Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տարուայ Սեմին

Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին կարծես չգրուած աւանդոյթով կը փորձենք ամփոփել անցնող տարուան մեր գործերը, ձեռքբերումները , կորուստները եւ մտովի կամ բարձրաձայն կը ծրագրենք եւ կը սկսինք մտածել ապագայի գործերու կամ տեսլականներու մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Անցնող տարուան բարդ եւ խրթին իրավիճակները, երեւոյթները, կորուստները թող չյուսահատեցնեն , այլ՝ համբերութեամբ զինեն։ Վերլուծենք տեղի ունեցածը, դատենք եւ եզրակացութիւններ ընենք ապագայի մասին։

Ամբողջ սրտէս կը ցանկամ արեւշատութիւն եւ բարօրութիւն ձեզ եւ ձեր ընտանիքներուն։ Ոյժ, կարողութիւն բոլոր երիտասարդուհիներուն եւ երիտասարդներուն։ Խաղաղ, անհոգ, պայծառ  եւ երջանիկ մանկութիւն բոլոր մանուկներուն։ Արեւշատութիւն  եւ խաղաղութիւն բոլոր ընտանիքներուն։ 

Բայց ամէնէն  շատ , բոլորիս կը մաղթեմ խաղաղ, անսասան, կայուն ու զարգացող հայրենիք։

Թող որ ապագային իւրաքանչիւր հայ, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ իր հայրենիքով հպարտանալու առիթը ունենայ,  հայրենիքի շէնութեամբ ուրախանալու հնարաւորութիւնը ունենայ եւ հայրենիքի ջերմութիւնն ու հիւրընկալ-գրկաբաց ընդունելու երջանկութիւնը զգայ:

Բոլորիս սիրտերուն մէջ նեղութիւնը թող սիրով փոխարինուի , միտքի անհանգստութիւնը խաղաղութեամբ փոխարինուի, հոգւոյն վախը վստահութեամբ փոխարինուի ։

Թող սէրը դառնայ մեր ձեռնարկած բոլոր քայլերու շարժիչ ոյժն ու հիմնական պատճառը։

Թող հայրենիքը ըլլայ բոլորիս միակ ու հարազատ, կանչող, փայփայող  ջերմ օջախը , նոյնիսկ հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութեան վրայ։

Ապագան թող  ուղղէ անցեալի բոլոր թերութիւնները․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ