Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիշերը Յայտնուող «Օմիքրոն»Ի Ախտանշանը

Քորոնա ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը ունի արտասովոր ախտանշան մը, որ միայն գիշերը կը յայտնուի։ Այս մասին գրած է Daily Star-ը՝ յղում կատարելով ITV Lorraine հեռատեսիլի հեռարձակումը։

Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ուր առաջին անգամ յայտնաբերուած է քորոնա ժահրի նոր տարբերակը, բժիշկները յայտնած են գիշերային քրտնարտադրութեան յաւելումի վերաբերեալ՝ վարակուած հիւանդներու բողոքներու մասին: Եթէ սկիզբը քորոնա ժահրով վարակման ախտանշան կը նկատուէր անընդհատ հազը, բարձր տաքութիւնը եւ հոտի ու համի կորուստը, ապա այժմ հիւանդներու մօտ սկսած է քիթը հոսիլ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, կոտրտուքներ եւ մարմնի ցաւեր, ինչպէս նաեւ՝ գիշերային քրտնարտադրութիւն ի յայտ գալ։

Մասնագէտ Ամիր Խան ըսած է, որ այս ախտանշանները պէտք է ներառել Անգլիոյ առողջապահութեան ազգային ծառայութեան (NHS) ցուցակին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ հետեւիլ «Օմիքրոն»ով վարակման դէպքերուն եւ դիւրացնել ժահրին յայտնաբերումը: Մասնագէտին խօսքով՝ «կարմիր գօտիի մէջ» գտնուող հիւանդները իսկապէս յաճախ կը բողոքեն բարձր քրտնարտադրութեան մասին։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ