Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամանորեայ Մաղթանքներ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Նոր տարին, 2022-ը, արդէն կը թակէ մեր դռները: Հակառակ անոր որ 2021 տարին շարունակութիւնը կը թուէր ըլլալ 2020-ին, բայց տակաւին աշխարհ չէ յուսահատած թէ՝ օր մը, պիտի բացուին դռները յուսոյ, խաղաղութեան ու համերաշխութեան եւ մարդկութիւնը պիտի վայելէ անդորր ու բարգաւաճ կեանք:

Սակայն որեւէ յուսալի նշոյլ տակաւին մեր հոգիներուն մէջ միայն կը խայտան, սպասելով այն բարի օրուան երբ մարդիկ պիտի վազեն միայն իրենց ապրուստին եւ հանգիստին համար, մէկդի թողելով այն խելայեղ նիւթապաշտ արշաւը դէպի հարստութիւն, տիրապետութիւն եւ ղեկավարութիւն:

Դուրսը ձիւն ու ձմեռ էր: Հայրս տակաւին չէր վերադարձած աշխատանքէն: Տարեգլուխ էր, վերջին օրը, եւ մենք՝ ընտանիքով կը պատրաստուէինք տօնելու կաղանդը: Չէ՞ որ տարին մէկ անգամ կը պատահէր այդ եւ կաղանդ պապան մեզի գոնէ նուէր մը կը բերէր անպայման, հոգ չէ թէ այդ նոր կօշիկ, հագուելիք կամ՝ մեր երազներուն թագուհին՝ խաղալիք մը ըլլար այն, զոր ժամերով կը դիտէինք խանութներու ցուցափեղկերուն մէջ եւ  որուն համար  գիշերներ շարունակ երազած էինք:

Հասած էր պահը հօրս ժամանումին եւ մենք եղբայրներով անձուկ կը սպասէինք իր վերադարձին, պատուհանէն կախուած: Գիտէինք որ ինքն էր մեր նուէրներուն աղբիւրը, սակայն պէտք էր անպայման սպասէինք կաղանդ պապայի ժամանումին, գիշերուան ճիշդ ժամը 12-ին, որպէսզի ա՛ն մեզի տար նուէրները, որովհետեւ ինքն էր նուէրներ բերողը: Իսկ մենք՝ մինչեւ կէս գիշեր, կէս քուն կէս արթուն այնպէս ալ չէինք տեսներ կաղանդ պապային ժամանումը: Բայց որ աչքերնիս բանայինք եւ մեր կաղանդի տխեղծ ծառին տակ տեսնէինք մեր նուէրները, արդէն մեզի համար հարսանիք էր վայրկեանի մը համար, կամ՝ յուսախաբութիւն ամբողջ տարուան մը համար, որովհետեւ՝ «չար կեցած» էինք այդ տարի: Տարիներ ետք էր միայն որ կը հասկնայինք թէ մեր «չարութիւնը» բնաւ առնչութիւն չունէր կաղանդի նուէրին հետ, այլ՝ հօրս նիւթական վիճակն էր պատճառը:

Պատուհանին դիմաց շարուած էինք եղբայրներով եւ քրոջմով երբ տեսանք հայրս պատուհանէն, թաղի ծայրին: Բոլորս մէկ ոտքի, խուժեցինք դէպի դուռ հասնելու իրեն, «թեթեւցնելու» համար իր բեռը, որ կարծես տարիներու ծանրութեան ներքեւ աւելի կը կքէին իր քամակը: «կամա՛ց ըրէք, չձգէ՛ք գետին» կ՝ըսէր հայրս, բայց որո՞ւ հոգը, տղայական փութով հօրս ձեռքէն խլելով տոպրակները սուրացինք տուն, որոնք մեր ձեռքերէն խլուեցան անմիջապէս մօրս եւ մեծ մօրս կողմէ: Երեք սերունդ կ՝ապրէինք միատեղ եւ երկու սենեակի մէջ:

Կաղանդի ճաշը, այդ օր, մեզի հանար մասնաւոր պատրաստուած էր երկու տեսակով: Ընդհանրապէս՝ մեր առօրեայ ճաշերը մէկ տեսակ էին, գանգատի տեղ չկար. եթէ չուտէինք՝ պատիժը անօթի թողուիլն էր, որուն հետեւանքով, մեր մեծ մայրը խղճալով մեր վրայ, գաղտնօրէն կտոր մը հաց ու պանիր պիտի տար «անօթի չպառկելու համար»:

Բայց կաղանդը ամէն ինչ էր: Ճաշերը համեղ, հապա՞ պտուղները, չիր ու չամիչն ու քաղցրաւենիները, անհաւատալի էր, երանի ամէն օր կաղանդ ըլլայ կ՝ըսէինք: Բայց յաջորդ օրն իսկ այդ բոլորը կ՝անհետանային «վերջացաւ» ըսելով, սակայն ատենը մէյ մը մէջտեղ ելլելով հիւրի մը կամ ազգականի մը այցելութեան ժամանակ, իսկ մենք, որ գիտէինք եւ կը ճանչնայինք այդ չորցած պտուղներն ու քաղցրաւենիները, անցուկ անձայն, մէկդի քաշուած, կը սպասէինք որ թերեւս մեզի եւս կարգ կը հասնի այդ հիւրասիրութիւնէն:

Մենք ցեղասպանութիւնէն ազատուած սերունդին յաջորդն էինք: Մեր ծնողներուն նման ջարդ,  կոտորած եւ աքսոր չէինք տեսած, սակայն անոնց հետեւանքներէն առանց անդրադառնալու կը տառապէինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կրելով զրկանք, անբաւարարութիւն՝ սննդեղէնի, հագուստ կապուստի եւ կենցաղային բոլորը աղբիւրներէն: Տարիներու հոսքով միայն կը հասկնայինք մեր ծնողներուն կրած տառապանքը մեզի եւ մեր սերունդին համեստ ապրուստի մը ապահովման համար տարած չարաչար աշխատանքը:

Բայց, կաղանդ էր: Ընտանեօք բոլորուած էինք գետնի վրայ զետեղուած սփռոցի մը շուրջ որուն վրայ շարուած էին պղինձէ կլայուած պնակներն ու ճաշերը: Ծալապատիկ՝ բոլորուեցանք սեղանին շուրջ եւ այդ օրուան առիթով աղօթքով մը ճաշեցինք տարուան ամէնէն համեղ ճաշերը: Յաճախակի տարեցներուն կողմնակի խօսակցութիւններուն մտիկ ընելով, առանց սակայն կարենալ միջամտելու, ուր մնաց՝ խօսակցութեանց խառնուելու: Ստամոքսները լի ու ծանրացած՝ մէկիկ մէկիկ քաշուեցանք «տիւաններուն» վրայ, սպասելով յաջորդ սպասարկութեանց:

Պտուղն ու քաղցրաւենիները՝ յետոյ, ըսուեցաւ:

Հիմա, «եկուր ալ դիմացիր» մինչեւ կէս գիշեր, որ կաղանդ պապան գայ, այն համեղ քաղցրաւենիքը եւ նուէրները բաժնէ մեզի: Արդէն մեր աչքերը ծանրանալ սկսած էին, սակայն սենեակին չորս դին խօսակցութիւններն ու աշխատանքները դադար չունէին, ներառեալ փոքրիկ քոյրս որ «պէտք էր տանտիկինութիւն» սորվէր:

Եղբայրներով՝ յանկարծ կը սթափէինք մեր թմբիրէն առանց իմանալու թէ արդէն կէս գիշեր էր եւ….«կաղանդ պապան եկեր ու գացեր էր»: Բարեբախտաբար՝ նուէրները եւ անուշեղէններուն մեր բաժինը հոն ձգելով:

Խուռներամութիւն կամ հրմշտուք կարելի չէր: Պէտք էր կարգի կենայինք: Որովհետեւ տան անդրանիկ զաւակն էի, առաջին հերթը իմս էր եւ անհամբեր՝ խլեցի մեծ հօրս երկարած տուփը, որ «կաղանդ պապան բերած էր»: Ամբողջ տարին կը սպասէինք այս պահին: Այլ առիթ կամ առիթներ չունէինք նուէրներ ստանալու համար, ի բաց առեալ դպրոցական տարեշրջանի աւարտին ստացած նուէր գրքոյկէն որ կը ստանայինք եթէ՝ յաջողակ ըլլայինք մեր դասերուն մէջ:

Դողդոջուն ձեռքերով, գանձ մը պեղելու զգուշութեամբ կը փորձեմ բանալ տուփին փաթթոցը, առանց նայելու եղբայրներուս ստացած նուէրներուն: Վերջապէս՝ կը բանամ տուփը: Նոր կօշիկ մըն էր, փայլուն երեսով, սեւ մորթով եւ ներքեւի հաստ կաշիով: Երազած խաղալիքս չէր: Ինչ յուսախաբութիւն:

Բայց բոպիկ կամ պատռտած կօշիկով դպրոց յաճախելէն աւելի լաւ էր:

Չեմ յիշեր նոյնիսկ ի՞նչ էին եղբայրներուս նուէրները:

Երանի ներկայ սերունդին:

Կը կրկնեմ քլիշէ եղած տարեկան մաղթանքները յուսալով որ օրին մէկը անոնք իրականութիւն կը դառնան հայ ազգին, մեր հայրենիքներուն՝ Հայաստանին ու Արցախին եւ համայն աշխարհին բարօրութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ