Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ

Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի Կորուստը

            Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կու գայ խորունկ վիշտով հաղորդելու կորուստը իր երկարամեայ անդամին եւ նախկին ատենապետին՝ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանին որ իր մահկանացուն կնքեց Դեկտեմբեր 26ին, Մոնթրէալի մէջ, սուգի մատնելով իր ընտանիքը, Թէքէեանի բովանդակ անդամակցութիւնը եւ գանատահայութիւնը:

   Մեծ եւ անփոխարինելի է վաստակը հանգուցեալին, իբրեւ յառաջապահ բժիշկ, ազատախոհ խմբագիր, մշակույթի գործիչ ու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ առաջնորդ:

   Ան հոգածու հայր եւ ամուսին էր իր հայատոհմ ընտանիքին ուր աճեցան երեք (Զաւէն, Անահիտ եւ Երուանդ) տաղանդաւոր զաւակները, հպարտութիւն պատճառելով իրենց ընտանիքին եւ հայ համայնքին:

    Բացի իր բժշկական ասպարէզէն – ուր վաստկած էր առաջաւոր գիտնականի համբաւ – պատկառելի է իր ներդրումը գանատահայ գաղութի զարգացման մէջ եւ յատկապէս գանատահայ թեմի կազմաւորման տարիներուն:

    Իբրեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ ան վարած է ղեկավար պաշտօններ եւ հեղինակած է բազմաթիւ կանոնական ծրագիրներ:

    Մօտ կէս դարու աշխատակցութեամբ սատարած է Մոնթրէալի «Ապագայ»  թերթի խմբագրութեան, գրելով առաջնորդող յօդուածներ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:  «Ապագայ» թերթին մէջ Մասիս գրչանունով իր յօդուածները ամփոփուած են «Նշմարներ» վերնագրեալ հատորի մը մէջ որ լոյս տեսած է 1988ին:

   Իբրեւ մնայուն անդամ Կեդրոնական Վարչութեանս ան նուիրումով ծառայած է անոր ծրագիրներու մշակման եւ 12 տարիներ (1981-1983, 1986-1987, 2008-2017) ալ ղեկավարած է կազմակերպութիւնը իբրեւ ատենապետ:

    Առ ի երախտագիտութիւն իր վաստակին՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր Մոնթրէալի կեդրոնին սրահը անուանակոչած է իր եւ իր կողակիցին պատուին, իբրեւ «Տոքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահ:

    Ամենէն բնորոշիչ տարազը որ կրնայ լաւագոյնս պատկերացնել Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, պիտի ըլլար զինք կոչել իբրեւ համեստութեան եւ խոնարհութեան կոթող:

    Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին եւ յարգանք իր պատկառազդու վաստակին:

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Դեկտեմբեր 29, 2021  
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ