Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վիթամին D2-Ը Չ՛Օգներ Պայքարելու Վարակներու Դէմ

Գիտնականները պարզած են, որ վիթամին D-ի երկու տեսակները տարբեր ազդեցութիւն կ՛ունենան օրկանիզմին վրայ։ Այսպէս, վիթամին D2-ի ազդեցութիւնը մարդու առողջութեան վրայ կասկածներ կ՛առաջացնէ, բայց վիթամին D3-ը կրնայ հաւասարակշռել դիմադրողական համակարգը եւ ամրապնդել պաշտպանութիւնը ժահրային վարակներէն, ներառեալ՝ քորոնա ժահրէն։

Երկու բրիտանական համալսարաններու միատեղ ուսումնասիրութեան ընթացքին, հետազօտողները ուսումնասիրած են վիթամին D-ի յաւելումներու ազդեցութիւնը մարդոց արեան մէջ «ճին»երու աշխուժութեան վրայ: Անոնք D2 եւ D3 վիթամինները ընդունած են ամէն օր 3 ամսուան ընթացքին։

Հետազօտողները պարզած են, որ հակառակ ընդհանրացած կարծիքի՝ վիթամին D-ի տարբեր տեսակներ տարբեր ձեւով կ՛ազդեն օրկանիզմին վրայ։ Վիթամին D3-ը դրական կ՛ազդէ մարդու դիմադրողականութեան վրայ՝ օգնելով պայքարիլ վարակներու դէմ։ Բայց վիթամին D2-ը նման ազդեցութիւն չունի։

«Մենք ցոյց տուած ենք, որ վիթամին D3-ը, կարծես, կը խթանէ «I տիպի ինթերֆերոն»ի ազդանշանային համակարգը: Անիկա դիմադրողական համակարգի առանցքային բաժին մըն է եւ կ՛ապահովէ «պաքթիրիա»ներու եւ ժահրերու դէմ պաշտպանութիւնը»,- ըսած է փրոֆեսոր Քոլին Սմիթ:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ վիթամին D3-ի կամ ատով հարուստ սնունդի ընդունումը կարեւոր է յատկապէս ձմռան ամիսներուն: Մարդու օրկանիզմը կրնայ արտադրել վիթամին D3, երբ կ՛ենթարկուի արեւու կամ արհեստական ​​ուլթրամանիշակագոյն լոյսի ազդեցութեան, մինչդեռ որոշ բոյսեր եւ սունկեր կ՛արտադրեն վիթամին D2:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ