Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցաւակցագիր

Վշտակիր անդամներ Քիւփէլեան ընտանիքի,

Յարգարժան Ընկ. Կարօ Քիւփէլեան, Փաթիլ, Գրիգոր եւ հարազատներ,

Թանկագին բարեկամներ,

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհատարած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մեծ ընտանիքի անդամներս սրտի խոր կսկիծով իմացանք շիջման գոյժը Ձեր սիրեցեալ կողակցի, մօր՝ ընկերուհի Տիկին Սիլվա Թիւթիւնճեան Քիւփէլեանի, որուն անդարձ կորուստին Ձեր ընտանիքներուն սուգը կը բաժնենք մենք եւս, իբրեւ ժամանակակից վկաները հանգուցեալ ընկերուհիին իր շրջանակէն ներս տարած կուսակցանուէր աշխատանքներուն:

Արդարեւ, ընկերուհի Սիլվա Թիւթիւնճեան Քիւփէլեանի կատարած հայրենանուէր աշխատանքները եղած են միշտ արժանի մեր ամէնուն անվերապահ յարգանքին ու սիրոյն:

Այս տխուր առիթով, հաճեցէք ընդունիլ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները, մաղթելով Ձեզի ուժ եւ կարողութիւն, գտնելու մխիթարութիւն եւ յաղթահարելու կորստեան ծանր վիշտը:

Բիւր յարգանք նորոգ հանգուցեալ Ձեր կողակցին եւ մօր յիշատակին:

Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն իր հոգիին: Թող իր յիշատակը մնայ պայծառ եւ անմոռաց:

Ցաւակցութեան անկեղծ զգացումներով՝

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան / Ատենադպիր

Մայք Խարապեան / Ատենապետ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ