Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Ցաւով իմացանք ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի, Գանատայի եռալեզու «Ապագայ» թերթի հիմնադիրներէն եւ տարիներու ընդհանուր պատասխանատու ՀԲԸՄիութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի եռանդուն անդամ, ՀԲԸՄիութեան Արմէն Քէպէք վարժարանի հիմնադիրներէն, Հայց Առաքելական եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի հիմնադիրներէն եւ տարիներու ղեկավար՝

ԸՆԿ. ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահուան տխուր լուրը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր, 2021-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Յունուար, 2022-ին։

Ընկ. Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան մօտ յիսուն տարի անձնուրաց եւ անշահախնդրօրէն ծառայած է Մոնթրէալի հայութեան եւ մայր հայրենիքին, եղած է վերոնշեալ միութեանց եւ հաստատութիւններու ղեկավարի բարձր դիրքերու վրայ։

Ան իր համեստութեամբ, հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, դրական մտածողութեամբ միշտ ջատագովը եղած էր մեր պանծալի կուսակցութեան համերաշխութեան եւ միասնականութեան, որուն համար հանգուցեալը արժանացած է մեր ուխտապահ շարքայիններուն եւ համակիրներուն ջերմ սիրոյն յարգանքին։

Այս գիրով կու գանք յայտնելու մեր ցաւակցութիւնները հանգուցեալի այրիին՝ Տիկ. Սիմա Արզումանեանին, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ բոլոր հարազատներուն։ Ցաւակցութեան խօսք ունինք մանաւանդ Հայց Առաքելական եկեղեցւոյ ժամանակակից լուսաւոր ու պայծառ դէմքերէն արժանապատիւ Դոկտ. Զաւէն Ա.Ք. Արզումանեանին։

Թող հանգուցեալ Ընկ. Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեանի բարի յիշատակը յաւերժ ապրի մեր կուսակցութեան անդամներուն սրտին ու մտքին մէջ։

ՌԱԿ  Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» Երկլեզու Շաբաթաթերթի Վարչութիւն
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ