Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւն Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան Հաւաք

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Անմիաբանութեամբ մեծերը կը փոքրանան

Միաբանութեամբ փոքրերը կը մեծնան»

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան մօտալուտ օրերուն առիթով, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, սիրոյ եւ համերաշխութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտին մէջ, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան ներքոյ գործող միաւորներուն ընկերա-համակրական շատ ջերմ ու սիրալիր հաւաք մը։

Ընկ. Վարուժան Թորիկեան

Վերջին երեք տարիներուն համայն մարդկութեան ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի համար, շատ դժուար տարիներ եղան։

Վերջին տարիներուն պսակաձեւ ժահրի գոյառման պատճառաւ, կուսակցական մեր ընկերա-համակրական ձեռնարկներ դադրած էին։

Այս շրջանին այդ պայմանները քիչ մը մեղմացած ըլլալով, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինը յարմար տեսաւ նման հաւաք մը կազմակերպել։

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Ընկերուհի Իրաւաբան Թամար Փոլատեան Փերոն, Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան եւ Ընկ. Գէորգ Հալէպլեան։

Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեան

Այդ երեկոյ հաճոյքը ունեցանք վայելելու ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի վաստակաշատ ընկերներու շատ հաճելի ներկայութիւնը։ Անոնք տարիներ շարունակ իրենց գործը, հանգիստը եւ ընտանիքները ձգած, ծառայած են մեր ազգին եւ հայրենիքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջոցաւ։

Մօտաւորապէս ժամը 8։00-ին հանդիսավար ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Միացեալ Մարմնի (որ 50-է աւելի միութիւններու համախմբում մըն է) համաատենապետ՝ Դաւիթ Սամուէլեան բարի գալուստի եւ ողջոյնի կարճ խօսքէն ետք, հրաւիրեց ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինի ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը յաւուր պատշաճի խօսքը ըսելու համար։

Ընկ. Պալեան նախ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային անդամներու անունով մեծ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները ըսելով, որ այսօրուայ ձեռնարկը տօնակատարութենէ աւելի հաւաք մըն է որ կ՚ընենք, քանի որ մեր կուսակցութիւնը 44 օրեայ պատերազմէն իվեր, հայրենիքի եւ Արցախի մեր ժողովուրդի ցաւը կիսելով, չենք կազմակերպած ուրախ երեկոներ, նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի արգելափակումները մասամբ դադրած ըլլալէ ետք։

Ընկ. Պալեան խօսքը շարունակելով ներակայացուց ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինի տարուան գործունէութիւնները եւ հարիւր ամեակի ձեռնարկները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ գալ տարուայ կէսերուն։ Ապա Ընկ. ատենապետը կոչ ըրաւ բոլոր ներկաներուն, որ միասնաբար ձեռք ձեռքի տալով, շարունակուի մեր կուսակցական կարգապահ ծառայութիւնները յօգուտ եւ ի փառս մեր աշխարհատարած ազգին, յաւիտենական մայր հայրենիքին եւ հերոսածին Արցախին։ Ընկ. Պալեանին խօսքը ջերմ ծափերով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ։

Ապա Ընկ. Պալեան հրաւիրեց Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը զեկուցելու համար նորոգ հանգուցեալ Ընկ. Արա Ահարոնեանի մեծածաւալ հատորին հրատարակութեան որպէս պատասխանատու այս հրատարակութեան մասին խօսելու համար։ Ընկ. Գոճայեան յիշեց թէ ՌԱԿ-ի հարիւր ամեակին նուիրուած այս հատորը, որ պիտի հրատարակուի ՌԱԿ Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան կողմէ, մօտ մէկ տարուայ տքնաջան աշխատանքէ ետք, այս արխիւային խորիմաստ նշանակութիւն ունեցող հատորը արդէն պատրաստ է տպարան երթալու եւ կը յուսանք որ այս գիրքը լոյս կը տեսնէ Փետրուար, 2022-ին։

Հանդիսավար՝ Դաւիթ Սամուէլեան, որ ծանօթ երգիչ մըն է սփիւռքին մէջ, երգով մը ելոյթ ունեցաւ, ան երգեց Յովհաննէս Շիրազի բառերով գրուած եւ Վլատիմիր Պալեանի երաժշտութեամբ յօրինուած «Ամպէց, կորաւ լուսընկան» երգը, բոլոր ներկաներուն միաբերան եւ լիաթոք մասնակցութեամբ։

Խօսք առաւ ՌԱԿ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Ատենապետուհի Ընկերուհի Շուշան Պաղպուտարեան, շատ գեղեցիկ զեկոյցով մը տուաւ իր գլխաւորած Խորհուրդի տարած գործունէութիւնները, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ։

Ապա հրաւիրուեցաւ մեր տաղանդաւոր ուրիշ ընկեր մը՝ Յարութ Սողոմոնեան։ Ան որպէս մենակատար դերասան եւ սրախօսութեան վարպետ, շուրջ կէս ժամ հոյակապօրէն կապկելով Հայաստանի նախկին նախագահները եւ քաղաքական գործիչները։ Ներկաներուն անվերջ ծիծաղ պարգեւելէ ետք, Յարութ Սողոմոնեան քանի մը հայերէն երգեր երգեց, արժանանալով ներկաներուն երկարատեւ, ջերմ ծափահարութեան։

Ճաշի սպասարկութենէն ետք, բոլոր ներկաներուն հաճելի անակնկալ մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Արեւմտեան Շրջանայինի կողմէ, այն որ յիսուն տարիէ աւելի ծառայող ընկեր-ընկերուհիներուն «Կրկնակի Վեթերան»ի կոչումի յատուկ յուշաքար մը տրուեցաւ ներկայ եղող եւ յիսուն տարիէ աւելի ՌԱԿ-ի ծառայած մօտ 12 ընկերներու։

Յուշաքարը յանձնուեցաւ Ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ժրաջան ատենապետուհի Ընկերուհի Շուշան Պաղպուտարեանի կողմէ։

Գնահատանքի յուշաքար մը եւս տրուեցաւ այդ ձեռնարկը իր հոյակապ սեղաններու զարդարումով, շատ հաճելի յայտագրով կազմակերպած ըլլալուն համար, Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեանին եւ Ընկ. Ռոպեր Միհրան արժանացան այդ յուշաքարին։ Ապա Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան էստրատային եւ ազգային երգերու փունջ մը կատարեց, խորապէս գոհ ձգելով ներկաները։

Արդարեւ մենք 1969-էն իվեր կուսակցական երդում տուած եւ այս յիսուն երկու տարիներուն միշտ մօտ եղած ենք Պէյրութի, Արժանթինի եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Շրջանային վարչութիւններուն, մեծագոյն ուրախութեամբ կրնանք վկայել եւ յիշել, թէ մեր ներկայ Շրջանայինի Վարչութեան անդամները բոլորն ալ նուիրեալ, շատ մաքուր եւ հայրենասէր ընտանիքներու երիտասարդներ են, որոնք միաբանութեամբ, սիրով եւ սկաուտի պէս պատրաստ անձնուրաց կը ծառայեն մեր կուսակցութեան, որուն համար կու գանք սրտանց շնորհաւորելու այս վարչութիւնը գլխաւորութեամբ մեր շատ սիրելի ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին։

Մեր սրտագին կոչն ու մաղթանքն է, որ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան օրերու առիթով, որպէս բնաբան ունենանք եւ այդ ուղղութեամբ գործենք, միասիրտ եւ միասնական, մէկ կողմ դնելով մեր անձնական փառասիրութիւնները, խորապէս համոզուելով, Ամենապատիւ Յակոբ Նալեան Պատրիարքի խօսքերուն, միշտ յիշելով.

«Անմիաբանութեամբ մեծերը կը փոքրանան
Միաբանութեամբ փոքրերը կը մեծնան»

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ