Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս Ինքզինք Վերագտնել COVID-19-էն Ետք

COVID-19ով վարակուած մարդիկ երկար ժամանակ հետեւանքներու եւ յետ քովիտային համախտանիշի կը հանդիպին: Մասնագէտ Իլիա Խոխլով փոխանցած է սնունդ ստանալու որոշ սկզբունքներ, որոնք կրնան օգնել աւելի արագ վերակագտնելու մենք մեզ քորոնա ժահրային վարակէն ետք։

Աւելցնել սպիտակուցը եւ նուազեցնել շաքարը

Քաղցր սնունդը արեան մէջ «կլիւքոզ»ի մակարդակի բարձրացում կը յառաջացնէ։ Քաղցր սնունդը կը նպաստէ նաեւ օրկանիզմին մէջ բորբոքային գործընթացներուն, որոնք քորոնա ժահրային վարակէն ետք կրնան միայն յաւելեալ խնդիրներ յառաջացնել։ Իսկ, ահաւասիկ, սպիտակուցը նիւթ մըն է ոչ միայն մկաններու, այլեւ՝ հակամարմին-«իմիւնոկոլոպուլին»ներու համար, որոնք կ՛արգելափակեն «փաթոճեն»ներու աշխուժութիւնը եւ կը հեռացնեն զանոնք օրկանիզմէն, ուրեմն սննդականոնին մէջ պէտք է բաւարար սպիտակուց ըլլայ:

Բջիջանիւթեր եւ «փրոպայոթիք»ներ

Այս երկու տարրերը կ՛օգնեն վերականգնելու աղիքներու «մայքրոպիոմ»ը, որ կը խանգարուի դեղերու, յատկապէս հակապայոթիքներու եւ հիւանդութեան ժամանակ վատ սննդականոնի պատճառով:

Վիթամին D

Վիթամին D-ն ձմռան անհրաժեշտ է գրեթէ բոլոր մարդոց համար, որովհետեւ ընդհանրապէս արեւուն լոյսը բաւարար չէ։ Այս վիթամինը կը գտնուի այնպիսի ուտելիքներու մէջ, ինչպէս՝ իւղոտ ծովային ձուկին, ձիթապտուղի իւղին, «ավոքատո»ին եւ ընկոյզին մէջ:

Այս վիթամինը կրնաք ստանալ նաեւ սննդային յաւելումներու ձեւով։ The Lancet ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ վիթամին D-ի 400-1000 IU «փրոֆիլաքթիք» դեղաչափով ընդունումը 22 առ հարիւրով կը  նուազեցնէ շնչառական վարակներու վտանգը եւ զգալիօրէն կ՛ընդլայնէ օրկանիզմին ընդհանուր պաշտպանողական գործառոյթները: Նաեւ՝ վիթամին D-ի մակարդակի բնականացումը կ՛օգնէ դադրեցնելու մազաթափութիւնը, եթէ անիկա սկսած է հիւանդութենէն ետք:

Առողջ ճարպաթթուներ

Օմեկա-3 ճարպաթթուները կը բարելաւեն վիթամին D-ի իւրացումը, կը պահեն ճարպագեղձերու բնականոն գործունէութիւնը եւ մաշկի ջրային ճարպային հաւասարակշռութիւնը: Օմեկա-3-ը ուղեղի եւ սրտի բջիջային թաղանթներու մէկ մասն է եւ հաւասարապէս կարեւոր է այդ երկու օրկաններու աշխատանքին համար: Omega-3-ը կը գտնուի իւղոտ ձուկերու մէջ: Անիկա կարելի է  նաեւ որպէս սննդային յաւելում ստանալ:

Մակնիզիում եւ վիթամին B6

The Lancet-ին մէջ հրապարակուած այլ հետազօտութեան մը համաձայն՝ քորոնա ժահրը կ՛ազդէ մարդու ճանաչողական ունակութիւններուն վրայ՝ այսպէս կոչուած մառախուղ յառաջացնելով ուղեղին մէջ՝ անտարբերութիւն «ինթելեքչուալ» աշխատանքի ժամանակ, անհասկնալի միտքեր, երկար ժամանակ կեդրոնանալու հետ կապուած դժուարութիւն։ Կ՛ենթադրուի, որ «մակնիզիում»ի՝ վիթամին B6-ով «քոմփլեքս»ը կ՛օգնէ ամրապնդելու նեարդային համակարգը, նուազեցնելու նեարդային լարուածութիւնը եւ բարելաւելու քունը:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ