Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Եօթը Կրամ Ձիթապտուղի Ձէթը Կը Նուազեցնէ Մահուան Վտանգը

Օրական միայն 7 կրամ (կէս ճաշի դգալ) ձիթապտուղի ձէթը կը նուազեցնէ սրտանօթային, «նիւրոտիճեներաթիվ» եւ շնչառական հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղցկեղէն մահացութեան վտանգը։ Այս եզրակացութեան յանգած են ամերիկացի գիտնականները։

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բուսական իւղերով չյագեցած մարկարինը եւ կարագը, օրինակ, ձիթապտուղով փոխարինելը զգալիօրէն կը բարելաւէ առողջութեան ցուցանիշները։ Գիտնականները յայտնած են, որ օրական 10 կրամ այլ ճարպեր, ինչպէս մարկարինը, կարագը, «մայոնեզ»ը եւ կաթի իւղը ձիթապտուղի իւղով փոխարինելը կապուած է մահուան վտանգի 8-34 առ հարիւրով կրճատման հետ, գրած է Medportal.ru-ն:

«Բժիշկները պէտք է հիւանդներուն յանձնարարեն որոշ իւղեր, ինչպէս՝ մարկարինը եւ կարագը, փոխարինել ձիթապտուղի ձէթով՝ առողջութիւնը բարելաւելու համար: Մեր հետազօտութիւնը կ՛օգնէ աւելի ճշգրիտ առաջարկներ ներկայացնելու, որոնք հիւանդները կրնան աւելի դիւրութեամբ հասկնալ եւ, յոյսով ենք, որ կը ներառեն իրենց սննդականոնին մէջ», -ըսած է հետազօտութեան ղեկավար, փիլիսոփայութեան տոքթոր Մարթա Կուաշ-Ֆերեթ:

Հետազօտութեան ընթացքին, գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 92 000 մարդու բժշկական տուեալները վերջին 28 տարուան ընթացքին։ Անոնք բոլորն ալ հետազօտուած են 1990 թուականին եւ սկզբնական փուլին սրտանօթային հիւանդութիւններ եւ քաղցկեղ չեն ունեցած: 4 տարին անգամ մը կամաւորներուն կը հարցնէին, թէ որքա՞ն յաճախ անոնք կ՛օգտագործեն ճարպեր եւ իւղեր, ինչպէս նաեւ՝ ի՞նչ ապրանքանիշեր կամ ի՞նչ տեսակի իւղեր անոնք օգտագործած են ճաշ պատրաստելու համար եւ աւելցուցած սեղանին նախորդ տարի:

Ձիթապտուղի ձէթի սիրահարներուն նպաստած էին նաեւ այլ գործօններ։ Անոնցմէ շատերը ֆիզիքապէս աւելի «աքթիվ» էին, ունէին հարաւեւրոպական կամ միջերկրականեան ծագում, աւելի քիչ կը ծխէին եւ շատ աւելի թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէն կ՛ուտէին, քան անոնք, որոնք քիչ ձիթապտուղի ձէթ օգտագործած էին: Այս բոլորը անկասկած, կը նպաստեն մահացութեան վտանգի նուազման՝ այս խումբին մէջ։

Հետազօտութեան 92 000 մասնակիցներէն աւելի քան 36 000-ը մահացած են 28 տարուան ընթացքին: Երբ հետազօտողները բաղդատած են զանոնք (որոնք օրական աւելի քան 7 կրամ ձիթապտուղի ձէթ կ՛օգտագործէին), փորձի մնացած մասնակիցներուն հետ, պարզուած է, որ անոնց մահացութեան մակարդակները զգալիօրէն կը տարբերին: Այդպէս, սրտանօթային հիւանդութիւններէն մահացութեան վտանգը ցած էր 19 առ հարիւրով, քաղցկեղէն 17 առ հարիւրով, «նիւրոտիճեներաթիվ» հիւանդութիւններէն՝ 29 առ հարիւրով, իսկ շնչառական հիւանդութիւններէն՝ 18 առ հարիւրով։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ