Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Օմիքրոնով Վարակուած Անձեր Յաճա՞խ Կ՛Ունենան Յետ Քովիտային Համախտանիշ

Քորոնա ժահրի օմիքրոն տարբերակով վարակուած մարդիկ աւելի նուազ հաւանականութեամբ կը հանդիպին յետ քովիտային համախտանիշի։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Մոսկուայի համաճարակաբանութեան եւ մանրէաբանութեան գիտահետազօտական ​​հիմնարկի քլինիքային աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Թաթիանա Ռուժենցովա։

Յետ քովիտային համախտանիշը յաճախ կը դրսեւորուի այնպիսի ախտանշաններով ինչպէս՝ թուլութիւն, յիշողութեան վատացում, գլխապտոյտ, գլխացաւ, արեան ճնշման բարձրացում կամ նուազում, մարսողութեան խանգարում։ Երբեմն հիւանդները կը դժգոհին նաեւ համի կամ հոտի ընկալման խանգարումէն, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

Մասնագէտին խօսքով՝ օմիքրոնի պարագային յետ քովիտային համախտանիշը աւելի նուազ ընդհանրացած է, եւ ատոր դրսեւորումները կը նմանին SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի այլ տեսակներով վարակուելէն ետք յառաջացող դրսեւորումներուն։

Մասնագէտը աւելցուցած է, որ յետք քովիտային համախտանիշի ընթացքի ծանրութիւնը կախեալ է ոչ միայն տեսակէն, այլ հիւանդին օրկանիզմին յատկութիւններէն եւ անոր առողջական ընդհանուր վիճակէն։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ