Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նամակ Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքին

2022 Թուականը՝ Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքի Տարին

Հայ քրիստոնեային կոչումն է սրբութեան մէջ դրոշմուած ընտանիքը։ Ինչպէս բոլոր ժամանակներուն մէջ Աստուծոյ մեծ երազն է եղած սուրբ ընտանիքը, այսօր առաւել եւս, մարդկութիւնը դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող տեսիլքը պիտի մնայ սուրբ ընտանիքը։ Հաւատքի այս ոգին ու շունչը դարձնենք առաքելութիւնը մեր կեանքին։ Հայուն համար ընտանիքը՝ Աստուծոյ տունն է, եկեղեցւոյ մանրակերտը։ Հայ քրիստոնեայ ընտանիքով է պայմանաւորուած ե՛ւ հայրենիքի յաւերժականութիւնը, ե՛ւ սփիւռքի կենսունակ կեանքը։

Արեւմտեան թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ՝ հոգելոյս Գարեգին Արքեպիսկոպոս իր պատգամին մէջ կը զարգացնէ հիմնական մտածումներ, որոնց մարմնաւորումը պիտի ապահովենք մենք բոլորս աղօթքի կեանքով, հաւատքի ներգործութեամբ։ Ան իր առաջին մտածումը կ’ամփոփէ «Հայ Տուն» վերնագրի տակ եւ երկրորդը՝ «Հայ ծնողք»։

Հայ տուն

Գարեգին Տրապիզոնցին կը գրէ. «Հայ Տուն, անաղարտ պահէ ինքնութիւնդ, հայրենի ու մայրենի երդիդ նկարագիրը: Բարձրացի՛ր քու սեփական արժանիքներովդ, առանց արհամարհելու  ուրիշներունը: Մշակէ՛ զանոնք քու սեփական ջանքերովդ, օգտուելով այն պատեհութիւններէն՝ զորս կուտայ քեզի այս երկիրը: Մի՛ թոյլ տար որ եղծուի դիմագիծդ, այլ փոյթ ըրէ՛ գեղեցկացնել զայն այն բոլոր շնորհներովն ու վայելչութիւններովը՝ որոնք կը բերեն բիւրեղացումն ու ազնուացումը քու հոգիիդ, կամ կը յղկեն ազնուական դրոշմը քու հարազատ նկարագրիդ»:

Հայ Ծնողք

Գարեգին Տրապիզոնցի կը գրէ. «Հայ Մայր եւ Հայ Հայր, Հայ Տան ճարտարապետներն ու աւանդապահները, տէր ու հաւատարիմ եղէ՛ք ձեր կոչումին: Շատ են նուիրական ձեր պարտականութիւնները, մեծ է եւ լուրջ ձեր պատասխանատուութիւնը՝ իբրեւ ծնող-դաստիարակներ, իբրեւ տածող – մանկավարժներ:

Ծնող դաստիարակներ եւ մտածող-մանկավարժներ էք դուք: Աշխարհ փոքր ուշադրութիւն կ’ընէ այս մեծ իրողութեան: Այն միջավայրը, ուր դուք կ’ապրիք, կը ցաւիմ ազդարարելու թէ մտահոգիչ մէկ խոշոր մասը կը կազմէ դեռ այդ աշխարհին: Դուք պիտի դաստիարակէք հոգին ձեր սրտահատորին, սիրտը ձեր հոգեհատորին, այն աւանդական առաքինութիւններով՝ որոնք կը բնորոշեն մարդկայնական պրիսմակէն անցած հայեցի նկարագիրը»:

Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակունք Արեւմտեան թեմի, ծնողներ եւ երիտասարդներ, կ’ապրինք փորձութեանց ժամանակներ, բայց յիշեցէ՛ք մեր նախնիներէն մեզի վստահուած թանկագին ժառանգը՝ «Սրբութեան մէջ դրոշմուած է ընտանիքը»։ Թող ձեր հաւատքին սլաքը ուղղէք դէպի Հայ Տունը՝ կազմելու տեսլականին վրայ ու ճշմարիտ հայ ծնողք դառնալու գիտակից պարտականութեան վրայ։ Ժամանակին հետ զարգացող գիտութիւնը չի կրնար մրցիլ այս գերագոյն սրբութեանց հետ։ Քանզի հայ քրիստոնեայ ընտանիքը պիտի մնայ յաւէրժօրէն հոգեւոր ու ազգային արժէքներու բարձրակէտը՝ Աստուծոյ հովանիին տակ։

Արդ, սիրելի ծնողներ, տիւ եւ գիշեր խօսեցէ՛ք այս խրատականին մասին միմեանց հետ, երբ կը կազմէք հայ տունը՝ հայ քրիստոնեայ ընտանիքը, եւ այն դարձուցէք աղօթքը Ձեր զաւակներուն, որպէսզի խտանանք ու զօրանանք որպէս առաքեալները մեր հայրենիքին ու մեր մայր սուրբ եկեղեցիին։ 2022 տարին իմաստաւորենք հայ քրիստոնեայ ընտանիքը դարձնելով նշանաբանը մեր բովանդակ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Մեր սրտի ջերմ աղօթքն է, որ մեր սուրբ զաւակունք մշտապէս լուսաւորուած զգան սրբալոյս միւռոնի դրոշմովը եւ հոգիի ամբողջ զօրութեամբ մեր զաւակաց սորվեցնենք խաչակնքել, իրենց շրթներուն վրայ արտասանելով սրտէն բխում առած «Տէրունական աղօթքը»՝ Հայր մերը, եւ հոգու աչքերով ապրին խորհուրդը «Հայ քրիստոնեայ ընտանիք»-ին։

Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակունք մեր սուրբ եկեղեցւոյ, մեր խնդրանքն է, որ Ձեր զաւակները առաջնորդէք դէպի Աստուած, այն ճանապարհէն, որուն դուռն է Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր սուրբ եկեղեցին եւ նոյնին մանրակերտը՝ «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը»։

Օրհնեալ ըլլաք յաւէտ, եւ թող Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնն առաջնորդէ բոլորս անխտիր ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, որպէսզի «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» դարձնենք ամուր պարիսպը՝ ընդդէմ ժամանակի փորձութեանց։

«Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» հայուն տունն է, ուր «հայ ծնողներ» կ’ապրին Աստուծոյ ներկայութեամբը։

Մնամք սիրոյ ողջունիւ աղօթարար՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան թեմի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ