Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ո՞ւր է Մեր Դիմագիծը

Բոլոր ժամանակներուն ալ տուեալ ժամանակաշրջանը թելադրած է արդիականութեան իր սեփական չափանիշները։ Սկսեալ հագուստի նորաձեւութենէն, մինչեւ բարոյականութեան եւ հասարակութեան համար համընդհանուր ընդունելի չափանիշները։Կան մարդիկ, որոնք հակում ունին ընդունելու ընդհանուրը, կան մարդիկ, որոնք կ’ընդունին նորաձեւութիւնը։ Կան մարդիկ, որոնք կ’ենթարկուին հասարակութեան ճնշումին եւ կան մարդիկ, որոնք պարզապէս իրենց դիմագիծը չունին, եւ կը հետեւին բոլորին: Այսպիսիները ամէնէն վտանգաւորներն են: Նախ՝ իրենց արժեհամակարգը չունին, ընդունելի-անընդունելիի եզրագիծ, ընդունելի կամ անընդունելի բարոյական չափանիշներ։ Իսկ երկրորդ, քանի որ էութեամբ եւ մտածելակերպով բաց են ամէն տեսակ հասարակական ճնշումին, սպունգի պէս կը ներծծեն այն, ինչ կը թելադրէ հասարակութեան տուեալ ժամանակահատուածի ընդունելի չափանիշը՝ առանց վերլուծելու անոր դրական եւ բացասական կողմերը։

Ու թէեւ կան ժամանակաւոր համընդհանուր երեւոյթներ, որոնք կարելի է ուղղել կամ փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս օրինակ նորաձեւութեան մէջ կարճաժամկէտ խելայեղութիւնները, կան նաեւ այնպիսի բաներ, որոնք յետագայ ամբողջ կեանքի վրայ մշտական հետք կը ձգեն: Թոյլ տուէք համարձակիմ եւ նկատել տամ, որ վերջին շրջանին Plastic վիրաբուժութեան պատճառով, հազարաւոր եւ նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր կիներ ու աղջիկներ նոյն դէմքը ունին։ Եթէ աւելի համարձակիմ, պէտք է աւելցնեմ ըսելով՝ նոյն դէմքը, մօրուքն ու մազը ունեցող տղամարդիկ ալ կան։

Խնդիրը այստեղ իրարու նմանիլը , նոյն սանտրի տակէն դուրս եկած կտաւի նմանիլը չէ, այլ, որ այդ մօտեցումը՝ ընտրութիւն չէ, հասարակութեան թելադրանքն է։ Համընդհանուր զանգուածային ճնշումին չդիմանալու իրականութիւնն է։

Արդեօ՞ք մէկը կրնայ համոզել զիս, որ այն անձը, որ կը վիրահատէ իր դիմագիծը, ուրիշին նմանելու համար, ունի այնքան կայացած ներքին անձ, որ ունի իր արժեհամակարգը , ինքնագնահատականը , բարոյականութեան չափանիշը եւ համարձակ է այնքան որ կրնայ վստահօրէն ներկայանալ այնպիսին, ինչպիսին ինքնակերտուած է, այլ ոչ թէ «արտադրուած» հասարակութեան կողմէ։ Ինչպէս որ աչք-յօնքը կը յարմարեցնեն հասարակութեան չափանիշներուն, այդպէս ալ մեր քաղաքական եւ գաղափարական մտածելակերպը կ’ենթարկուի «վիրահատումի» եւ Botox ներարկումի, առանց գիտակցելու մեր պատասխանատուութեանը հասարակութեան , երկրի եւ յատկապէս հայրենիքի հանդէպ։

Գեղեցիկ ըլլալու ձգտումը պախարակելի չէ։ Պախարակելին սեփական կարծիք չունենալն է։

Նմանելու ձգտումը պախարակելի չէ։ Պախարակելին անկէ բխող կործանիչ հետեւանքներն են։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ