Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Վահագն Խաչատրեան Հ.Հ. Նախագահութեան Միակ Ընդունելի Թեկնածու

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ուրախութեամբ կ’իմանանք մամուլէն թէ Բարձր Թեխնոլոկիաների եւ Արդիւնաբերութեան Նախարար Վահագն Խաչատրեան իր թեկնածութիւնը դրած է Հ.Հ. Նախագահութեան պաշտօնին: Կան նաեւ այլ մէկ երկու թեկնածուներ որոնք Խաչատրեանին լուրջ մրցակիցներ չեն կրնար նկատուիլ:

Հրաժարեալ նախագահը որ պաշտօնի կոչուեցաւ նախկին վարչակարգի օրով, քիչ առաջ Փաշինեանի Թաւշեայ Յեղափոխութենէն, զոհ պիտի երթար իր անձնական խառնուածքին: Ան անտեսելով երկրին սահմանադրական օրէնքները, ղարաբաղեան կռիւներու մեր պարտութենէն ետք, սխալ քայլեր առաւ այնպիսի օրհասական ժամանակ մը, երբ հայրենի մեր ժողովուրդը կարիք ունէր բարոյականը բարձրացնելու ու միասնականութիւն ստեղծելով դիմակալելու անորոշ ապագան: Նախագահ Սարգիսեան դժբախտաբար միանալով երկրին իշխանութիւնը տապալելու կոչուած խումբին, երկրին սահմանադրական օրէնքը խախտելով ապօրինի յայտարարութիւններ կատարեց: Հարցին մէջ աւելի չխորանալու համար աւելցնենք, որ հրաժարեալ նախագահը միջազգային համբաւի տիրացած անձնաւորութիւն մըն էր շնորհիւ իր գիտական համբաւին, բազմալեզու կարողութեան եւ դիւանագիտական փորձառութեան: Ան տուաւ մեր հայրենիքին իր կարելին:

     Արմէն Սարգիսեան զոհ գնաց իր խառնուածքին:

Ո՞վ է նախագահութեան թեկնածու Վահագն Խաչատրեանը: Անաչառ եւ առարկայական մօտեցումով կրնանք ըսել թէ ան օժտուած է շարք մը առաւելութիւններով որոնք զինք ընդունելի կը դարձնեն նախագահական պաշտօնին: Թուենք այդ յատկանիշներէն գլխաւորները: Ան ունի պարկեշտ, անկաշառ, ու լայնախոհ մարդու նկարագիր: Առաւել, քաղաքական եւ տնտեսական մարզերու մէջ վերլուծելու բարձր կարողութիւն: Ատեն մը նաեւ վարած ըլլալով Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խորհրդականի պաշտօնը, ունի քաղաքական, դիւանագիտական եւ պետական խոր հմտութիւն եւ փորձառութիւն: Ան եղած է որոշ ժամանակ մը Երեւանի Քաղաքապետ, որը առիթ ընծայած է իրեն ճանչնալու մեր ժողովուրդին առօրեայ ցաւերն ու տենչերը: Ան, շնորհիւ իր արտակարգ ճկունութեան եւ հայրենիքին դիմակալած վիթխարի մարտահրաւէրներուն քաջատեղեակ ըլլալու հմտութեան, ատակ է տարբեր հատուածներու հետ շեշտ յարաբերելու, որոնելու համար հասարակաց ընդունելի միջին ճամբայ մը ի շահ երկրին կայունութեան եւ յառաջդիմութեան:

Այսօր մենք բոլորս գիտակից ենք որ աշխարհը կ’անցնի խիստ մտահոգիչ խմորումներէ: Միւս կողմէ, մեր հայրենիքն ու Արցախը, ի մասնաւորի ղարաբաղեան պարտութենէն ետք, կ’ապրին անորոշ ու վտանգալից օրեր:  Նման նուրբ կացութիւն մը կը պահանջէ մեր հայրենի պետութենէն ըլլալ զգաստ, զգօն, իրապաշտ ու իրատես, որպէսզի կարելի չափով խուսափինք աղիտաբեր վտանգներէ որոնք Դամոկլեան Սուրի պէս կախուած են մեր երկրին վերեւ:

Մենք ունինք այն վստահութիւնը թէ Վահագն Խաչատրեան այդ ոգիով պիտի գործէ նախագահական իր պաշտօնին վրայ:                                                 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ