Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Համեստափայլ՝

Տիկ․ Անահիտ Կօշկարեան, Խմբագիր

Նոր Օր Շաբաթաթերթի

Ներփակ ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ Երեւանի մէջ, Յուլիս 31, 2021-ին լոյս տեսած գիրքէս օրինակ մը։  Այս հատորը հաւաքածոն է տարիներու ընթացքին մեծ մասամբ լոյս տեսած կամ անտիպ գրութիւններուս։ Գիրքը Հայաստան լոյս տեսաւ Դոկտ․ Քնարիկ Աբրահամեանի խմբագրութեամբ եւ ՍՓԻՒՌՔ գիտա-ուսումնական կեդրոնէն Փրօֆ․ Սուրէն Դանիէլեանի յառաջաբանով։ Կողքի նկարն ալ – անձնական նուէրն է Նահապետ Արամ Հայկազէն իր մահուընէն տարի մը առաջ ի՛ր վրձինով նկարուած։

Մի քանի շաբաթով Երեւան կը գտնուէինք։ Ուրախ եմ որ Երեւանի ԹՄՄ- Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքիս շնորհանդէսը։ Ուրախ եմ, որ գիրքին լոյս ընծա-յումը շատ լաւ արձագանգ գտաւ հայրենի ընթերցողներուն մօտ։

Վերջապէս մեզի հետ կրցանք բերել մի քանի տասնեակ օրինակներ միայն։ Այս գիրքին բովանդակութեան, որոշ մասին հաւանաբար ծանօթ էք արդէն ՆՈՐ ՕՐ-ին կամ Հայ Մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններէն։

Նոյեմբեր ամիսը մեզի կը յուշէ մեր ունեցածներուն, մեզ շրջապատող բարեկամներուն հանդէպ մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու։

Իմ լաւագոյն մաղթանքներս եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ անցեալի ու ներկայի ՆՈՐ ՕՐ-ի բոլոր խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն, Հայ թերթը կանգուն պահող բարերարներուն, ազգապահպանման ջահը վառ պահողներուն։

Լաւագոյն զգացումներով՝

Զարմինէ Պօղոսեան

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ