Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջազգային Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Վարձու Սենեակ ․․․

Բնակելի շէնքի մը սենեակի մասին չէ իրական կեանքէ առնուած այս եղելութիւնը, այլ բանտի մը խուցին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, որպէսզի վերահասու դառնաք անսովոր այդ դէպքի մանրամասնութիւններուն։

Եւրոպական երկու երկիրներու մասին է այս պատմութիւնը որ քիչ մը տարօրինակ կը թուի ըլլալ, սակայն անոնց պատկան մարմիններուն կողմէ ստորագրուելով (տես նկարը) վաւերացուած է այդ համաձայնութիւնը։

Իսկ որո՞նք են այդ երկու երկիրները։ Առաջինը Դանիան է, իսկ երկրորդը՝ Քոսովօն։

Հիմա ծանօթանանք Քոսովոյին։ Քոսովօն Սերպիայէն անկախութիւն հռչակեց  2008 թուականին։ Քոսովոյի տարածութիւնն է 10,887 քառակուսի քիլոմեթր, իսկ բնակչութիւնը՝ 1,873 միլիոն։ Անոր բնակչութիւնը իսլամական կրօնին կը պատկանի։

Քոսովոյի մայրաքաղաքն է Փրիսթինան, իսկ մեր պատմութեան առանցքը կազմող քաղաքը՝ Ճիլան, որ կը գտնուի մայրաքաղաքէն 30 մղոն դէպի հարաւ։ Ճիլանի մէջ բանտ մը կայ (տես նկարը) որուն 700-800 խուցերը (cells) դատարկ են։ Կ՛երեւի թէ շատ դատապարտուած յանցագործներ չկան այդ փոքրիկ երկրին մէջ!

Ուրեմն Դանիան համաձայնած է Ճիլանի բանտէն 300 խուց վարձու առնել, որովհետեւ իր բանտերը պէտք եղածէն աւելի խճողուած են։

Դանիան Ճիլանի բանտը պիտի ղրկէ այն բանտարկեալները որոնք Եւրոպական Միութեան պատկանող երկիրներուն հպատակները չեն։

Հիմա նայինք թէ ի՞նչ են ստորագրուած համաձայնութեան պայմանները, որոնք ի զօրու պիտի ըլլան հինգ տարուան համար։ Դանիան Քոսովոյին պիտի վճարէ տարեկան 17 միլիոն տոլար՝ որպէս վարձք։

Առաւել՝ Դանիան յանձնառու պիտի ըլլայ նիւթապէս հովանաւորելու Քոսովոյի վճռակամութիւնը, երկրի մթնոլորտի ապականութիւնը փարատելու եւ հաստատելու «Կանաչ Ուժականութիւն», այսինքն՝ Green Energy.

Կը տեսնէ՞ք, բանտի մը դատարկ խուցերը դարձան եկամուտի կարեւոր աղբիւր՝ երկրի մը համար որ յարաբերաբար նոր անկախութիւն ստանալով, անհրաժեշտութիւնը կ՛զգայ նման շահաբեր գործառնութեան մը եւ վերջ ․․․

Շփացածութեամբ եւ Մասամբ Նորին ․․․

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ հեռաւոր Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլէն։

Գիտենք որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները շատ տարբեր են իրարմէ։ Առաջինը կը գտնուի համայնավարական տիրապետութեան տակ, ուր երրորդ սերունդի պատկանող Քիմ Ճանկ Ուն երկաթէ բազուկով կ՛իշխէ երկրին։

Իսկ Հարաւային Քորէան կը կառավարուի ռամկավարական պետութեան մը կողմէ, ուր մարդկային իրաւունքները կը յարգուին եւ ուր խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը յար եւ նման է արեւմտեան երկիրներու մէջ տիրող համակարգին։

Սակայն սանձարձակ ազատութիւնն ալ վտանգաւոր է։ Փաստ՝ բողոքի մեծածաւալ ցոյցերը որ ողողած է բովանդակ Եւրոպան ու Ամերիկան, ուր մարդիկ դէմ են համաճարակին դէմ պատուաստուելու, որովհետեւ իրենց ազատութիւնը կը կաշկանդուի …

Վերադառնալով Հարաւային Քորէայի բնակչութեան, անոնց ազատութիւնն ալ սահմանը անցած է։ Ապացոյց՝ դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ պարմանուհիներ իրենց մազերուն գանգրացնող պիտոյքներով (curlers) փողոց իջած են ու ազատ-համարձակ կը թափառին հանրութեան  մէջ։

Մեր հասկացողութեամբ՝ նմանօրինակ երեւոյթներ յատուկ էին կամ մազայարդարներու մօտ եւ կամ ալ տուներու մէջ, հեռու մարդկային աչքէն ու անախորժ քննադատութիւններէ։

Բայց ժամանակները փոխուած են եւ մարդիկ իրենց սահմանադրութեամբ ընծայուած ազատութիւնը չարաչար կ՛օգտագործեն ու անբնական երեւոյթներուն առիթ կու տան, չէ՞ք խորհիր!

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ