Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թորոս Տարօնացիի Ս. Ծննդեան Մանրանկարին Աստուածաբանական Իմաստն Ու Համառօտ Մեկնութիւնը

(Աւետարան, 1323 թ., նկ. Թորոս Տարօնացի, Գլաձոր, Մատենադարան, ձեռ. 6289, 15բ)

Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Քրիստոնէական մանրանկարչութիւնը եկեղեցւոյ պաշտամունքային ու ծիսական կեանքի անփո­խարինելի բաղ­կացուցիչներէն մին է։ Ան եկեղեցիին կողմէ սրբագործուած միջոց մըն է, որ կը միտի ուղղորդելու հաւատացեալ մարդը զԱստուած ճանչնալու եւ ձգտելու անբաժանելիօրէն միանալու Անոր, ինչպէս պիտի ըսէր Ս. Գրիգոր Նարեկացին՝ «Ի Քեզ միանալ անբաժանելի»[1]։

Ստորեւ պիտի ուզէի համառօտ մեկնաբանութեամբ առանձնապէս անդրադառնալ Գլաձորի ման­րանկարչութեան դպրոցի խոշո­րագոյն ներկայացուցիչներէն Թորոս վրդ. Տարօնացիի 1323 թուա­կանին օրինակած Աւետարա­նին մէջ աւանդուած Ս. Ծննդեան մանրանկարին[2]։

Քրիստոսի ծնունդը պատկերող առկայ մանրանկարին մէջ մսուրը կը գտնուի քարանձաւի մը մութ բացուածքին կեդրոնը։ Հայ մանրանկարիչը Բեթղեհէմի քարայրը կը ներկայացնէ մուգ հողա­գոյ­նով՝ խորհրդանշելու համար մեղքերու տիղմով խաւարած աշխարհը, ուր այժմ Ս. Ծնունդով իրա­կանացած Քրիստոսի լոյսը կը փայլի։ Մսուրին մէջ կը գտնուի Քրիստոս-մանուկը՝ բորբոսագոյն կանաչ խանձարուրով փաթթուած, որ գլխուն շուրջբոլորը կը կրէ ոսկեզօծ լուսապսակ մը, իբրեւ գերա­զանց եւ առանձնայատուկ խորհրդանշանը Իր աստուածային բնութեան։ Խանձարուրը նշանակն է աստուածաստեղծ մարդուն էութիւնը կաշկանդող մեղքին։ Այսպէս, ակնառու կը դառնայ, որ խանձարուրով պատուած մանուկը՝ Քրիստոս, մանրանկարին ամբողջ յօրինուածքին կեդրոնական դիրքը կը գրաւէ, քանի որ Ան Իր մահուան եւ յարութեան խորհուրդով պիտի փշրէ մարդուն այնքան սերտօրէն մեղքին կապող կապանքները։ 

Քարայրը, մսուրը, խանձարուրը՝ ասոնք խօսուն վկայութիւններն են Իր կենոսին (κένωσις), այ­սինքն՝ աստուածային անչափելի մեծութենէն փոքրացումին, որ թէեւ անտեսանելի է ըստ իր աստ­ուածային էութեան, սակայն ան միանգամայն տեսանելի կը դառնայ մարմնացած եւ մանկացած Աստուծոյ մէջ։ Ընդ որում, այսպէս, արդէն մսուրին մէջ նախօրօք կանխատեսելի կը դառնան մար­դոց փրկու­թեան համար հետագային իրականանալիք Անոր մահն ու թաղումը։ Մսուրը, գերեզ­մա­նը, խանձարուրն ու պատանքը՝ Ս. Ծնունդը, արդէն իսկ մեզ կը նախապատրաստէ Ս. Զատկուան՝ Քրիստոսի մատնութեան, չարչա­րանաց, խա­չե­լութեան, մահուան եւ հրաշափառ յարու­թեան խոր­հուրդներուն։

Մեր մանրանկարներուն մէջ սովորաբար սուրբ մսուրը կը պատկերուի յարդով լեցուն, որուն վրայ Յիսուս մանուկը կը ննջէ։ Սակայն այս մանրանկարին մէջ Թորոս վրդ. Տարօնացի մսուրին կու տայ բովանդակային այլ մեկնաբանութիւն մը՝ զայն ուղղակի փոխարինելով խորանով մը։ Քրիս­տոս կը պատարագուի խորանին վրայ եւ Իր սուրբ հաղորդութեամբ մարդոց կը բաշ­խէ փրկու­թեան խոր­հուրդը, քանի որ անոնք կեանքի հացը՝ մարմ­նացած Յիսուս Քրիստոսը կը կիսեն, յիշա­տակելով վերնա­տան մէջ Տիրոջ պատգամը՝ «զայս արաս­ջիք առ իմոյ յիշատակի» (Ղկ. ԻԲ. 19, Ա. Կորն. ԺԱ. 23–25)։

Մարդեղացած մանուկ Քրիստոսին քով միշտ Աստուածամայրն է՝ Ս. Կոյս Մարիամը։ Թէեւ ան ուղ­ղակիօրէն առնչուած է Քրիստոսի հետ, այսուամենայնիւ մանրանկարին մէջ ներկայացուած է որոշակի հեռաւորութեան մը վրայ, որովհետեւ ամբողջապէս գիտակից է իրմէ ծնունդ առած եւ Բեթղեհէմի քարայրի կիսամութին մէջ աչքերը աշխարհի լոյսին բացած մանուկին աստուա­ծու­թեան: Մանրանկարչութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի Աստուածածնին դիրքաւորումը, քանի որ սոյնը վեհաշուքօրէն կ’արտայայտէ անոր ունեցած գերազանց դերը Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդին մէջ: Ինչպէս գրեթէ բոլոր մատեաններու աւանդած մանրանկարներու նկարազարդումներուն մէջ, ան իր գլխուն շուրջբոլորը կը կրէ լուսապսակ մը՝ ի նշան իր անարատ յղութեան եւ անմեղութեան՝ ծնելէ առաջ, ծնելու ատեն, նաեւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն ետք: Աստուածածինը նոր Եւան է։ Ինչպէս առաջին Եւան դարձաւ Քրիստոսէ առաջ ծնած բոլոր մար­դոց մայրը, այնպէս ալ նոր Եւան՝ Աստուածածինը, հանդիսացաւ նոր մարդկութեան մայրը: Առա­ջի­նը ենթարկուեցաւ սատանայի փորձութեան եւ ինքզինքին թոյլ տուաւ գայթակղելու Աստուծոյ պատուիրա­նին դէմ, իսկ երկրորդը համակ հեզութեամբ անսաց Գաբրիէլ հրեշտակապետի ող­ջոյնին

եւ ամենա­կատարեալ խոնարհութեամբ ստանձնեց մարդու փրկութեան աստուածային տնօ­րինումին մէջ իրեն համար նախատեսուած դերը։

Ս. Աստուածածինը պատկերուած է ընկողմանած իր վարդագոյն թիկնոցին վրայ, կարծէք թէ պառ­կած ըլլայ մահճակալի մը վրայ՝ ընդգծելու Աստուծոյ մարդեղութիւնը եւ այսպէս, միեւնոյն ատեն, շեշ­տել կարենալու համար Քրիստոսի բնական ծնունդը: Աստուածամայրը պառկած է մսուրին առ­ջեւ ու Քրիստոսի կը նայի հանդարտ, համարեա խորհրդածող հայեացքով։ Սոյնը յօրինուածքին մէջ կը ներկայացնէ կարեւոր այլ մանրամասնու­թիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ ակնառու կը դարձնէ մանուկ Յիսուսի աստուածութիւնն ու այս ծնունդին գերբնական նկարագիրը։ Այս մէկը, բնակա­նաբար, ամենեւին պատահական չէ, որովհետեւ Թորոս Տարօնացի՝ մանրանկարիչ աս­տուա­ծաբան վարդապետը, այսպէս, յստակօրէն կը մատնանշէ նեստորական հերետիկոսութեան դէմ Հայ Եկե­ղեցւոյ որդեգրած վարդապետական ուղղափառ դիրքորոշումը։

Քարայրին մէջ ուրիշ մարդիկ չկան։ Այդ անհիւրընկալ միջավայրին մէջ միայն զոյգ մը կենդանի կայ՝ եզ մը ու էշ մը, որոնք իրենց տաքութիւն սփռող շունչով կը ջերմացնեն նորածին Քրիստոսին մար­մինը, ինչպէս Եսայի մարգարէ մարգարէացած էր՝ ըսելով. «Եզը իր տէրը կը ճանչնայ ու էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդս չ’իմանար» (Ես. Ա. 3):

Երկինքէն երկիր լուսածիծաղ շող մը դէպի ծննդեան քարայրին մութը կը ծաթի ու իր արծաթ ցոլ­քե­րով կը լուսաւորէ այն վայրը, ուր Քրիստոս է ծնած։ Լուրթ երկինքին կեդրոնը աստղ մը կը փայլի բոլոր արարածներուն՝ շնչաւորներուն ու անշունչներուն աւետելով աշխարհի վրայ Փրկչին գալուս­տը։ Քրիստոսի գալուստին մասին արդէն Հին Կտակարանը վկայած էր՝ ըսելով. «Ծագեսցէ՛ Աստղն Յակոբայ» (Թուոց ԻԴ. 17)։

Երեք մոգերը, որոնց եկեղեցական աւանդութիւնը Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար անունները կը վերագրէ եւ որոնք մանրանկարին մէջ ակնառու են իրենց արտասովոր զգեստներով, փաստօրէն Քրիստոսի աստուածութիւնը ճանչցող առաջին հեթանոսներն են։ Անոնք միաժամանակ այդ ժամանակաշրջանի բարձրագոյն գիտութեանց ներկայացուցիչներն են, բայց աշխարհի գիտութիւնը զիրենք չի կաշկանդեր անարգել մօտենալու եւ երկրպագելու համար Քրիստոսի։ Ընծաները, որ անոնք բերած են իրենց հետ՝ ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը, կը խորհրդանշեն Քրիստոսի յաւիտենական թագաւորութիւնը, Անոր աստուածային բնութիւնն ու մարդկային մահացութիւնը։ Քրիս­տոս ան­մահ էր Իր աստուածային բնութեամբ, բայց մահկանացու էր ըստ Իր մարդկային կա­տար­եալ բնու­թեան։ Մոգերը կը ներկայացնեն նաեւ մարդկային կեանքին մէջ տարիքային երեք սե­րունդ­­ներու կարեւորագոյն հանգրուանները՝ երիտասարդութիւնը, չափահասութիւնն ու ծերու­թիւ­նը։ Անոնցմէ մին, որուն Պաղտասար անունը կը տրուի, մեր որոշ մանրանկարներուն մէջ սո­վորաբար նաեւ կը ներկայացուի մուգ կամ աւելի թուխ մաշկով։ Այս մանրամասնութիւնը միան­գա­մայն ցոյց կու տայ, որ բոլոր մարդիկ, անկախ իրենց տարիքէն, ազգային պատկանելիութենէն եւ մաշկի գոյնէն, հաւասար են Աստուծոյ առջեւ: 

Մանրանկարին վերի ոսկեպատ ենթախորքին վրայ ներկայացուած է հրեշտակներու խումբ մը, որ, իբրեւ ցնծութեան եւ ակնածանքի նշան, Նորածինը կը փառաբանէ՝ երգելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։ Նշմարելի է, որ անոնցմէ մին դէպի եր­կիր հակած դիրքով եւ մատներուն տալով ամենասուրբ Երրորդութեան նշանը՝ բաց երկինքի տակ իրենց հօտերուն պահպանութիւն ընող հովիւներուն կ’աւետէ Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Հո­վիւ­ները, կարելի է ըսել, ժողովուրդին ամենահամեստ դասակարգին ներկայացուցիչներն են, որոնք հա­մակ պատրաստակամութեամբ կ’ընդունին Քրիստոսի անձով յայտնուած փրկութեան աւետի­սը։ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, ինչպէս վերոգրեալ նշեցի, Ս. Ծնունդի այս մանրա­նկա­րին մէջ, ձեւով մը, ամբողջ մարդկութիւնն է, որ կը հանդիպի նորածին Քրիստոսին հետ։ Դէմ-յան­դիման Քրիստոսի՝ գոյութիւն չունին համեմատութիւններ, հակադրութիւններ անուսներու եւ գի­­տուններու, աղքատի եւ հարուստի, այլապէս մարդկային, ընկերային-հասարակական տարբեր դա­սակարգերու միջեւ։ Շատ աւելին, Աւետարանին պատգամը անխտիր բոլոր մարդոց փրկու­թեան հա­մար է, առանց նկատի ունենալու անոնց տնտեսական վիճակը, տարիքի, գոյնի, ցեղային կամ ազ­գային պատ­կանելիութեան առանձնայատկութիւնները:

Հովիւները առաջին հրեաներն են, որոնք երկրպագեցին Քրիստոսի, այնպէս՝ ինչպէս մոգերը, որոնք Իսրայէլի սահմաններէն դուրս ըլլալով՝ եղան այն առաջին հեթանոսները, որոնք նոյնպէս ճանչցան Բեթղեհէմի նորածին Մանուկի անձին մէջ յայտնուած Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ երկրպա­գեցին Անոր։ Պարզ հովիւները իսկոյն կ’ընդունին Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը, իսկ մո­գերը, որոնք զԱստուած կը փնտռէին գիտութեան եւ իմացութեան ճամբով, Բեթղեհէմ կը հասնին միայն աւելի ուշ՝ Անոր ծնունդէն յետոյ։ Սակայն մանրանկարին մէջ, բնականաբար, ժամանակն ու տարածու­թիւնը միացած ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն, որպէսզի հաւատացեալին աչքը տես­նել, իսկ միտքը ըմբռնել կարենայ Բեթղեհէմի իրադարձութիւններուն համանուագը, այն վայրը, ուր Մեսիային յայտնուելուն վերաբերեալ արդէն կանխագուշակած էին Հին Ուխտի մարգարէները։

Մանրանկարին աջ կողմը՝ վարի մասը, հայր Յովսէփ պատկերուած է մանուկ Յիսուսէն շատ հեռու՝ մղուած բոլորովին միայնակ անկիւն մը, ուր ան, կարծէք, չի մասնակցիր Քրիստոսի ծննդեան իրադարձութիւններուն։ Ան մխրճուած է ծանր տարակոյսներու մէջ։ Ան իր գլուխը յենած է աջ ափին՝ երկմտութենէ եւ կասկածներէ տանջահար։ Եկեղեցական մանրանկարչութիւնը յաճախ այսպէս կը ներկայացնէ հայր Յովսէփին «կասկած»-ը, որ սակայն պէտք չէ իբրեւ մերժում ընկալել։ Ընդհակառակը, այդ կ’արտայայտէ մարդու ներքին պայքարն ու փորձը՝ յաղթահարելու իր տրամաբանութիւնը, փորձագիտութեան տուեալներուն հաւատալու եւ նախասիրաբար միայն անոնց վստահելու հակումն ու յաճախ շեշտուած եսասիրութիւնը, որպէսզի ան խոնարհութեամբ ներթափանցել կարենայ հաւատքին հոգեւոր ոլորտէն ներս՝ իրեն բացայայտուող աստուածային ճշմար­տութեան հաղորդա­կից դառնալու համար։ Հայր Յովսէփին դերակատարութիւնը սուրբ ընտանիքին նիւթական պատասխանատւութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ստանձնելուն մէջ կը կայանայ։ Այդ իսկ պատճառով, Թորոս վրդ. Տարօնացին զինք պատկերած է գլխուն շուրջբոլորը կարմիր լուսապսակով մը, որպէսզի ընդգծէ Աստուծոյ պարգեւած մասնաւոր շնորհքով անոր պատկանելիութիւնը սուրբ ընտանիքին։

Բաց աստի, մանրանկարին ամենավարի հատուածին կեդրոնը ներկայացուած է մանկաբարձ­ներու կողմէ նորածին երեխային տրուող առաջին լոգանքը։ Սոյնը կարելի չէ շփոթել Յիսուսի մկրտու­թեան հետ։ Մանրանկարիչը այս կարեւոր մանրամասնութեամբ կը ջանայ ակներեւ դարձնել ոչ միայն Տի­րոջ խոնար­հութիւնը մարդեղանալու եւ մսուրի մը անհրապոյր պայման­նե­րուն մէջ ծնելու յանձնա­ռու­թիւնը, այլ նաեւ մարդկային սովորութիւններուն ենթարկուելու պատ­րաստակամութիւնը՝ մեզ Իրեն մօտեցնելու, զԻնք հասկանալ ու ընբռնել կարենալու եւ առաւել եւս զԻնք սիրելու համար։ Ան ոչ թէ առ աչօք երեւցած է մեզի կամ մարդկային կերպարանք մը իբրեւ տա­րազ ընդունած է, այլ որ­պէս կատարեալ մարդ ապրած է մեր ժամանակին, պատմութեան եւ կեանքին մէջ՝ մեզի հետ, մեր մէջ եւ մեր միջեւ։

Ի դէմս Քրիստոսի՝ պատմութեան մէջ կը մտնէ գոյութեան մէկ այլ եղանակ՝ վախճանաբանական գոյութիւն մը, որուն շնորհիւ կը յաղթահարուին մարդու «անկումէն ետք» կեանքի երկու հիմնա­րար տարրերը, որոնք են բնական ծնունդէն անցնիլ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի կուսութեան եւ մահ­ուան՝ յարութեան խորհուրդներով։

Քրիստոսի մարդեղութեան այս ուրախալի իրադարձութիւնը վճռականօրէն փոխեց մարդկային պատ­մութեան ընթացքը։ Իր նշանակութեամբ եզակի այս իրադարձութիւնը դարեր շարունակ պատմուած, նկարագրուած, պատկերուած եւ երգուած է աղօթքներու, շարականներու, սրբա­պատկերներու, որմնանկարներու, մանրանկարչութեան եւ քրիստոնէական արուեստի բազմատե­սակ ստեղծագործութիւններու մէջ։

Երբ մենք թոյլ տանք, որ կրօնական արուեստի այդ ստեղծագործութիւնները Երբ մենք թոյլ տանք, որ կրօնական արուեստի այդ ստեղծագործութիւնները ներհայեցողաբար իրենց ազդեցութան դրոշմը թողուն մեր ներսիդին եւ սրբապատկերները մեզ ներշնչեն երկիւղով, ինչպիսին է Թորոս վրդ. Տարօնացիին աւանդած Սուրբ Ծննդեան առկայ մանրանկարը, ապա խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով ծնած է Քրիստոս, այլ այն առաջնահերթ ու էական իրողութեան, որ Քրիստոս եկաւ եւ փրկութեան աւետիսն ու Իր անձին ընդմէջէն Աստուծոյ անսահման սէրը փոխանցեց մարդկութեան։

Օ՛ն ուրեմն, եկէք ներհայեցողաբար, հոգիի վճիտ բաղձանքով մը երթանք Բեթղեհէմ եւ համակ եր­կիւղածութեամբ, այլեւ սրտի անսահման ուրախութեամբ դիմաւորենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան յառաջիկայ տօնը։ Արեւելքի մոգերուն հետ հետեւինք մեր հոգեւոր երկնակամարին վրայ փայլող աստղին, որ մեզ կ’առաջնորդէ մեր էութեան մսուրին մէջ մարմնացած Տիրոջ փրկա­րար ներկայութեան։ Հոն աւետաբեր հրեշտակներ զԱստուած կը փառաբանեն եւ հովիւներուն հետ կ’երգեն «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։

Բիւր յարգանք տալով հայ մշակոյթի բոլոր երախտաւորներուն եւ յաւէտ օրհնութիւն Թորոս Տա­րօնացի վար­դապետի անմահ յիշատակին, իր բարեկրօն մանրանկարով ներշնչուն՝ ես ալ յօժարա­կամ կը ծնրադրեմ սուրբ մսուրին առջեւ, եւ իրեն հետ կը վերա­ձայնեմ այն աւետիսը, որ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ հայ հաւատացեալը դարերուն ընդմէջէն եւ ահաւասիկ մինչեւ այսօր հոգեւին կ’աւետէ՝ ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Պաթոն Ռուժ, Լուիզիանա

[1]Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Մատեան Ողբերգութեան, Բան ԻԴ, Դ, տե՛ս առցանց http://narekatsi.com/hy/works/prayer-24։
[2] Պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնելու պատմ. Գիտ. դոկտ., փրոֆ. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մա­տենադարանի գիտական գծով փոխտնօրէն՝ Տիար Կարէն Մաթեւոսեանին, Թորոս Տարօնացիի սոյն ման­րանկարի թուայնացուած լուսանկարը ինծի առաքելուն համար։
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ