Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոչ եւս է Սառգի Մուրատեան

Մեր Կորուստները

Շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլի հանրածանօթ արտադրիչ եւ բեմադրիչ, երաժիշտ եւ

Դերասան Սառգի Մուրատեան մահացաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022-ին Լոս Անճելըս։ Ան 91 տարեկան էր։

Ծնած էր Պէրութ 1931-ին եւ փոքր տարիքէն երաժշտութեան եւ թատրոնի մէջ մտած էր։ Յօրինած էր զանազան ժողովրդական երգեր եւ բեմադրած՝ թատրերգութիւններ, նաեւ իքն ալ դերեր ստանցնելով։

1955-ին փոխադրուեցաւ Պոսթոն իր երաժշտական գիտելիքները զարգացնելու համար, իսկ 1960-ին հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս հետեւելով  «Արուեստներու Թատրոն»ի դասընթացքներուն, նոյն ժամանակ դերեր ստանցնելով եւ աշխատելով շարժանկարներու բեմադրական գործերուն մէջ։

Քանի մր տարի ետք պատրաստեց իր առաջին շարժանկարը 1965-ին  «Պաղտասար Աղբար»ը՝ լայն ժողովրդականութիւն ապահովելով։

Ապա բեմականացուց նաեւ այլ շարժանկարներ – «Սասունի Զաւակներ» 1973-ին, «Երջանկութեան Արցունքները» 1975-ին, «Սիրոյ Խոստում»-ը 1978-ին, եւ «Մուսա Տաղի 40 Օրերը» 1982-ին։

Մուրատեան 1978-ին հաստատեց «Հայկական Հեռուստաժամ» (Armenian Teletime) յայտագիրը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարը 2016-ին Ոսկի Մետալով պատուեց Մուրատանին։

Ամերիկահայ կեանքին բազմավաստակ անձն է Սարգի Մուրատեան հայ մշակոյթի բերած իր կարեւոր ներդրումին եւ թողած խիստ կարեւոր ժառանգին համար։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ