Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Օմիքրոն»ը 70 Անգամ Աւելի Արագ Կը Բազմանայ «Պրոնք»ներուն Մէջ, Քան «Տելթա»ն

Քորոնա ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը 70 անգամ աւելի արագ կը բազմանայ հիւանդներու «պրոնք»ներու (շնչառական ուղիներու ճիւղաւորումներ) հիւսուածքներուն մէջ, քան «Տելթա»ն։ Այս մէկը պարզած են հոնգոնկցի գիտնականները։

Բայց ատոր հետ մէկտեղ «Օմիքրոն»ը 10 անգամ աւելի դանդաղ կը բազմանայ թոքերուն մէջ, եւ ատոր համար մասնագէտները յոյս ունին, որ վարակը աւելի դիւրին կը յաղթահարուի։

Գիտնականները հետազօտած են թոքերու հիւանդութիւններ ունեցող հիւանդներու հիւսուածքներու նմուշները եւ բաղդատած՝ քորոնա ժահրի, «Տելթա»ի եւ «Օմիքրոն»ի սկզբնական տարբերակի աշխուժութիւնը։ Չնայելով որ «պրոնքիալ» վարակը կրնայ  աւելի դիւրին յաղթահարուիլ օրկանիզմին կողմէ, մասնագէտները մտահոգ են, որ «Օմիքրոն»ը կրնայ մեծ սպառնալիք ներկայացնել։

Մասնագէտները նաեւ մտահոգ են պատուաստներու դիմադրողական պատասխանէն «Օմիքրոն»ին խուսափելու կարողութենէն: Այդ կրնայ ստեղծել սուր բորբոքում հիւանդներու մօտ, որ կ՛առաջանայ դիմադրողական համակարգի գեր գրգռուածութենէն, եւ որ կրնայ մահացու ըլլալ։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ