Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞ւ – Չեմ Հասկնար

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ մեր գաղութի ղեկավարները՝ ըլլան անոնք քաղաքական, հոգեւորական թէ մշակութային բնագաւառները ներկայացնող, երկար կը խօսին …

Ըստ գիտական ուսումնասիրութեանց, մարդու մը ուշադրութեան տարողութիւնը (attention span) կրնայ տեւել 15-20 վայրկեան միայն, որմէ ետք ան դժուար թէ կեդրոնանայ եւ հետեւի բանախօսութեան ու հասկնայ ներկայացուած նիւթը։

Ամփոփ եւ նիւթը ճիշդ արծարծող բանախօսութիւնը կ՛ըլլայ տպաւորիչ եւ դիւրահասկնալի։ Հիմա խօսինք օրինակներով։ 2012 թուականին, մանչ զաւակս փաստաբանական երդումը տուաւ՝ ի միջի այլոց։ Եօթը դատաւորներ եւ որակաւոր փաստաբաններ հանդէս եկան իրենց խրատականներով եւ ընդամէնը տեւեց 21 վայրկեան։

Շիտակը ըսելու համար՝ ես ափ ի բերան մնացի, սակայն խիստ տպաւորուեցայ ներկայացուած խրատականներով, որոնք երկար մնացին իմ յիշողութեանս մէջ։

Ինչո՞ւ մենք հայերս սովորութիւն ըրած ենք ներկայացման մը, հանդիսութեան մը եւ կամ որեւէ ձեռնարկի մը ուշ հասնիլ, տուեալ սրահը։ Ասոր համար է որ «Հայկական Ժամադրութիւն» պիտակը արդարօրէն դրոշմուած է մեր ճակտին, չէ՞։

Դժբախտաբար ուշ գալու վերոյիշեալ տգեղ սովորութիւնը առկայ է նաեւ մեր միութենական թէ եկեղեցական ժողովներու ընթացքին։ Հաստատ գիտցէք որ ուշանալով՝ պարտաճանաչ ժողովականներուն համբերութիւնը չարաչար կը գործածէք։

Ես սովորութիւն ունիմ ժամանակէն առաջ հասնելու ժողովասրահ եւ ի սրտէ կը թելադրեմ որ անոնք որոնք պիտի ուշանան՝ բարեհաճ գտնուին լուր տալու, որպէսզի ժողովը ատենին սկսի եւ օրակարգերը բարւոք քննարկուին, լուծումի հանգելէ առաջ։

Գիտցած եղէք որ մարդոց ժամանակը՝ օրուան աշխատանքէն ետք, սուղ է եւ անոնք կ՛ուզեն արագ մը քննարկել օրակարգերը եւ շուտ մը տուն երթալ հանգստանալու, որպէսզի յաջորդ օրը կանուխէն դարձեալ գործի երթան!

Ինչո՞ւ  մեր հայերը տեղին քննադատութիւն չեն սիրէր։ Եթէ քննադատութիւն չըլլայ՝ յառաջդիմութիւնը անկարելի կ՛ըլլայ, չէ՞ք խորհիր։ Որքան որ կատարեալ մարդչկայ, այնքան ալ կատարեալ ձեռնարկ չկայ եւ անոնք պէտք է ենթակայ ըլլան քննադատութեան, որպէսզի սխալները սրբագրուին եւ ուրիշ անգամ չկրկնուին։

Մեր հայ մամուլի էջերն ալ պէտք է ենթակայ ըլլան քննադատութեան, ըլլայ այդ դրական կամ բացասական։ Վայ եկեր է քեզի երբ յանդգնիս խմբագրի մը ուշադրութեան յանձնել ուղղագրական կամ քերականական սխալ մը։ Պատասխանը անմիջապէս կ՛ըլլայ, «Է՜հ, Լոս Անճելըս Թայմզ օրաթերթին մէջն անգամ ահագին սխալներ կան …

Եղբայր, մենք մեր սխալները տեսնենք եւ սրբագրենք։ Ուրիշին սխալները պէտք չէ արդարացնէ մեր սխալները եւ վերջ։ Այսինքն՝ քննադատութեանց նկատմամբ պէտք չէ պաշտպանողական ըլլանք, այլ բաց գիրկով դիմաւորենք զանոնք եւ նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնենք եղած գրադատութեան համար։

Պէտք է հասկնանք որ սխալ գործելը մարդկային է եւ բոլորս ալ ենթակայ ենք սխալելու։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է պատրաստ ըլլանք սրբագրելու մեր սխալները, որքան որ ալ վիրաւորական ըլլայ սխալ մը գործած ըլլալը ընդունիլը!

Ինչո՞ւ Հայերը հաշուետուութեան գաղափարին հետ հաշտ չեն երբեք։ Դուն դրամը տուր եւ մի՝ հարցնէր թէ ու՞ր եւ ինչպէ՞ս գործածեցինք այդ գումարները, կ՛ըլլայ իրենց պատասխանը։ Է՜հ, եղաւ մը ասանկ …

Խօսքս կ՛երթայ ոչ թէ միայն Համահայկական Հիմնադրամին՝ այլ գաղութային միւս բոլոր քաղաքական թէ մշակութային կազմակերպութիւններուն, որոնք տարին մի քանի անգամ դրամահաւաք կը ձեռնարկեն, զանազան նպատակներու համար։

Բարեկամ, եթէ նպատակդ բարի է, պէտք է մուտքի եւ ելքի տոմարներդ թափանցիկ ըլլան՝ բոլոր նուիրատուներուն նկատմամբ, որպէսզի անոնց վստահութիւնը շահիս եւ կարենաս անոնց դիմել դարձեալ, ուրիշ նպատակներու համար ալ։

Հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ, «Առաջինը լաւ՝ երկրորդը բաւ եւ երրորդը ցաւ։» Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ