Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Յետհայեացք Անցնող 2021 Տարուան Վրայ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Խօսքը Նոր Տարուան Ընդառաջ

Նոր Տարուան սեմին, անցնող 2021 տարուան վրայ յետադարձ ակնարկով մը կրնանք հաստատել, որ անիկա մեր կազմակերպութեան համար եղաւ նախաձեռնելու եւ նոր ծրագիրներ իրականացնելու փորձառական շրջան մը: Նախորդ երկու տարիներու տագնապներուն ծանրակշիռ հետեւանքները լուրջ մարտահրաւէրներ ստեղծած էին համայն աշխարհին եւ մասնաւորաբար հայութեան համար: Հ.Բ.Ը.Մ.ը շարունակեց դիմակալել այդ մարտահրաւէրները, յանձնառու՝ ամենուրէք հայութեան կարիքներուն հասնելու իր առաքելութեան:

Երբ համավարակի դէմ միջոցառումներու որոշակի արդիւնաւորութեամբ ճամբորդութիւնները կարելի դարձան, մենք առաջին իսկ պատեհութեամբ անձամբ այցելեցինք Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի արտակարգ իրավիճակներու մատնուած մեր համայնքները, մօտէն գնահատելու համար առաւել եւս խոցելի այդ շրջանակներուն կարիքները: Ընտանիքներ, որոնք հապճեպով տեղահան եղած էին իրենց պապենական օճախներէն, յետ-պատերազմեան նոր սահմանագիծերու պարտադրանքին տակ – Տնտեսական խառնաշփոթ իրադրութեան  իբր հետեւանք՝ վառելանիւթի, սննդամթերքի եւ ապրուստի սուր տագնապ – Իրենց անհետացած զաւակներէն եւ դուստրերէն լուր սպասող ծնողներ – Համավարակ մը, որ մեր կեանքերը կաշկանդող իր սեղմումի թուլացման ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ: Մէկ խօսքով, ամողջ սերունդի մը ձեռքբերումներուն առերեւոյթ կորուստը:

Բայց եւ այնպէս, ի հեճուկս այս մարտահրաւէրներուն, մենք մեր անցեալի փորձառութեամբ սորված ենք ի մի բերել մեր միջոցները եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն համախմբել մեր համապատասխան ուժերը, ապագային ընդառաջ նոր գաղափարներ եւ գործելակերպ որդեգրելով: Այս տարին, մասամբ նաեւ համեմատական  հանդարտութեամբ, վերածրագրումի եւ նոր ռազմավարութեան մշակումի առիթ հանդիսացաւ: Մեր ղեկավարութիւնը միշտ հետամուտ է գործակցութեան եզրեր գտնելու մեր տեղական համայնքներուն եւ աշխարհի տարածքին մեզի համախոհ կազմակերպութիւններու հետ, հայութեան շահերուն ի նպաստ ռազմավարութիւն, գործելակերպեր եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ:  

Հ.Բ.Ը.Մ.ը մարդասիրական իր օգնութիւնները օրուան կարիքներուն համապատասխան հունաւորելու իր ճկունութիւնը եւ կարեկցական ոգին ցուցաբերեց, հոգեկան ճնշուածութեան (trauma) եւ մտային առողջութեան ուղղուած խորհրդատուական եւ հոգեբանական աջակցութեան տարբեր տեսակի ծրագիրներ կազմակերպելով, որոնք մասնաւորաբար կենսական էին Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մեր համայնքներու ապաքինումի գործընթացին համար:

Միութեան Մարդասիրական օգնութեան հիմնական ծրագիրները շարունակուեցան 2021-ի ընթացքին, սննդամթերքի եւ ուտելիքի մատակարարման, բնակարաններու եւ դպրոցաշէնքերու վերանորոգման եւ այլ ուղղութիւններով: Կարիքաւորներու եւ ծանր պայմաններու մատնուած մարդոց մեծ թիւը նկատի ունենալով, անհրաժեշտ էր որ ապահովէինք նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը, հասնելու համար աղէտեալներու եւ անոնց ընտանիքներու բազմապիսի կարիքներուն: Այս առնչութեամբ, տեղին է նշել շարք մը նոր ծրագիրներ, ինչպէս Հայեր Միացէք՝ Armenians Come Together (ACT), նաեւ արդէն գործող ծրագիրներէն Հայաստան Կենաց Երկիր՝ Arménie, Terre de Vie  եւ Յայտնաբերէ Հայաստանը (Discover Armenia) ծրագիրները, որոնք նոր շեշտադրում ստացան եւ պիտի շարունակեն հազարաւորներու օգտակար հանդիսանալ յառաջիկայ տարեշրջանին: Առաւել եւս, տնտեսական-հասարակական զարգացման ծրագիրները շարունակեցին արդիւնաւորուիլ խորհրդատուական եւ տարբեր մարզերու մէջ վերապատրաստութեան եւ արհեստավարժութեան մակարդակի բարելաւումին նպաստող ծրագիրներով, որոնց կ’օժանդակէր կամաւորներու մեր լայն ցանցը իր մարդուժով: Մեր կամաւորները եւ պաշտօնէութիւնը, համաշխարհային նոր իրադրութեան պահանջներուն համապատասխան միջոցներով եւ գործելակերպով, ապագային ուղղուած նոր հարթակներ ստեղծեցին, արդիւնաւորութեամբ իրականացնելու համար Միութեան ծրագիրները: Նոյն ոգիով, անցնող Փետրուար ամսուն կայացած մեր 91-րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ, յաջողեցաւ ապահովել ցարդ մեծագոյն թիւով եւ ամենատարբեր խաւերէ միութենականներու մասնակցութիւնը: Համոզուած ենք, որ հաղորդակցական ճարտարագիտութեան նոր զարգացումներով, ըլլայ դէմ առ դէմ կամ առցանց, հայեր պիտի կարենան առաւելագոյնս խնդավառել զիրար եւ աջակցիլ իրարու: 

Մենք կոչ կ’ուղղենք սփիւռքի հայ համայնքներուն, իրենց կարելիութիւննրը կեդրոնացնելու հայրենիքի մէջ գործադրուող յատուկ նախաձեռնութիւններու իրականացումին ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է որ մեր շրջանակները, մասնաճիւղերը, դպրոցները եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը, մշտական կապի մէջ ըլլան մեր հետ յառաջիկայ տարուան ընթացքին, յաւելեալ թափով իրականացնելու համար համագործակցական նախաձեռնութիւնները: 

Անշուշտ մենք պիտի շարունակենք մօտէն հետեւիլ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ դրացի երկիրներուն հետ յառաջ տարուող բանակցութիւններուն, տարածաշրջանի յետ-պատերազմեան աշխարհաքաղաքական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Արցախի անվտանգութեան, Հայաստանի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման կապուած այդ քննարկումները կը վերաբերին խնդիրներու, որոնք էապէս կապուած են մեր երկրի անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ մեր համընդհանուր ազգի բարօրութեան հիմնահարցերուն: 

Մինչ կը պատրաստուինք դիմաւորել Նոր Տարին, կը հրաւիրենք բոլորը, միասնաբար նոր միջոցներ փնտռելու, որպէսզի բազմապատկենք մեր առաքելութեան ազդեցութիւնը:  Այսօր ամբողջովին նոր իրականութիւն մը կը դիամագրաւենք: Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ ստեղծարար նոր միջոցներ որոնել, որոնք կը նպաստեն կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման եւ հաղորդակցութեան սերտացման: Կոչ կ’ուղղենք բոլորին միանալու մեր առաքելութեան: Պէտք է հաստատ մնալ այս ուղեգիծին վրայ, յանձնառու մնալով սփիւռքին եւ հայրենիքին:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր առաքելութեամբ փաստած է դարաւոր փիլիսոփայութեան այն միտքը, թէ մեծ տագնապներու կը հետեւին նոր առիթներ: Մենք այս իմաստուն միտքի ոգիով պիտի դիմագրաւենք այն ինչ Նոր Տարուան ընթացքին մեզի համար վերպահած է աշխարհը: Անշուշտ այդ բոլորը կարելի պիտի ըլլայ մեր նպատակասեւեռ կամաւորներու լայն ցանցին, պաշտօնէութեան, առատաձեռն նուիրատուներուն եւ վստահելի գործընկերներուն աջակցութեամբ միայն: 

Առողջ եւ բարեբեր Նոր Տարուան անկեղծ մաղթանքներով:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ