Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Կոչ

ՀՀՀ-ի Կողմէ 2022-ի Տարեմուտի Առթիւ Կոչ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2022 թուականի տարեմուտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ միեւնոյն ժամանակ, ունի կոչի մը բնոյթը։ Այս յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Վերջին երկու տարիները իսկապէս բարդ էին՝ բոլոր առումներով։ Առ այսօր շարունակուող համավարակը տակաւին չյաղթահարած՝ մէկ տարի առաջ անոր հետեւեցաւ պատերազմը իր ծանր հետեւանքներով։ Բախուեցանք ցաւալի իրականութեան՝ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս վիրաւորուած զինուորներ, անօթեւան մնացած արցախցիներ, աւերուած ենթակառուցուածքներով Արցախ, ընկերային անկում ապրած սահմանային համայնքներ՝ իրենց խնդիրներով (ոռոգման ջուր, արօտավայրերու կորուստ, տնտեսական անկում)։ Սակայն, օր առաջ համախմբուելով այս մարտահրաւէրներու յաղթահարման շուրջ՝ Հայաստան-սփիւռք շինիչ սերտ համագործակցութեան շնորհիւ, «Քովիտ 19»ի եւ պատերազմի բռնկման առաջին օրերէն մեծածաւալ աշխատանքներ իրականացուեցան թէ՛ համավարակը մեղմելու եւ թէ յետպատերազմեան ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղութեամբ։ Միասնական գործելու արդիւնքով, հարիւրաւոր զինուորներ ինքզինքնին վերականգնելով վերադարձան բնականոն կեանքի, Արցախի մէջ կառուցուած բազմաբնակարան շէնքերու, առանձնատուներու, կրթօճախներու ու ռազմավարական ճանապարհներու շնորհիւ արցախցիները նոր կեանքի կը սկսին՝ ապագայի յոյսով։

«Սիւնիքի եւ Տաւուշի բազմաթիւ համայնքներէն ներս իրականացուող զարգացման ծրագրերու շնորհիւ սահմանային բնակավայրերու մեր հայրենակիցներն ալ աւելի ամուր կը կանգնին իրենց հողին վրայ, իսկ Կիւմրիի բնակարանային լայնածաւալ ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ ընկերային առումով անապահովներուն փոխելու իրենց կեանքի որակն ու բարեկեցիկ կեանքի սկսելու։ Հիմնադրամի մեծածաւալ պարբերական ելմտական աջակցութեան շնորհիւ կ՚ամոքուին ծանր ընկերատնտեսական վիճակի մէջ յայտնուած լիբանանահայութեան խնդիրները։

«Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը կամրջելով միասնական նպատակներու շուրջ, նորովի ուժով պիտի յաղթահարուին բոլոր դժուարութիւնները։ Կարեւորը՝ այսօր ընթացող այս կենսական նշանակութեամբ ծրագրերու շարունակականութեան ու նոր ծրագրերու մեկնարկի ապահովումն է։

«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են մարդկային մէկ ժպիտ, յոյս ու ապագային նորովի նայելու հնարաւորութիւն ստեղծող հիմնադրամի ծրագրերուն»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ