Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Խառնաշփոթ Մտորումներ

Տեսակէտ

ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Անցեալ Յունուարին, Հայաստանի Դ. նախագահը արտասահման մեկնելէ ետք իր հրաժարականը ներկայացուց: Հիմա արդէն կամաց կամաց յայտնի կը դառնայ այդ հրաժարականին դրդապատճառները:

Մութ ամպեր անգամ մը եւս կը կուտակուին Հայաստանի լեռնաշխարհի վրայ:

Ռուսաստան գործի անցած է իր երբեմնի հզօրութիւնը վերականգնելու:

Ան նախկին Խ. Միութեան հանրապետութիւնները մէկ մէկ այս կամ այն միջոցներով կը փորձէ իր ազդեցութեան ոլորտէն ներս ներգրաւելու:

Հայաստանի իշխանութիւնները սթափեցնելու եւ Ատրպէյճանի մենատիրական նախագահը սիրաշահելու նպատակով, Արցախի հողատարածքին 75 առ հարիւրը յանձնեց Ատրպէյճանին: Եւ այսպէս մէկ քարով 2 թռչուն որսաց: Սակայն, ինչպէս միշտ, Թուրքիան առիթէն օգտուելով այս առեւտուրին մաս կազմեց եւ ՆԱԹՕի իբրեւ անդամ հասաւ Ռուսաստանի սահմաններուն:

Պելառուս հաւատարմօրէն կը հետեւի Ռուսաստանի հրահանգներուն եւ ապահով հողամաս մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ՆԱԹՕի անդամ երկրներու եւ Ռուսաստանի միջեւ: Վրաստան եւ Ղազախստան որոշ չափով քիչ թէ շատ կաշկանդուած են եթէ ոչ զսպուած:

Ուքրանիա կը մնար ամենամեծ վտանգը ռուսական ռազմավարական ծրագրին:

Եւ ահա յանկարծ կը ծագի պատերազմը…

Ռուսաստան` տարիներու ընթացքին տկարացած եւ տեսնելով թէ Արեւմուտքը իրեն այլեւս կարեւորութիւն տուած չունի, յուսահատութենէ մղուած, կը ներխուժէ Ուքրանիա արեւելքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն:

Ռուսաստանի մեկուսացումը աւելի կը խորանայ սակայն եւ այլեւս շատ ուշ է ետ քաշուելու, պէտք է ամէն գնով յառաջ երթալ:

Անշուշտ մեզմէ շատերը հրճուանքով դիմաւորեցին ռուսական ներխուժումին լուրերը, քանի Ուքրանիա երկար տարիներէ ի վեր Ատրպէյճանի թիկունք կը կանգնի Հայաստանի դէմ տարած հայատեաց քաղաքականութեան եւ մինչեւ իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, նոյնինքn Ուքրանիոյ նախագահը անձնապէս շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւին:

Մինչ ուրիշներ մտավախութիւն յայտնեցին թէ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցները, բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ եւ մանաւանդ այն Հայաստանցիներուն համար որոնք Ռուսաստան կամ Ուքրանիա հաստատուած, իրենց եկամուտէն բաժին մը կը ղրկեն հայրենիք:

Երկու կարծիքներուն առաջ տարած գաղափարներուն դրդապատճառները հասկնալի են: Սակայն Հայաստանի պետականութեան համար այս պատերազմը շատ աւելի լուրջ եւ վտանգաւոր արդիւնքներ կրնայ յառաջացնել:

 Շատ դժուար է երեւակայել որ Ռուսաստան ի վերջոյ պիտի յաջողի ամբողջ Ուքրանիան տիրապետելու: Ան կարելիին չափ երկիրը պիտի յօշոտէ, քար ու քանդ ընէ, Սեւ Ծովի ելքը բոլորովին պիտի փակէ եւ գոնէ արեւելեան հողամասը իր հսկողութեան տակ առնէ:

Յետոյ ի՞նչ: Ինչպէս Պելառուսի նախագահը յայտարարեց, Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութեան պիտի միանան Ուքրանիան, Ղազախստանը, Ատրպէյճանը, եւ ինչու չէ նաեւ Հայաստանը եւ ուրիշներ: Ի վերջոյ, «Հայաստանը փախչելու տեղ չունի… ինչ է, կը կարծէք, անոնք ինչ-որ մէկին պէ՞տք են:»

Իսկ եթէ Ռուսաստան իր նպատակներուն չհասնի եւ Արեւմուտքի կողմէ օրէ օր ահռելի պատժամիջոցներուն ազդեցութեան տակ ընկրկի ու հեռանա՞յ հարթակէն: Այն ատեն Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, որոնք արդէն բարեկամական դաշինք կնքած են նոյնինքն Շուշիի մէջ, որուն ամբողջ բովանդակութիւնը ուղղուած է Հայաստանի դէմ, յաջորդ օրն իսկ կ’անցնին գործի ու միանգամ ընդմիշտ կը լուծեն հայկական հարցը: Եւ աշխարհ լռելեայն կը դիտէ ու զանազան կոչերով թիկունք կը կանգնի հայ փախստականներուն…

Այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ կարգ մը երեւոյթներու, ուր թէ» արեւելքը եւ թէ» արեւմուտքը մղուած են լոկ իրենց շահերէն եւ ուրիշ ոչինչ:

Ռուսաստան աշխարհին կը յայտարարէ, թէ Ուքրանիան արուեստական երկիր մըն է որ միայն ծնունդ առաւ Խորհրդային Միութեան օրերուն: Հապա Ատրպէյճա՞նը… անոր հետ բարեկամութեան դաշինք մը կնքէ Ուքրանիա յարձակելէ մէկ օր առաջ, յուսալով որ իրեն հաւատարիմ պիտի մնայ:

Ռուսաստան աշխարհին կը յայտարարէ թէ Խրիմը ապօրինի ձեւով յանձնուեցաւ Ուքրանիոյ եւ ատիկա պէտք էր շտկել: Հապա Արցա՞խը… Նախիջեւա՞նը…

Ռուսաստան ինքզինքին իրաւունք կուտայ որ Ուքրանիա եւ Վրաստան մտնէ, այդ երկիրներուն մէջի ռուս փոքրամասնութիւնները պահպանելու:

Թուրքիա այսօր յիսուն տարի է որ Կիպրոս ներխուժած է, տեղացի թուրք փոքրամասնութիւնը պահպանելու:

Սակայն երբ Հայաստան փորձէ Արցախի հայ ժողովուրդին երաշխիք դառնայ, ան Ատրպէյճանի հողային տարածքներուն ամբողջականութիւնը արհամարհած կ’ըլլայ:

Հետեւաբար, Ատրպէյճան ի տես աշխարհի անխնայ կը ռմբակոծէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը, որ կը փափաքի իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքները պաշտպանել:

Մինչ անդին, երբ Սերպիա նոյնը փորձեց ընել Քոսովոյի բնակչութեան դէմ, ՆԱԹՕ վրայ հասաւ եւ Սերպիոյ դասը տուաւ: Եւ մինչեւ այսօր, Եւրոմիութիւնը պայման դրած է Սերպիոյ առջեւ որ ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը, եթէ իսկապէս կը փափաքի միութեան անդամ ըլլալ:

Իսկ Ատրպէյճան, մինչեւ օրս հայ ռազմագերիներ պատանդ վերցուցած է եւ օրական կը ռմբակոծէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային կէտերու վրայ, եւ ոչ մի խօսք պատժամիջոցներու մասին…

Այս ամէնը կը պատահին, երբ Հայաստանի ներքին քաղաքական ուժերը դեռ չեն համակերպած այն իրողութեան հետ, թէ երկրին մէջ արտահերթ ռամկավարական ընտրութիւններուն շնորհիւ, արդի Հայաստանի հարիւր չորս տարուայ պատմութեան մէջ, Ազգային Ժողովէն ներս առաջին անգամ ըլլալով ունինք իսկական ընդդիմութիւն:

Ընտրութիւններէ ետք ի յայտ կուգան մեծամասնութիւն՝ որ կը դառնայ իշխանութիւն, եւ փոքրամասնութիւն՝ որ կը դառնայ ընդդիմութիւն: Երկուքն ալ ունին իրենց իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները որոնք պէտք է յարգուին: Մէկը միւսին «Դաւաճան» եւ «Թալանճի» գոռալով տեղ մը չենք հասնիր:

Հայաստանի առջեւ կան մեծ մարտահրաւէրներ: Հայաստանի փրկութիւնը կախուած է թէ» իշխանութեան եւ թէ» ընդդիմութեան խոհեմութեան վրայ: Մեծ որոշումներ կան կայանալիք: Արցախ՝ իբրեւ փրկութեան միջոց, ռուսերենը պաշտօնապէս ընդունեց Արցախի երկրորդ պետական լեզուն, այն յոյսով որ Ռուսաստան առ ի երախտագիտութիւն յաւիտեանս հաստատուի Արցախի մէջ: Հայաստանի համար աւելի բարդ են հարցերը:

Ուքրանիայի պատերազմը ծագելէն ի վեր, Հայաստան ըստ երեւոյթին չէզոք դիրք մը կը փորձէ բռնել: Սակայն տեղ մը պիտի գայ, երբ կա’մ արեւելք պէտք է նայի Ռուսաստանի միութենական պետութեան ծրագիրներուն միանալու: Եւ կա’մ արեւմուտք պէտք է նայի, ուր Հայաստանի կը քաջալերեն որ Թուրքիոյ հետ իբր թէ «առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւնները կանոնաւորէ: Ի վերջոյ ասիկա թէ» անկախութիւնը եւ թէ» պետականութիւնը պահելու կամ կորսնցնելու, լինելու կամ չլինելու երկընտրանքի առջեւ է:

Աշխարհի մէջ միջազգային ուժերը կը վերադասաւորեն իրենց օրէնքները: Հայաստանի քաղաքական ուժերուն առջեւ շատ ժամանակ չկայ որ լրջօրէն մօտենան այս մարտահրաւէրներուն եւ որոշեն թէ ո՞ւր է փրկութեան ճանապարհը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ