Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

SAS-ը Գիրքերու Հարուստ Հաւաքածոյ Մը Նուիրեց Ցեղասպանութեան Թանգարանին

Ֆրեզնոյի Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գրադարանի հաւաքածոն հարստացնլու նպատակով, մօտաւորապէս 130 հատորներ նուիրեց թանգարանին։

Հայոց Ցեղասպանութեան, օսմանեան պատմութեան, ցեղասպանագիտութեան եւ մասնագիտական այլ նիւթեր արծարծող հատորներուն ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 2000 տոլարով։

Այս առիթով, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Յարութիւն Մարութեան 7 Դեկտեմբեր թուակիր շնորհակալական նամակ մը յղեց Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան։

Իր կարգին, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնք նիւթապէս աջակցելով՝ կարելի դարձուցին այս նախաձեռնութիւնը։

Ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ societyforarmenianstudies.com կայքը կամ դիմել bdermatossian2@unl.edu հասցէին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ