր են։ Ընդ որում ոչ շատ հարթ, երբեմն զարտուղի ճանապարհներ․․․

Միասնական որոշում ընդունելու ունակութիւնը մեր մէջ գոյութիւն չունի։ Ինչպէ՞ս գալ ու հասնիլ այն միաձայն որոշումին, որ կարելի է գործել միասնաբար, զիրար օգնելով, զիրար սատարելով, նեցուկ կանգնելով եւ աջակցելով։

Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել բառերով, որ հայրենիքը ոչ թէ խօսքով, այլ գործով կը սիրեն ․․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ