Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Կայացած Երկրի Հիմքը Վստահելի Պետական Համակարգերն Են

« Հանրապետութեան նախագահը իր լիազօրութիւնները իրականացնելիս անաչառ է եւ առաջնորդուում է բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով»

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 123-րդ յօդուած

Մարտ 13-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այլեւս նոր նախագահ ունի։ Երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց, որ նախագահի հաստատութիւնը, ըստ սահմանադրութեան, պետութեան գլուխն է եւ սահմանադրութեան պահպանման կը հետեւի: Նշեց, որ չափազանց կարեւոր է, թէ մենք ինչպիսի՛ պետութիւն պիտի կազմենք։ Պետութիւն, ուր մարդը եւ քաղաքացին անոր կեդրոնը պիտի գտնուին։ Շեշտեց համբերութեան, միասնութեան, յոյսի, հաւատքի, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ, իրարու հանդէպ սիրոյ, իմաստութեան, վստահութեան, կայունութեան եւ միաբանութեան կարեւորութիւնը։

Վերը բոլոր նշուածները մեզի համար որպէս պետութիւն եւ ազգ ամէնէն կարեւոր յատկանիշներն են, որոնք սկզբունքային նշանակութիւն ունին։ Անոնք պետականութեան կերտման , արժեհամակարգի ստեղծման հիմքը կանգնած կարեւորագոյն երեւոյթներ են, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը խախտին մեր ձեռքով, երբեմն չգիտակցուած, բայց եւ շատ յաճախ՝ գիտակցուած։ Կայացած երկրի հիմքը վստահելի պետական համակարգերն են եւ ամուր, անաչառ ու արդար պետութիւնը, որ կը գործէ ի շահ երկրի եւ քաղաքացիներու բարօրութեան։ Յուսանք,

որ այս բոլորի իրագործման համար, որոնց անդրադարձաւ մեր նորընտիր նախագահը, պարարտ եւ բեղուն հող ըլլայ, ի կատար ածելու բոլոր այն տեսլականները, որոնք ուղղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պայծառացման ու զարգացման, քաղաքացիներու կեանքի որակի բարելաւումին, կրթութեան, գիտութեան, բժշկութեան, տնտեսութեան զարգացումին, երկրի հզօրացումին, սահմաններու պաշտպանութեան ու անսասանութեան, բանակի ամրութեան, դատական համակարգի անաչառ գործունէութեան, հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման, ազգի բարգաւաճման, եկեղեցւոյ անսասանութեան, պետութեան միասնականութեան ու ամրութեան։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ