Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տարուայ Սեմին

Տոքթ. ՌԱՖՖԻ ՊԱԼԵԱՆ

2021 թուականը բաւական վերիվայրումներով ցնցեց երկրագունդի բնակչութիւնը… Covid-19 համաճարակի աւերը թէեւ մեծ տատանումներով կը նուազի, սակայն ան հեռու է անհետանալու ժամկէտէն։ Պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարը կը շարունակուի ի գին միլիոնաւոր զոհերու։ Անոր դէմ պատուաստումն ու զգուշացումը կը մնան հիւանդութիւնը կանխարգիլելու ամենավստահելի միջոցները։

Անցնող տարեշրջանին, յետպատերազմեան մթնոլորտի մէջ գտնուող մեր հայրենի բնակչութիւնը նոյնպէս վերիվայրումներ կ՚ապրի երկրէն ներս եւ արտաշխարհի մէջ։ Ականատես կը դառնանք քաղաքական եւ դիւանագիտական վազուըզուքներու։ Հակառակ ներկայ մեր հայրենի իրավիճակի օրհասական բնոյթին, բախումները կը շարունակուին քաղաքական տարբեր հատուածներու միջեւ՝ ըլլան անոնք խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական միջավայրերու մէջ։

Կը նկատենք ազգային եւ ապազգային հոսանքներու ընդհարումը, որու ընթացքին լրջօրէն կը դժուարանայ ամրօրէն պաշտպանել երկրի պետականութեան գերագոյն շահերը։

Մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի համար ներկայ գոյավիճակի անորոշութեամբ։ Համահայկական գաղափարախօսութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի բացակայութեան, առաւել եւս դժուար կը դառնայ հայուն պայքարը՝ յատկապէս երբ մեր պետութիւնը կը շրջապատեն Փանթուրանական ծրագիրներ հետապնդող երկիրներ։

Ժամանակն է խոր գիտակցութեամբ եւ նոր տեսլականներով առաջնորդուիլ. ինքնըստինքեան հասկնալի է թէ միայն խօսքով կամ ցանկատեսութեամբ չէ որ կրնանք հասնիլ մեր նպատակներուն։ Այսօրուայ հրամայականն է առնել խելացի քայլեր, տանիլ նուիրեալ աշխատանք եւ մեր անսակարկ զօրակցութիւնը մատուցել մեր հայրենիքին իր ճգնաժամի այս ծանրագոյն պահուն։ Անհրաժեշտ է հասկնալ որ իւրաքանչիւր հայ ունի կարողութիւնը իր բաժինը կամ իր լուման բերելու ի նպաստ մեր երկրի ապահովութեան, բարօրութեան ու բարգաւաճման։

Անհրաժեշտ է որ հայրենի իրականութեան մէջ արմատացած ժխտական  երեւոյթներ հիմնովին վերանան։ Կաշառակերութիւնը իր հերթին կը շարունակէ բնակիլ որոշ շրջանակներու մօտ։ Փտախտը շօշափելի նահանջ չ՚արձանագրեր կարգ մը հատուածներու օրակարգէն։ Քաղաքական անորոշութիւնը աստիճանաբար կը հիւծէ ժողովուրդի յոյսերը եւ շատ յաճախ յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան կը մատնէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը։ Օտար երկիրներու ներդրումին վրայ յուսադրումները շատ յաճախ կը խաչաձեւեն զիրար առանց արդիւնաւէտ ելքի։

Երբ փորձենք պահ մը հեռուն նայիլ, դժուար չէ պատկերացնել թէ ազգային միասնութեան անհրաժեշտութիւնը ինչպիսի կենսական նշանակութիւն կ՚ունենայ մեր ներկայ գոյապայքարի ճանապարհին։ Ազգային գօտեպնդումը միա՛կ առաջնորդող գործօնը պիտի հանդիսանայ մեր վերելքին, յատկապէս երբ նկատի ունենանք մեր անցեալէն քաղուած պատմութեան դասերը։

Համոզուած ենք՝ որպէս վերապրող եւ ի նորոյ վերապրող ժողովուրդ, երբ ազգովին զրահուած ըլլանք հայրենեաց հաւատքով, դարձեալ պիտի ամրանանք, հզօրանանք եւ մեր երթը դարձնենք յաղթական։

Հայութեան՝ շնորհաւոր Ամանոր։

Աշխարհին՝ խաղաղութիւն։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ