Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ցասում եւ Նողկանք

Այսօրուան մեր նիւթը պիտի կեդրոնանայ երկու երգահանդէսներու վրայ՝ որոնք տեղի ունեցան վերջերս, ամերիկայի տարածքին։

Առաջին երգահանդէսը՝ որ ցասումի երեւոյթ մըն է, տեղի ունեցաւ Թէքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մէջ։ Իսկ երկրորդը՝ որ նողկանքի երեւոյթ մըն է, տեղի ունեցաւ Ֆլօրիտա նահանգի Տէյթոնա Պիչ քաղաքին մէջ։

Ցասում

Ինչո՞ւ ցասում, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ուրեմն երգահանդէսը (Astroworld Festival) կազմակերպողն ու ելոյթով մը հանդէս եկողը նշանաւոր երգիչ (rapper) Թրէվիս Սքաթն է (տես նկարը)։ Ան՝ իր ելոյթի ընթացքին այնքան խանդավառուած է որ սկսած է հրահրել հանդիսատեսները որ յառաջ գան՝ խորտակելով անցարգելքները։

Եւ ահա 50,000-ի հասնող հանդիսատեսները՝ խուճապային հրմշտկոցով (stampede) մը կը վազեն դէպի բեմ, անսալով երգիչի հրաւէրին եւ մօտէն վայելելու երգն ու երաժշտութիւնը։ Մարդկային այս խելագար հոսանքին զոհ կ՛երթան 14-27 տարեկան 8 անմեղ մարդիկ, իսկ 25 ալ վիրաւոր անձիք կը փոխադրուին հիւանդանոց։

Զարմանալին եւ դժբախտութիւնը այս պարագային հոն է որ երգիչը՝ չանդրադառնալով մահացու այդ եղելութեան, կը շարունակէ երգել եւ տակաւին հրահրել ամբոխը … Ան յանկարծ կը կենայ երբ կը տեսնէ շտապ օգնութեան մեքենաներու վառվռուն լոյսերն ու կը լսէ անոնց ահազանգային ձայները։

Հիմա յանցանքը որո՞ւ վրայ բարդելու է, երգիչին թէ խելագարած ամբոխին, կամ ալ երգահանդէսը կազմակերպող հաստատութեան։ Չմոռնանք որ հոս ամերիկա է եւ դատերու հոսանք մը արդեն ծայր առած է, պահանջելով նիւթական մեծագումար հատուցումներ!

Գալով Հիւսթըն քաղաքի քաղաքապետ Սիլվեսթըր Թըրնըրին, ան ըսած է որ շատ մը հարցումներ կան որոնք կը կարօտին պատասխաններու եւ մենք մեր կարելին պիտի ընենք որ նման դէպքեր չպատահին անգամ մը եւս։ Ուշ չէ՞ արդեն …

Իսկ երգահանդէսը կազմակերպող հաստատութիւնը (Live Nation) իր ցաւակցութիւնները յայտնած է մահացողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Է՜հ, այսքանը բաւարա՞ր է սփոփելու զանոնք՝ չեմ կարծեր։

Նողկանք

Ինչո՞ւ նողկանք, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Այս երգահանդէսին ելոյթ կ՛ունենար Brass Against նուագախումբի երգչուհի 36 ամեայ Սոֆիա Ուրիսթան (տես նկարը)։ Ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար՝ եթէ նկատի չառնենք ականջ խուլցնող նուագը, երբ յանկարծ երգչուհին անհրաժեշտութիւնը կը զգայ միզելու։

Սա բնական պահանջք մըն է որ կը պատահի բոլորիս։ Սակայն անբնականը այս պարագային այն է որ փոխանակ արտաքնոց երթալու, ան ուզած է բեմին վրայ միզել՝ որպէսզի ժամանակ չկորսնցնէ … Առ քեզի շփացածութեան կենդանի օրինակ մը, որ դժբախտաբար վարակած է բոլոր համբաւ առած «աստղ»երը։

Այսքան նողկանքը կարծես չէր բաւեր, առաւել՝ մեր պժգալի երգչուհին փափաք յայտնած է որ հանդիսատեսներէն մին բեմ բարձրանայ, որպէսզի միզելու գործողութիւնը անոր վրայ կատարէ! Է՜հ, եղաւ ասիկա։ Դժբախտաբար եղաւ ու անցաւ։

Հոս տեղին է յիշել որ հանդիսատեսներուն մէջ կային անչափահաս մանչեր եւ աղջիկներ՝ որոնք կամայ-ակամայ ականատես դարձան այդ ապառողջապահական եւ անբարոյ արարքին։

Հիմա զո՞վ պէտք է մեղադրել։ Երգչուհի՞ն, ապուշ հանդիսատե՞սը՝ որ բեմ բարձրացաւ եւ ինքզինքին թոյլ տուաւ որ հրապարակաւ  նուաստացումի ենթարկուի, թէ այդ նուագահանդէսը կազմակերպող ընկերութիւնը, որ արտօնեց որ երգահանդէսը շարունակուի այդ ամօթալի պայմաններուն ներքեւ։ Կը խնդրեմ որ դուք ըլլաք դատաւորը եւ տաք ձեր արդար վճիռը։

Սա ալ ըսեմ որ տրամադրութեանս տակն է այն նկարը որ երգչուհին տաբատը իջեցուցած կը միզէ հանդիսատեսին վրայ, սակայն պատշաճութիւնը չի ներեր որ թերթին ղրկեմ՝ առ ի հրատարակութիւն, որուն համար ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրեմ եւ կը յուսամ թէ կը հասկնաք …

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ