Ցաւով կը հաղորդենք, թէ Երեքշաբթի, Փետրուար 8, 2022-ին առաւօտեան ժամը 6։00-ին մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ ՌԱԿ-ի Վեթերան Ընկերուհիներէն՝
Ընկերուհի ՍԻԼՎԻԱ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան տարիներու անդամ եւ այժմու պատուոյ անդամ, ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանայինի վարչական, հանգուցեալի կողակիցին՝ Ընկ. Յակոբ Նազարեանին, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն։
Յիշատակն արդարիւն օրհնութեամբ եղեցի։