ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կ՝ապրինք Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ: Այս նահանգը նշանաւոր է իր ջերմ եւ բարեխառն մթնոլորտով, որուն պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ այստեղ բնակութիւն հաստատած են, աշխատելու կամ՝ հանգստեան կոչուելու համար: Նահանգը, գրաւելով Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի մեծագոյն շրջանը, 1930-ական թուականներէն ետք դարձած է աշխարհի ժողովուրդներու տենչն ու երազը, այստեղ փոխադրուելու, աշխատելու եւ ապրելու համար, կլիմայի նպաստաւոր դրութեան պատճառով: Նահանգին հիւսիսային շրջանը հարուստ է ջրառատ գետերով եւ լիճերով, իսկ կլիման աւելի բարեխառն ու հաճելի: Սակայն նահանգին հարաւային շրջանը աւելի չոր է եւ անապատային, սկսեալ՝ միջին շրջանէն: Ճիշդ այդ նպատակով, համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, նահանգի ղեկավարներ որոշեցին ոռոգել հարաւային շրջանները, հիւսիսային գետերու եւ լիճերու ջուրերը այնտեղ հասցնելով, որուն հետեւանքով զարգացաւ հարաւային Գալիֆորնիոյ շրջանը իր քաղաքներով եւ գիւղերով, առաւել եւս հրապուրելի դարձնելով նահանգը: Որպէս հետեւանք՝ աշխարհի զանազան վայրերէն մարդիկ, զանազան դասակարգերու պատկանող, նահանգի մագնիսական հրապոյրին չդիմանալով, խուժեցին դէպի Գալիֆորնիա, դարձնելով զայն Միացեալ Նահանգներու ամենաբազմամարդ նահանգը: Հարաւային Գալիֆորնիոյ մեծագոյն քաղաքներէն են՝ Լոս Անճելըսը, Սէն Ֆրանսիսքօն եւ Սէն Տիէկօն, որոնք համարեա երկրի մը համբաւն ունին իրենց տարածքով, բնակչութեամբ եւ տեսարժան վայրերով:
Այդ ժամանակաշրջանէն ետք, Գալիֆորնիոյ մէջ առեւտուրը զարգացաւ բոլոր մարզերու մէջ, երկրագործութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին՝ կերակրելու համար համարեա ամբողջ ամերիկան, գործարաններ ստեղծուեցան, արուեստագիտութիւնը սրընթաց յառաջխաղաղացում արձանագրեց իր «Սիլիքոն Վալիի»ն հիմնադրութեամբ եւ Գալիֆորնիան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն եւ ամենահարուստ նահանգը:
Գալիֆորնիան դարձաւ նաեւ մուտքի դարպասը Միացեալ Նահանգներուն, վերջին 100 տարիներու ընթացքին, բնակչութիւն եւ գործ ու աշխատանք հասցնելով Միացեալ Նահանգներու մնացեալ նահանգներուն եւս, այլեւայլ պատճառներով: Սակայն արագընթաց զարգացումը իր հետ բերաւ նաեւ սղաճ ու ապրուստի այլ դժուարութիւններ: Շատեր՝ գաղթեցին, տուրքերու տարափին չդիմանալով եւ այլ նահանգներու աւելի նպաստաւոր պայմաններուն պատճառով: Այլ մարդիկ գաղթեցին մարդկային բազմազանութեան պատճառով: Իսկ այլք՝ գաղթեցին նորանոր օրէնքներու կիրարկման, կենցաղային եւ կեանքի ապահովութեան դժուարութիւններուն, ահաբեկչութիւններուն, ոճրագործութիւններուն, գողութիւններուն (որոնք ամենափոքրէն սկսեալ մինչեւ շոգեկառքերու կողոպուտի աստիճանի հասան, մեզ յիշեցնելով 1800-ական թուականներու Ամերիկան), երթեւեկի խճողումին՝ ճամբաներու անբաւարարութեան, բնակարաններու թանկացման եւ զանազան այլ բազում պատճառներով:
Բայց հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, Գալիֆորնիան կը մնայ տակաւին աւելի հրապուրելի նահանգ մը, ուր աշխատանքներու վարձատրութիւնները աւելի բարձր են միւս նահանգներէն, (անշուշտ շահարկումի, եկամուտի, բնակարաններու, գնումներու, ծախքերու, եւ այլ 20 տեսակ տուրքերը եւս բարձր են միւս նահանգներէն՝ համեմատաբար): Սակայն աշխատանքի կարելիութիւնները անսահման են, ընկերվարական (Social) վարձատրութիւնները համարեա կրկինն են ընդհանրապէս` բաղդատմամբ միւս նահանգներուն, (գլխաւոր պատճառ հանդիսանալով բազմամիլիոն անօրէններու մուտքը այստեղ, կամ՝ պարզապէս փոխադրուելու այստեղ, ընկերվարական աւելի նպաստաւոր պայմաններուն համար):
Չմոռնալով յիշել նաեւ՝ Գալիֆորնիոյ զուարճութեան եւ հաճոյքի բազմահազար վայրերն ու աղբիւրները, Հոլիուուտէն սկսեալ մինչեւ Տիզնի Լէնտ կամ՝ Եունիվըրսըլ Սթուտիօ:
Նահանգը Կը պարփակէ աշխարհի մեծագոյն հարուստէն սկսեալ մինչեւ վերջին թշուառ կամ չքաւոր բնակիչը, իւրաքանչիւր դասակարգ մեկուսացած՝ իր բոյնին մէջ: Կան թաղամասեր, ինչպէս բոլոր նահանգներու քաղաքներուն մէջ, որտեղ կարելի չէ ապրիլ, եթէ իրենց նման չես, կամ՝ եթէ նոյնիսկ իրենց նման ես:
Սակայն կը պատահի անխուսափելին: Վերջին երեք տասնամեակներէն սկսեալ, Գալիֆորնիան յարատեւ պարտական է (Federal) դաշնակցային կառավարութեան եւ անդադար նպաստ կը խնդրէ անկէ: Կար ժամանակ, երբ նահանգը անյաջող փորձ կատարեց անկախութիւն պահանջելով դաշնակցային կառավարութիւնէն: Բայց կտրուկ մերժումի արժանացաւ որովհետեւ՝ նահանգին 40 տոկոսէն աւելին կը պատկանի դաշնակցային կառավարութեան:
Հայազգի նահանգապետ՝ Ճորճ Տէօքմէճեան, ըլլալով հանրապետական կուսակցական, պաշտօնէութեան առաջին ժամանակաշրջանին, խոհեմօրէն կարողացաւ նահանգին պարտքը հեշտօրէն փակել դաշնակցային կառավարութեան մօտ եւ ունենալ յաւելեալ եկամուտ նահանգին համար: Սակայն իր պաշտօնէութեան երկրորդ ժամանակաշրջանին, չթողուցին իր արդար աշխատանքի շարունակութիւնը եւ նահանգը կրկին սուզուեցաւ պարտքերու տակ: Իրմէ ետք յաջորդող բոլոր նահանգապետերը չկարողացան փրկել նահանգը իր անել վիճակէն, մինչեւ այսօրուան նահանգապետը, որ կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան, առաւել եւս մխրճելով նահանգը տիղմի մէջ:
Իսկ որպէս ելք կամ՝ փրկութիւն ներկայ վիճակէն, այս տարուան Յունուարի 6-ին, նահանգի ներկայացուցիչներու տան մէջ «նորահնար» ծրագիր կը ներկայանայ կարգ մը նահանգի ծայրայեղ գոնկրէսականներու կողմէ, նահանգը դարձնելու ինքնաբաւ եւ առողջապահական միջոցներու եւ բժշկական խնամքի ձրի հայթայթումի կոչով, նահանգի անխտիր «բոլոր» բնակիչներուն համար, (Cal Care) ծրագրի մը անուանումով, ըլլան անոնք տեղացի, քաղաքացի թէ անօրէն:
Cal Care-ը պիտի ընդգրկէ նահանգի բոլոր բժշկական, առողջապահական եւ դեղորայքի ձրիօրէն հայթայթման միջոցները կառավարական մէկ հովանիի ներքեւ (Socialized Medicare) անուան ներքեւ:
Իսկ որպէս այդ ծախսերը հոգացող եկամուտ, որ միլիառաւոր տոլարներու կը կարօտի, նահանգը հետեւեալ տուրքերը պիտի սահմանէ բնակիչներուն վրայ:
- 80 հազարէն աւելի եկամուտ ունեցող աշխատաւորներու տուրքի բարձրացում:
- Բնակարաններու տուրքերու յաւելում, (property tax) բնակարաններու եւ կալուածներու փոխարժէքին սանդղակի համակարգով: (Այս ծրագրին առնչութեամբ, կառավարութիւնը համարեա բոլոր ընտրութիւններուն, հանդէս կու գայ խաբուսիկ եւ տարբեր օրէնքներու անյաջող առաջարկներով, զանց առնելու համար Howard Jarvis-ի կալուածային տուրքերու օրէնքը, որը 1% է: ) Այս ծրագիրը վերջ պիտի դնէ (The American Dream)-ին կամ՝ (Thae Promised Land)-ի յոյսերուն: Որովհետեւ այն բնակիչները որոնք պիտի չկարողանան իրենց կալուածներու տուրքերը մատուցել, պետութիւնը կամ՝ որոշ անձիք պիտի գրաւեն զանոնք: Իսկ բնակի՞չը, շատ հաւանաբար դառնայ անտուն, մուրացկան, թափառական, կամ՝ գաղթէ այլ նահանգ կամ երկիր եթէ տակաւին կարողանայ անշուշտ:
- Անոնք որոնք (Stock Market)-ի մէջ ներդրումներ ունին, պիտի ենթարկուին տուրքերու, նոյնիսկ եթէ չեն գանձած իրենց ներդրումները:
- Մեծ ընկերութիւններու եկամտային տուրքերու յաւելում:
- Ժառանգութեան, փոխադրութեան, առեւտուրի, կենցաղային եւ զանազան այլ տուրքերու յաւելում, որոնց ականատես եւ համտես ենք արդէն:
Կարծէք չէր բաւեր կեանքի սղաճը իր բոլոր երեւոյթներով, այժմ՝ Գալիֆորնիոյ նահանգը եթէ յաջողի իրողութիւն դարձնել վերոյիշեալ առաջարկները, իրեն պիտի հետեւին Օրիկըն, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք եւ այլ նահանգներ:
Այս բոլորը շատ բարի, «կարգ» մը դասակարգի եւ անհատներու համար:
Իսկ աշխատաւոր դասակարգի՞ն համար…., ի՞նչ թելադրանք: